Պահանջատիրական-Զօրակցական Երթ

Աւելի Քան 50 Հազար Լիբանանահայեր Թուրքիոյ Դէմ Բողոքելով Անկէ Պահանջեցին Իրենց Արդար Իրաւունքները

azdak«Ննջեցէ՛ք Հանգիստ, Մեր Հերո՜ս Նահատակներ.
Մենք Կ՛երդնունք Աստուծոյ, Որ Անձնատուր
Պիտի Չըլլանք Եւ Պիտի Չտկարանանք, Մինչեւ
Մեր Բոլոր Իրաւունքներուն
Վերատիրացումը Եւ
Ամբողջական Արդարութեան Հաստատումը»
Շեշտեց Յ. Բագրատունի

24 ապրիլ 2015… 24 ապրիլ 1915¬էն ճիշդ 100 տարի անց: Հարիւր տարի առաջ իրենց հարազատ հողէն արմատախիլ եղած եւ դէպի անորոշը քալած Ս. նահատակներուն թոռներն ու ծոռերը հարիւր տարի ետք եւս քալեցին, սակայն այս անգամ դէպի իրենց արմատներուն վերադառնալու պահանջատիրութեամբ եւ յստակ ուղիով` Անթիլիասի մայրավանքէն, ուր վերաօծումը կատարուեցաւ սուրբ նահատակներուն աճիւնները ամփոփող մատրան, դէպի Պուրճ Համուտ, որ բաբախուն սիրտն ու ապահով ապաստանը եղած է Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն:

«Ծովածաւալ բազմութիւն» եզրը շօշափելի դարձաւ երէկ` 24 ապրիլի կէսօրուան ժամը 11:30-էն սկսեալ, երբ աւելի քան յիսուն հազար լիբանանահայեր եւ անոնց զօրակցող լիբանանցիներ ողողեցին Անթիլիասէն Պուրճ Համուտ տանող մայրուղին` անկարելի դարձնելով պարզ աչքով նայողին տեսնել այդ հպարտութիւն առթող երթին սկիզբն ու աւարտը: Հոն էին բոլոր բոլորը, համայն լիբանանահայերը, որոնք գիտեն ի՛նչ կը նշանակէ կտակ, ի՛նչ կը նշանակէ նահատակութեան սրբութիւն, ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ ժառանգորդը Տէր Զօրի անապատներուն մարտահրաւէր կարդալով կեանքին կառչած հերոսներուն: Հոն էին մանուկ եւ ծերունի, նոյնիսկ անդամալոյծներ, հոն էին մեծաթիւ երիտասարդներ ու միջին տարիքի պատկանողներ, բոլորը համախմբուած էին աշխարհին, յատկապէս թուրքին երեսին գոռալու, որ հայութիւնն է ահա՜, ահաւոր սպանդի մը ենթարկուած ժողովուրդի մը հզօր շառաւիղը, հայութիւնն է ահաւասիկ, որ կը քալէ հաստատ, կը յառաջանայ անվրդով` մնայուն կերպով կառչելով իր ինքնութեան եւ իր արդար դատին: Յանդգնութիւն պէտք էր ոճրագործ թուրքին` նայելու այդ բազմութեան, ընդունելու, թէ իսկապէս ու հաստատ ձախողած է իր պապերուն նպատակը` բնաջնջելու ազգ մը ամբողջ, որովհետեւ ազգ մը ամբողջ լեցուցած էր երկա՜ր մայրուղին, ուրկէ կը բացագանչէր, որ պիտի շարունակէ ըլլալ անլռելի զանգակատունը թուրքին ականջը պայթեցնող, մինչեւ որ ան ընդունի իր ոճիրը եւ հատուցում կատարէ հայութեան:

24 ապրիլ 1915-ի սպանդէն ճողոպրածներուն ապաստան տուած լիբանանցիները եւս 24 ապրիլ 2015-ին եկան կրկին հաստատելու, որ իրենք նեցուկ ու զօրավիգ են իր հաւաքական յիշողութիւնը 100 տարի անց եւս թարմ պահող հայութեան, որուն երանի տալով անոնցմէ ոմանք եւս մասնակից դարձան քայլարշաւին, ուրիշներ իրենց վաճառատուներուն վրայ բարձրացուած պաստառներով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին, անցորդներ խոնարհեցան հայութեան վճռականութեան ու իրենց պապերուն կտակին հաւատարիմ մնալու վեհութեան դիմաց: Այսպիսով, պահանջատիրական քայլարշաւը վերածուեցաւ նաեւ զօրակցական երթի:

Ու քալեց լիբանանահայութիւնը` հպարտութիւն պատճառելով օր մը առաջ սրբադասուած մէկուկէս միլիոն անմեռ նահատակներուն, քալեց լիբանանահայութիւնը իբրեւ խարան թուրքին սրտին, քալեց լիբանանահայութիւնը յոյս ու լոյս ներշնչելով Հայաստանին, Արցախին եւ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն:

Ինքզինք իբրեւ լիիրաւ քաղաքացի եւ լիբանանեան իրականութեան մէջ ազդու ու օգտաշատ դերակատարութիւն ունեցող տարր փաստած լիբանանահայուն կողքին ըլլալու համար եկած էին նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ:

Քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմինի ատենապետ Ալեքսան Քէօշկերեան եւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Միքայէլ Վայէճեան, նախարար Ժան Օղասապեան, երեսփոխան Շանթ Չինչինեան, նախկին նախարարներ Վրէժ Սապունճեան, Ժաք Չուխատարեան, Սեպուհ Յովնանեան, Փանոս Մանճեան եւ Ալեն Թապուրեան, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էտկար Մաալուֆ, համախմբումի անդամ երեսփոխաններ Նեպիլ Նիքոլա, Ֆատի Աուար, Ապպաս Հաշեմ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ եւ Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ աւագ ժողովրդապետ հայր Գէորգ Թ. Ծ. վրդ. Եղիայեան, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, մեծ թիւով հոգեւորականներ, լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ սկաուտական միաւորներու ներկայացուցիչներ, լիբանանցի քաղաքացիներ եւ հայորդիներու ծովածաւալ բազմութիւն մը` առանց տարիքի խտրականութեան:

Միւս կողմէ, մայրուղիին զուգահեռ ծովուն բացերուն եւս լիբանանահայ եւ լիբանանցի ձկնորսներ իրենց նաւերով` Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշակները պարզած նաւարկելով իրենց մասնակցութիւնը բերին 100-ամեակի պահանջատիրական երթին:

Աւելի քան երկու ժամ քալելէ, Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը դատապարտող պաստառներ բարձրացնելէ, Եռագոյնն ու Լիբանանի դրօշները ծածանելէ ետք տասնեակ հազարաւոր ժողովուրդը հասաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ, ուր տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկին ներկայ էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Պեզզի, վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ, նախարար Միշել Ֆարաոն, քայլարշաւին մասնակից պաշտօնական անձնաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Մոնա Օֆէյշ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էլի Մարունի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի ներկայացուցիչ Էտի Ապի Լամահ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ներկայացուցիչ Ռիշար Գույումճեան, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, համախմբումի անդամ երեսփոխաններ Նաամթալլա Ապի Նասըր եւ Էմիլ Ռահմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ, երեսփոխաններ Մարուան Ֆարես, Հըզպալլայի երեսփոխան Նաուար Սահիլի, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններ Աթեֆ Մաժտալանի, Պասեմ Շապ, Ամմար Հուրի եւ Ամին Ուեհպէ, նախկին նախարար Կապի Լայեուն, նախկին երեսփոխան Սելիմ Աուն, Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի, Ամալ շարժումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը ներկայացնող պատուիրակութիւններ, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասփիքին, Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Քրիսթիան Քլակ, Ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոս, Արաբական կուսակցութիւններու համախմբումի գործադիր խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Քասեմ Սալեհ, քաղաքական գործիչ Մեսուտ Աշքար, բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Անթուան Պուսթանի եւ ոչ հայկական միութիւններու, կազմակերպութիւններու, սենտիքաներու, քաղաքապետարաններու, քաղաքապետական եւ թաղապետական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ:

Հայաստանի եւ Լիբանանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակը: Ապա ՀՄԸՄ-ականներ ծաղիկներ յանձնեցին ՔԱՀԼ-ի ծերանոցէն ձեռնարկին մասնակից ծերունիներուն:

Բացման խօսքը արտասանեց Վիգէն Չերչեան, որ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարեց օսմանցիներուն գործադրած սպանդներուն` շեշտելով, որ այդ ջարդերը կանխամտածուած էին:

«Օսմանեան կայսրութիւնը մտածեց, որ իր գործադրած Մեծ եղեռնը պիտի մոռցուի, սակայն 100 տարի ետք, ահա մենք կը յիշենք մեր ժողովուրդին արհաւիրքները եւ կը սպասենք ցեղասպան թուրքին պատիժին», ըսաւ ան:

Վ. Չերչեան ակնարկեց նաեւ Լիբանանին եւ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը գրկաբաց ընդունելու անոր կեցուածքին: «Լիբանանը մեզի ընդունեց եւ պահեց, մեր դատը սեպեց իր արդար դատը, այն աստիճան, որ այսօր Լիբանանի մէջ հայ եւ արաբ երկու ինքնութիւնները միաձուլուած են», ըսաւ ան:

Ան ընդգծեց, որ մեծ սխալ է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները վերագրել կրօնին` աւելցնելով, որ Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հոգեւոր պատասխանատուները արձակեցին կրօնական հրամաններ, որոնց հիման վրայ անոնք արգիլեցին հայոց սպանութիւնը:

Բացման խօսքին մէջ կոչ ուղղուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան` բանալու իր դատական արխիւները եւ լուսաբանուելու, թէ ի՛նչ վճիռներ արձակուած են երիտթուրքերուն դէմ` ցեղասպանութիւնը կազմակերպելու ամբաստանութեամբ:

«Իսկ ամբողջ աշխարհին պարագային, արդէն իսկ փաստ չի պակսիր, որովհետեւ նկարներն ու փաստաթուղթերը բաւարար են` փաստելու ցեղասպանութեան գործադրութեան իրականութիւնը», ըսաւ ան:

Վ. Չերչեան կոչ ուղղեց պատժելու ցեղասպան Թուրքիան` իր գործած անմարդկային այդ արարքին համար, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխարհի մէջ այլ ցեղասպանութիւններ կանխել:

Ան իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ իւրաքանչիւր հայ սփիւռքի մէջ փաստ է իր նախահայրերուն տանջանքին ու տառապանքին եւ պէտք չէ մտածել, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը հանգրուանի մը աւարտն է, այլ` պայքարը կը շարունակուի:

ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմինի ատենապետ Ալեքսան Քէօշկերեան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ 100 տարիէ ի վեր ամօթալի արատը կը շարունակէ մնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն ճակատին վրայ: Ազգայնամոլ Թուրքիոյ պատճառած վէրքը մարդկութեան սրտին մէջ կը շարունակէ ծորիլ` բացագանչելով, որ մինչեւ ե՛րբ կարելի պիտի ըլլայ փախուստ տալ արդարութենէն: Ապա ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, որուն ենթարկուեցան հայ, ասորի, քաղդէացի, եւ այլ ազգեր, որոնք կ՛ապրէին Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ Համաշխարհային Ա. պատերազմին: Հաւաքուած ենք նաեւ նշելու յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ սուրբ նահատակներուն, որոնք ենթարկուեցան տարագրութեան ու ցեղասպանութեան, պարզապէս որովհետեւ ապստամբեցան անարդարութեան դէմ` իրենց բնօրրանին մէջ ազատ ու արժանավայել ապրելու նպատակով:

Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիան հանրապետութիւն հռչակուելէն ետք դարձաւ օրինական ժառանգորդը երիտթուրքերու ծրագիրներու գործադրութեան, եւ թէ Թուրքիոյ պատմութիւնը, սկսած Օսմանեան կայսրութեան օրերէն մինչեւ այսօր, լեցուն է ցեղասպանութիւններով եւ փոքրամասնութիւններու հանդէպ բարբարոսութիւններով:

Ալեքսան Քէօշկերեան նկատել տուաւ, որ 92 տարիէ ի վեր Թուրքիոյ յաջորդական կառավարութիւնները կ՛աշխատին խեղաթիւրել պատմութիւնը եւ հայութեան հետքերը ջնջել Արեւմտեան Հայաստանէն` գիւղերուն ու քաղաքներուն անունները փոխելով, եկեղեցիներն ու վանքերը ախոռներու վերածելով, դպրոցներ ու հազարաւոր տուներ քիւրտ ցեղապետերուն եւ սպաներուն բաժնելով, իսկ պալատները խորհրդարաններու ու կառավարական տուներու վերածելով:

Ան հաստատեց, որ թուրք պետութիւնը ներքին ճակատի վրայ եւս հարցեր ունենալով հանդերձ, տարբեր միջոցներով կը փորձէ այլ կերպ ներկայացնել իրականութիւնը: Ալեքսան Քէօշկերեան նշեց, որ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը ալ աւելի պիտի ընկղմեցնէ զինք մեղքի ծովուն մէջ եւ պատճառ պիտի դառնայ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած բազմաթիւ երկիրներու եւ իր միջեւ բացութեան ստեղծման ու խորացման: Ան իր խօսքի աւարտին խօսքը ուղղեց թուրք ժողովուրդին` ըսելով. «Մենք խաղաղասէր ազգ ենք, ոխ ու քէն չենք պահեր, կը մերժենք բոլոր պատերազմները եւ ցեղասպանութիւնները աշխարհի բոլոր անկիւնները` զօրակցելով բոլոր ճնշուածներուն: Մենք իրաւունքի յեղափոխականներ ենք` ընդդէմ անարդարութեան ու ստրկացման: Մեր յեղափոխութիւնը ձեզի դէմ կամ իսլամական կրօնին դէմ չէ, մեր յեղափոխութիւնը ուղղուած է անոնց դէմ, որոնք կը շահագործեն ձեզի եւ վաճառականութեան կը հանեն ձեր ազգային պատկանելիութիւնն ու կրօնը, որ մնան իրենց գահին վրայ ու երազեն կայսրութեան օրերու վերականգնումը, որմէ արդէն անցեր են տարիներ եւ որ արդէն ժամանակավրէպ է»:

ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Միքայէլ Վայէճեան իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, որ այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մէջ կը կրէ իր նախնիներուն բոյրը, կը կրէ Ցեղասպանութեան յիշատակը, մենք զաւակներն ենք այն սերունդներուն, որոնք երդուեցին պատմութիւնը անաւարտ պահել, եւ սերունդէ-սերունդ պատմելով մինչեւ մեր օրերը հասցնել:

Ան ըսաւ, որ մեր քաղաքակրթութիւնը մեզի միայն խաղաղութիւն սորվեցուցած է, մեր մայր հողը մեզի պատուիրած է ըլլալ նռան հատիկներու պէս մէկտեղուած:

Մենք կ՛ոգեկոչենք ցեղասպանութեան յիշատակը, որովհետեւ անիկա մեր պապերէն մեզի փոխանցուած յիշողութիւն մըն է, որուն չենք դաւաճաներ: Մենք կ՛ոգեկոչենք մեր ցեղասպանութեան յիշատակը արդարութեան տնօրինման ի խնդիր` հաստատելով, որ մեղքը մոռնալը ինքնին ոճիր է, նաեւ մեր պարտականութիւնն է աշխարհի երեսին բարձրաձայնել կատարուած ահաւոր ոճիրին մասին:

Միքայէլ Վայէճեան նկատել տուաւ, թէ ոչ ոք իրաւունք ունի ընդունելու կամ ժխտելու ցեղասպանութիւնը` հաստատելով, որ մենք կը հաւատանք մարդու իրաւունքներուն, եւ կ՛որդեգրենք մարդկային իրաւունքներուն միջազգային յայտարարութիւնը` զայն նկատելով մեր դատի արդար հետապնդման սկզբնաղբիւրը: Ան ըսաւ, որ բոլոր ազգերը պարտաւոր են ճանչնալ օսմանեան կառավարութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Թուրքիոյ պետութիւնը պարտաւոր է հատուցում կատարել մեր բոլոր տարածքներուն, կալուածներուն եւ մեր յիշողութեան:

Ան շեշտեց ըսելով, որ մենք մեր յիշողութեան գերին չենք, այլ մեր յիշողութիւնը կ՛ընտրենք ազատօրէն եւ զայն կը պահենք առանց բռնութեան, իսկ գերութենէն կը վախնան միայն անոնք, որոնք կը վախնան իրենց յիշողութենէն:

Ապա դաշտը ողողած հոծ բազմութեան ուղղելով իր խօսքը Միքայէլ Վայէճեան ըսաւ. «Բայց ահա տեսէ՛ք այս արեւուն տակ համախմբուած բազմահազար հայորդիները, որոնք կեանք կու տան ազգին: Մենք չմտանք թանգարան, ինչպէս թուրքը կը ծրագրէր, այլ յամառօրէն կառչած մնացինք մեր ազգին ու պատկանելիութեան: Մեր երակներուն մէջ կը հոսի Եփրատի եւ Տիգրիսի ջուրերէն խմած մեր նահատակներուն արիւնը»:

Ապա խօսքը ուղղելով Թուրքիոյ` Վայէճեան ըսաւ. «Դուն մեզ չկրցար լռեցնել, մեր գոյութեան վկան են մեր նահատակներն ու պայքարը շարունակողները, որոնք իրենց կուսակցութիւններուն գիրկը ծնան, ապա սեփականութիւնը դարձան մայր հայրենիքին»:

Ան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կը խոստանանք հաստատ մնալ մեր դատին եւ անոր ձայնը լսելի դարձնել, որովհետեւ իրաւունքը չի մեռնիր: Մեր դատը մարդկութեան խղճի դատն է ու բարոյական պարտաւորութիւնը, ապա աւելցուց ըսելով, որ հակառակ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական տարբեր ուղղութիւններու եւ հակադիր գաղափարներու, բոլորս համաձայն ենք Հայոց ցեղասպանութեան փաստին շուրջ:

Միքայէլ Վայէճեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կը յայտարարենք, որ հայ ժողովուրդի դատը չի մեռնիր եւ առաջնահերթութիւնները չեն փոխուիր: Անմեղ նահատակներուն թափած արիւնը պիտի մնայ ազատ մեր խղճին վրայ: 100 կամ 200 տարի ալ անցնի, մենք պիտի չմոռնանք, պիտի չներենք, պիտի չլռենք, մեր կարկաչ ձայնը պիտի շարունակէ զնգալ… Ապրի՛ Լիբանանը եւ ապրի հայկական հարցը»:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իրեն պարտականութիւն տուած է իր անունով եւ խորհրդարանի նախագահութեան անունով հաստատել, որ Լիբանանի խորհրդարանը կառչած կը մնայ իր որդեգրած կեցուածքին, որ հրապարակուած է 17 մայիս 2000-ին եւ որուն մասին տեղեակ պահուած է Հայաստանի հանրապետութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդը:

«Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք խորհրդարանի նախագահին` անոր պատուաբեր կեցուածքին առիթով, բարձր կը գնահատենք վարչապետ Թամմամ Սալամի արտայայտած զօրակցական կեցուածքը` հայ ժողովուրդին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունենք կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի տուած որոշումը, որուն համաձայն, Լիբանանի բոլոր վարժարանները փակեցին իրենց դռները:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ բոլոր կուսակցութիւններուն, միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, հաստատութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք դատապարտեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին լիբանանահայութեան», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այս կեցուածքները փաստեր են` հաւաքական յիշողութիւնը զարթնեցնելու եւ յատկապէս արաբական ժողովուրդներուն այս զգայուն հանգրուանին զօրակցութիւն յայտնելու եւ օժանդակելու` սերտելու համար պատմութիւնը եւ դիմադրելու շրջանը բաժնելու եւ անոր ժողովուրդները մասնատելու ամէն տեսակի դաւադրութեան դէմ: «Անհրաժեշտ է պայքարիլ նաեւ կանխամտածուած այն ծրագիրներուն դէմ, որոնք գործադրուած են ժամանակի ընթացքին եւ որոնց ձախողութեան համար նահատակուած են հարիւր հազարաւորներ», շեշտեց ան:

«Զարհուրելի լռութեան, առատաւոր արդարութեան, զնգացող կարգախօսներու, ճշմարտութեան ուրացման, հաւաքական յիշողութեան բացակայութեան, կրօնի անունով գործուած ոճիրներուն, կրօնը քաղաքական եւ տնտեսական շահերու, ինչպէս նաեւ վայրագութեան եւ ընդարձակումի նպատակներու համար օգտագործելու, պատասխանատուութիւններէն փախուստ տալու եւ ոճրագործները չպատժելու այս դարուն, մենք այսօր հաւաքուած ենք հոս` յիշելու, որպէսզի դարձեալ չկրկնուի: Հաւաքուած ենք յիշելու եւ յիշեցնելու: Հաւաքուած ենք յիշելու եւ պահանջելու:

«Մենք ցեղասպանութեան նահատակները, միջազգային լռութեան զոհերը, ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան մասին խօսող, իսկ միւս կողմէ մարդկային իրաւունքներու անունով պատերազմներ բռնկեցնող երկիրներուն զոհերն ենք», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի` աւելցնելով, որ այդ ժողովրդավարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ յորջորջող բոլոր պետութիւնները կը շարունակեն սպաննել, տիրել եւ ժողովուրդներուն դէմ ամէնէն քստմնելի ոճիրները գործադրել, պարզապէս որովհետեւ այդ ժողովուրդները կը մերժեն ինքնուրաց դառնալ, կը յարգեն ուրիշը, կը մերժեն ճնշումները, ինչպէս նաեւ կը հաւատան մարդ արարածին մարդկութեան եւ իրաւունքի ու արդարութեան յաղթանակին»:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այսօրուան հաւաքին նպատակն է յիշել ցեղասպանութեան նահատակները, մեր հայրերն ու նախահայրերը, որոնք իրենց հայրենիքին մէջ, իրենց բնակարաններուն առջեւ ինկան, սպանդի եւ բռնագաղթի ենթարկուեցան ժողովրդավարութեան աչքերուն դիմաց եւ որոնք թաղուեցան առանց դամբարաններու` քարայրներու մէջ եւ Տէր Զօրի, Մարկատէի, Ռաս Իւլ Այնի եւ սուրիական անապատներուն հաւաքական գերեզմաններուն մէջ:

«Այսօր հաւաքուած են յիշելու եւ յիշեցնելու անոնց, որոնք ուզեցին ցեղասպանութիւնը իբրեւ արմատական լուծում տրամադրել թրքական-թուրանական երազները յաջողցնելու համար. անոնք ձախողած են իրենց երազները իրականացնելու առումով, որովհետեւ այդ ժողովուրդները եւ անոնց թոռները տակաւին կը գոռան հետեւեալը: Մենք հոս ենք եւ հոս ալ կը մնանք:

«Հաւաքուած ենք յիշելու եւ յիշեցնելու, եւ որպէսզի ցեղասպանութիւնը չկրկնուի, կայ միջազգային պատասխանատուութիւն, որ պէտք է ստանձնուի բոլորին կողմէ, որովհետեւ անպատիժ մնացած մէկ ոճիրն իսկ կրնայ նախընթաց ստեղծել այլ ոճիրներու, իսկ ոճիրին մասին լռութիւն պահողը այդ ոճիրին մեղսակից կը նկատուի», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ տարբեր համայնքներու, յարանուանութիւններու եւ շրջաններու պատկանող լիբանանցիներու այս հոծ բազմութիւնը կը վկայէ, թէ ժողովուրդները կ՛ապրին եւ կը գոյատեւեն իրենց նահատակներով, որովհետեւ անոնք հայրենիքի նահատակներն են` ի՛նչ կողմի ալ պատկանին անոնք եւ ի՛նչ խրամատի մէջ ալ ինկած ըլլան:

«Իսկ այդ նահատակներու յիշատակի ոգեկոչումէն շատ աւելի կարեւոր է անոնց սուրբ կտակին եւ արդար դատին նկատմամբ հաւաքական հաւատարմութիւնը: Մեր ժողովուրդին իրաւունքներուն նկատմամբ ցուցաբերուած լռութիւնը ինքնին անձնատուր ըլլալու համազօր է: Այս պարագային լուռ մնալը նահատակներուն եւ անոնց կտակին դաւաճանութիւն է», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:

Ան ընդգծեց, որ այսօր հոս հաւաքուած են յիշելու եւ պահանջելու: «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Թուրքիայէն կը պահանջենք ճանչնալ հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը, կը պահանջենք իրականացնել արդարութիւնը եւ մարդկային, նիւթական, քաղաքական, բարոյական եւ աշխարհագրական հատուցում կատարել: Աշխարհի բոլոր երկիրները, որոնցմէ գլխաւորը` Միացեալ Նահանգները եւ Թուրքիան, որ Օսմանեան կայսրութեան եւ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ժառանգորդն է, մեծ պատասխանատուութիւն ունին հաւաքական յիշողութիւնը վառ պահելու եւ պատմութեան եւ անցեալին հետ հաշտութիւն գոյացնելու առումով», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հայոց, ասորիներուն, քաղդէացիներուն, էսթոնացիներուն, լիբանանցիներուն, արաբներուն եւ քիւրտերուն վկայած ջարդերն ու սպանդները չեն կրկնուիր այն ժամանակ միայն, երբ ոճրագործն ու դահիճը կը պատժուին եւ հատուցումներ կը կատարեն: «Հետեւաբար ոճիրին նկատմամբ ցուցաբերուած լռութիւնը, ինքնին ոճրագործութիւն է», աւելցուց ան:

Ան շեշտեց, որ այսօրուան հաւաքը յիշելու եւ պահանջելու հաւաք է` նշելով, որ արաբական երկիրներէն կը պահանջենք ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այդ իմաստով Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը: Արաբ ժողովուրդները ապրած են բռնարարքներ ու չարիքներ` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած, եւ սուղ վճարած են այդ բռնարարքներուն գինը:

«Օսմանեան կայսրութիւնը չորս դար շարունակ տիրած է արաբական երկիրներուն, սպաննած է իսլամներն ու քրիստոնեաները Սուրիոյ, Պաղեստինի, Իրաքի, Լիբանանի եւ արաբական տարբեր շրջաններու մէջ, Լեռնալիբանանը սովի ենթարկած է, Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ 6 մայիսին կախաղաններ բարձրացուցած է, մեր ճակատագրակից ժողովուրդներուն` ասորիներուն եւ քաղդէացիներուն դէմ ՍԷՅՖՕ-ի ջարդերը կատարած է, արաբական երկիրներու Սեֆերպերլիքը կազմակերպած է եւ արաբները սպաննած Ալեքսանտրէթի մէջ ու տիրած անոնց կալուածներուն, սպանդի ենթարկած է նաեւ քիւրտերը եւ տեղահան ըրած զանոնք: Այս բոլորը Հայոց ցեղասպանութեան հարցը կը վերածեն արաբական-հայկական միացեալ հարցի մը, որ աւելի մեծ է եւ հզօր, քան որեւէ այլ տնտեսական շահ, քաղաքական համաձայնութիւն, հանգրուանային դաշինք` այնպիսի պետութեան մը հետ, որ հիմնուած է քաջերու եւ նահատակներու աճիւններուն վրայ եւ թշնամի Իսրայէլի հետ իր դաշինքը պահպանած, հակառակ անոր կարգ մը բեմականացուած եւ ցուցադրական կեցուածքներուն», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Ան ըսաւ, որ արաբ ժողովուրդին դէմ այսօր ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, իսկ Թուրքիոյ օսմանեան դիմակը արդէն իսկ ինկած է եւ Թուրքիան վերածուած է արաբներուն շրջանի ժողովուրդներուն դէմ բռնկած հաւատադրժողական պատերազմներուն յառաջատար մարտկոցը:

«Լիբանանեան առումով եւ հակառակ անոր որ մենք շնորհակալ ենք մեր նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցական կեցուածքներուն, կը հաստատենք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կատարուեցաւ այն շրջաններուն մէջ, որոնք քաղաքական ծաւալապաշտութեան ատակ կը նկատուէին` փանթուրանական երազին եւ ժողովուրդները թրքացնելու առումով: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` կտրականապէս կը մերժենք այս հարցին կրօնական գունաւորում տալ եւ զայն օգտագործել կասկածելի նպատակներու համար, որոնք բնաւ չեն օժանդակեր արդարութեան իրականացման եւ իրաւունքի տիրացման: Կրօնը Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապ չունի: Յիշեցման կարգով կ՛անդրադառնանք Մեքքայի Շերիֆի կրօնական հրամանին, որ կ՛ընդգծէր սպանութեան եւ ջարդի ենթարկուող հայերուն պաշտպանութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի զզուանք յայտնեց պատահական զօրակցական կեցուածքներէն եւ բարի խօսքերէն, որոնք կը գգուեն հայութեան զգացումները: «Պահանջուածը քաղաքական յստակ կեցուածք է. մենք այս երկրին քաղաքացիներն ենք, եւ մեր իրաւունքն է պահանջել մեր նահատակներուն եւ դատին հանդէպ յարգանքը, ինչպէս որ մենք կը յարգենք բոլոր համայնքներուն բոլոր նահատակները, որոնք զոհուած են հայրենիքին համար», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Իր խօսքը շարունակելով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումին կողքին, այսօրուան այս հաւաքը առիթ է նաեւ տօնելու հայ ժողովուրդին գոյատեւումը եւ Թուրքիոյ դաւադրութեան ձախողութիւնը:

«Տիգրանակերտի նահանգապետ բժիշկ Մոհամետ Ռաշիտ հայերը կոչեց միջատներ եւ իբրեւ բժիշկ իր պարտականութիւնը նկատեց բնաջնջել զանոնք: Այսօր մենք` այդ միջատներուն թոռները որոշած ենք ապրիլ: Ապրիլ ազատ, արժանապատուութեամբ եւ հպարտութեամբ: Որոշած ենք ապրիլ եւ շարունակել պայքարը` այնքան ատեն որ ոճիրները կը շարունակուին եւ դահիճը կը մնայ լուռ, առանց ճանչնալու իր յանցանքը: Մեր նահատակներուն յիշատակին, իրաւունքի եւ արդարութեան մեր նահատակներուն անունով մենք կը պահանջենք իրաւունքն ու արդարութիւնը: Կը պահանջենք, որ Թուրքիա ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, հատուցումներ կատարէ եւ հողերը վերադարձնէ իր իրաւատէրերուն: Կը պահանջենք Թուրքիայէն` հաշտուիլ ինքնիրեն հետ եւ վերջ տալ ուրացումի քաղաքականութեան: Պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ ցեղասպանին պատիժի ենթարկումը` արգիլելու համար նոր ցեղասպանութիւններու գործադրութիւնը եւ վերադարձը` նոր Հիթլերի մը, նկատի ունենալով անոր մէկ արտայայտութիւնը, թէ` այսօր ո՞վ կը յիշէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Պայքարը պիտի շարունակուի արգիլելու համար նոր Շարոնի մը կողմէ Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործելը, ինչպէս նաեւ աշխարհի ղեկավարութիւններուն արգիլելու արաբական շրջաններուն մէջ ցեղասպանութիւններու գործադրութիւնը:

«Մենք պայքարեցանք ազատութեան եւ արժանապատուութեան համար, մարդ արարածին մարդկութեան համար եւ կը շարունակենք պայքարիլ: Կը նահատակուինք` միասին ապրելու, միակամ գոյատեւելու:

«Ննջեցէ՛ք հանգիստ մեր հերոս նահատակներ, ննջեցէ՛ք հանգիստ Տէր Զօրի, Մարկատէի, Տիգրանակերտի, Ատանայի, Կիլիկիոյ, բռնագրաւուած հայկական հողերուն վրայ հաւաքական գերեզմաններուն մէջ եւ Եփրատի ու Տիգրիսի ջուրերուն տակ: Ննջեցէ՛ք հանգիստ:

«Մենք կ՛երդնունք Աստուծոյ, որ անձնատուր պիտի չըլլանք եւ պիտի չտկարանանք, մինչեւ մեր բոլոր իրաւունքներուն վերատիրացումը եւ ամբողջական արդարութեան հաստատումը:

«Վաղը` 25 ապրիլ 2015 է. անիկա նոր հանգրուանն է: Գոյատեւման նոր հանգրուանին սկիզբն է: Պայքարի նոր հանգրուանն է», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Ոգեկոչումը աւարտեցաւ շեփորախումբին կողմէ հնչած «Կիլիկիա»-ով։

aztagdaily.com

25/04/2015

Տպել Տպել