«Ազդակ»ի Խմբագրական. Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Խորհրդարանական Համակարգի Անցումի Նախադրեալներ

FotorCreatedԱրցախի խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտեցան. շուտով կը հրապարակուին պաշտօնական արդիւնքները: Փաստացի է այն, որ ընտրութիւնները կայացան արդար, թափանցիկ, ժողովրդավար. աննշան խախտումներու մասին որոշ լրատուութիւններ որեւէ ձեւով չեն վիճարկեր ընտրութիւններուն նման բնորոշումներով կայանալը եւ չեն փոխեր ամբողջ տարածաշրջանին համար իբրեւ օրինակ ծառայելու համակողմանի համոզումները: Այս հանգրուանին քանի մը դիտարկում կարելի է ամփոփել Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ուղղութեամբ: Մինչ այդ, սակայն, պէտք է նշել միջազգային արձագանգներու կարեւորագոյնները` փորձել հասկնալու համար միջազգային հանրութեան մօտեցումը թէ՛ ընտրակարգի եւ թէ՛ ընտրաեղանակի առումներով դրսեւորուած օրինակելիութեան նկատմամբ:

Ընտրութիւններու նախօրեակին հանդէս եկած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը: Ճեֆ Ռաթքէ մասնաւորապէս ասուած է, որ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցուած չէ իբրեւ անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն:

«Ասով պայմանաւորուած` մենք պիտի չընդունինք 3 մայիսի ընտրութիւններուն արդիւնքները», ըսած է ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը առանձնակի ընդգծած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ չեն ցանկար Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ հապճեպ դատողութիւններ կատարել, մինչեւ որ միջազգային բանակցութիւնները աւարտին: Ռաթքէ շեշտած է նաեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ինք պէտք է դեր խաղայ իր ապագան յստակացնելու հարցին մէջ»:

Ուաշինկթընի ներկայացուցիչին կատարած այս յայտարարութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ համահունչ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ Եւրոպական Միութեան կատարած յայտարարութիւններուն, որոնց համաձայն, անոնք պիտի չճանչնան այս ընտրութիւնները:

Միացեալ Նահանգներ ներկայացուած են արդէն Մինսքի խմբակի համանախագահներու շարքին: Մինսքի խմբակը կ՛արտայայտէ ընդհանուր դիրքորոշումը երեք երկիրներուն, որոնք ստանձնած են միջնորդական առաքելութիւնը արցախեան հակամարտութեան լուծման բանակցութիւններուն: Առանձին յայտարարութեամբ հանդէս գալը Ուաշինկթընին, որոշ իմաստ ունի անշուշտ: Բայց պէտք է տեսնել այդ յայտարարութեան մէջ ծուարած այն բաժինը, ըստ որուն, «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ինք պէտք է դեր խաղայ իր ապագան յստակացնելու հարցին մէջ»:

Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը այս ձեւով իր դերը կը շարունակէ ունենալ իր ապագան յստակացնելու գործին մէջ: Այդ դերը կը կատարէ միջազգային օրէնքի ինքնորոշման իրաւունքի յարգումով, ժողովրդավար ընտրակարգով իր Ազգային ժողովը ընտրելով, բազմակուսակցական խորհրդարան յառաջացնելով, բազմազգեան դէտեր հրաւիրելով եւ տարածաշրջանին մէջ օրինակելի ընտրութիւն կայացնելով:

Ռաթքէն հետեւողականութիւն պահելու համար պարտաւոր է տեսնել եւ ճանչնալ նաեւ ապագան յստակացնող Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման այս ուղին:

Արագ դիտարկումի այս փորձը ներազգային-միջազգային փոխկապակցուած հարթութեան վրայ եւս մտածելու տեղի կու տայ: Պարզ է, որ Արցախի մէջ ճակատագրորոշ հանգրուանները կը համաձայնեցուին եւ կը համակարգաւորուին Երեւանի հետ: Նման բարձրորակ քաղաքական մշակոյթով խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելն ու կայացնելը ուրեմն, Ստեփանակերտին առընթեր նաեւ Երեւանի քաղաքական կամքն է: Եւ այստեղ պարզ է, որ առաջադրուածը նաեւ միջազգային ընտանիքին, կառոյցներուն եւ ընդհանրապէս հանրային կարծիքին ժողովրդավարութեան բարձրաձող նմուշի տրամադրումն էր, որ իր կարգին լիարժէք կը ծառայէ Արցախի ինքնորոշման կամ անկախութեան միջազգայնացման աշխատանքներուն: Արցախի ընտրութիւնները հերթական անգամ կը փաստեն, որ եթէ կամքը կայ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ, ընտրակեղծիքներէ հեռու մնալու, վարչական լծակները շահագործման չդնելու, փողի ազդեցութիւնը կեանքի չկոչելու, այլ ժողովուրդին կամքը, ըստ էութեան եւ հարազատագոյն ձեւով արտացոլելու, ազգովին կը յանգինք այս արդիւնքին: Եւ այս փաստին հետ հաշուի կը նստին անպայման բոլոր Ռաթքէները, երբ իրենց վերադարձուի իրենց իսկ կատարած հաստատումը, որ Արցախի ժողովուրդը ինքը դեր պէտք է ունենայ իր ապագայի յստակացման մէջ:

Եզրակացնելով. Հայաստանի Հանրապետութիւնը լուրջ նախապատրաստութիւններու մէջ է սահմանադրական բարեփոխումներով նախագահական համակարգէն անցնելու խորհրդարանականին:

Այս առումով ալ յատուկ իմաստ եւ նշանակութիւն պիտի ունենան Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւնները: Չի բացառուիր, որ Ստեփանակերտը հետեւի Երեւանի նախաձեռնողականութեան: Եւ եթէ Ստեփանակերտը համակարգի անցումին մէջ պիտի հետեւի Երեւանի օրինակին, Երեւանը իր հերթին պէտք է հետեւի ընտրութիւններ կայացնելու Ստեփանակերտի օրինակին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել