Հալէպի Կացութեան Շուրջ

Հարցազրոյց` ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեանի Հետ

FotorCreatedԵրէկ` երեքշաբթի, 12 մայիս 2015-ին, «Ազդակ» օրաթերթն ու «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը ունեցան միացեալ հարցազրոյց մը` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Պչաքճեան նոր վերադարձած է Հալէպ կատարած իր այցելութենէն, հարցազրոյցը առիթ մը եղաւ արծարծելու Հալէպի եւ հալէպահայութեան վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւններն ու հարցականները:

Անդրադառնալով Հալէպի ընդհանուր կացութեան` Պչաքճեան յայտնեց, թէ ճիշդ է, որ Հալէպի մէջ պատերազմական վիճակը կը գոյատեւէ 3 տարիէ ի վեր, սակայն հակամարտող կողմերու դիրքերուն մէջ մեծ փոփոխութիւն չկայ: Ան հաղորդեց, որ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը, որ վերջերս վնասներ կրած էր, վերանորոգման ընթացքի մէջ է եւ վնասուելուն 2-րդ օրն իսկ արդէն վերսկսած է գործել:

Պչաքճեան ըսաւ, որ Հալէպի մէջ միասնականութիւնը կարելի է տեսնել բոլոր մակարդակներուն վրայ: Գաղութը կազմակերպ է, եւ այդտեղ կազմակերպուող ձեռնարկները ցոյց կու տան, որ գաղութը կենսունակ է: Իբրեւ գաղութի կազմակերպուածութեան օրինակ ան նշեց, որ ամսական դրութեամբ Հալէպի բնակչութեան կը բաժնուի 8000 նպաստ, որոնցմէ մօտ 1000-ը` ոչ հայերու:

Պատասխանելով մամուլի ու համացանցի մէջ դրսեւորուած կարծիքներուն` ըստ որոնց, պէտք է գաղութի հրատապ ձեւով պարպումը կազմակերպել, Պչաքճեան ըսաւ, որ այսօր Հալէպի կացութիւնը այն չէ, որ կը պատկերացուի եւ այդտեղ խուճապային մթնոլորտ չկայ` աւելցնելով, որ կացութեան վատթարացման պարագային կը ծրագրուին եւ կը նախապատրաստուին միջոցառումներ, որոնց կարիքը այսօր չի զգացուիր:

Այսօրուան դրութեամբ տեղւոյն պատասխանատուները լաւապէս կը գիտակցին գաղութի ռազմավարական նշանակութեան ու համազգային դերակատարութեան: Անոնք յաղթահարելով դժուարութիւնները, կառչած կը մնան գաղութի պահպանման ու գոյատեւման: Գաղութի ճակատագիրը գաղութի ղեկավարութեան պատասխանատուութիւնը չէ միայն, այլ նաեւ համահայկական որոշում մը կ՛ենթադրէ:

Համահայկական ճիգերով կատարուելիք քայլերուն ծիրին մէջ նախ շեշտը կը դրուի գաղութին մէջ մնացողներուն կենցաղային պայմանները դիւրացնելու իսկ անոնք, որոնք կ՛ուզեն մեկնիլ քաղաքէն, զանոնք ուղղորդել դէպի հայրենիք ու ստեղծել անոնց կեցութեան բարենպաստ պայմանները:

Հարցազրոյցը իր ամբողջութեան մէջ յառաջիկայ օրերուն պիտի սփռուի «Վանայ Ձայն»-էն, պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ եւ հրատարակուի «Ազդակ»-ի մէջ:

Տպել Տպել