Ակնարկ. Իսլամական Պետութեան Եւ Թուրքիոյ Սահմանները

FotorCreatedԹուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Կիւրսել Թեքին 7 մայիսին թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ յայտնած էր, որ Թուրքիա մէկ-երկու օրէն Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելու կը պատրաստուի: Ան իր աղբիւրը «հաւաստի» կոչած էր եւ Տաւութօղլուէն պահանջած բացատրութիւն տալ կամ հերքել լուրը:

Թուրքիոյ վարչապետը բերանացի հերքեց լուրը, սակայն գործնապէս հաստատեց անոր իրաւացիութիւնը։ Թուրքիոյ վարչապետը կիրակի օր Ուրֆայի նահանգին մէջ ընտրական հաւաքէ մը ետք թրքական բանակի ցամաքային ուժերու հրամանատար Հուլուսի Աքարի ընկերակցութեամբ զրահապատ մեքենաներով եւ ուղղաթիռներու պաշտպանութեան ներքեւ մուտք գործած է Սուրիա եւ այցելած սուրիական Աշմէ գիւղին մօտ եւ Թուրքիոյ սահմանէն 253 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սուլէյման շահի դամբարանը, ուր ամփոփուած են Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիրին մեծ հօր աճիւնները։ Այս աճիւններու շրջապտոյտը` ներխուժումով Թուրքիա փոխադրել, ապա դարձեալ Սուրիա, այլ «ապահով» շրջան, խորքին մէջ կը միտի արդարացնել թրքական ներխուժումները։ Իբրեւ թէ թրքական բուռն ընդդիմութիւն աճիւններու փոխադրութեան հարցով եւ ահա Անգարան կ՜որոշէր վերստին Սուրիա տեղափոխել աճիւնները։ Օսմանեան կայսրութեան նախահօր աճիւնները մնայուն պատրուակ են Անգարայի համար նման ներխուժումներ կազմակերպելու համար։

Սահմանային եւ տարածքային ոտնձգութիւններ իրականացնելու համար աճիւններու պաշտպանութեան պատրուակով կատարուած այս գործողութիւնները ունին եւ պիտի ունենան տակաւին իրենց հետեւողականութիւնը։ Ի տարբերութիւն նախորդ զինուորական գործողութիւններուն, այս անգամ Թուրքիոյ վարչապետը անձամբ մասնակցած է ոտնձգութեան՝ թրքական այս ազատ ելումուտը նուիրականացնելու եւ զինուորականին առընթեր նաեւ քաղաքականացնելու։ Հետեւաբար այս պարագային ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնել գործողութեան նախօրեակին կատարուած յայտարարութիւններուն վրայ։ Անոնցմէ գլխաւորը հետեւեալն է. «Թուրքիա Սուրիոյ հետ սահմանը պիտի ջնջէ, երբ սուրիացի ժողովուրդի իսկական ներկայացուցիչը յաղթանակ արձանագրէ»։

Այս յայտարարութեան նախորդած են խաղաղասիրական բնոյթի խօսքեր, թէ եղբայրասպան կռիւները պէտք է դադրին Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ եւ թէ Դամասկոսը պէտք է դառնայ խաղաղութեան մայրաքաղաք։ Տակաւի՛ն. ամբողջ տարածաշրջանը հրդեհ առած է, իսկ Թուրքիան կը տոկայ շնորհիւ իր ժողովրդավարութեան եւ ներքին միասնականութեան։

Թրքական դիմադրողականութիւնը նման բանաձեւումով բացատրելով՝ յաչս միջազգային ընտանիքին Անգարան արաբական գարնան արծարծած թեմաներով կը փորձէ բացատրել ամբողջ տարածաշրջանին եւ այս պարագային Սուրիոյ ներքին պատերազմներուն բուն շարժառիթները։ Շրջանը գարնանային զարթնումի տանող իբրեւ թէ ժողովրդավարացման կարգախօսի օգտագործումով Անգարան փորձ կը կատարէ Արեւմուտքի հնչեցուցած առաջադրանքներուն միանալ եւ խոստանալ սահմաններու ջնջում, եթէ Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը յարգուի եւ ժողովուրդի ներկայացուցչութեամբ իշխանութիւն կազմուի։

Զինուորական ներխուժումով, սահմանային ոտնձգութեամբ եւ տարածքային ամբողջականութեան ուղղութեամբ միջազգային օրէնքի խախտում կատարելով՝ Անգարան ժողովրդավարութեան ռահվիրայ ցոյց կու տայ ինքզինք։

Նման անարգել ներխուժումով սակայն, Անգարան պէտք է հաշուի առնէ, որ կու տայ այն փաստը, որ ինք արդէն ջնջած է իր սահմանը Սուրիոյ հետ. գէթ այն հատուածները, ուր իր կողմէ աջակցութիւն ստացող ծայրայեղական խմբաւորումները կը վերահսկեն։ Կը վերահսկեն նաեւ Օսմանեան կայսրութեան նախահօր աճիւններուն տարածքները։

Իսկ եթէ սահմանները ջնջուած են, եւ անարգել է զինուորական եւ պետական այրերու ելումուտը, այդ կը նշանակէ, որ Անգարան, Տաւութօղլուի տրամաբանութիւնը ընդունելով, Իսլամական պետութեան մէջ կը տեսնէ Սուրիոյ իրողական ներկայացուցիչները։ Այո՛. Իսլամական պետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ ջնջուած են սահմանները։ Եւ այդ տարածքները թրքական զօրքերը ոչ թէ կը ներխուժեն, այլ պարզապէս հանգիստ կ՛այցելեն՝ գլխաւորութեամբ վարչապետին:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել