Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (Halkların Demokratik Partisi,HDP)

FotorCreatedՊրիւքսել, 18 Մայիս.- Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Եւրոպայի մէջ բնակող թուրք քաղաքացիներուն կոչ կ’ուղղէ, որ յունիս 7-ին Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (Halkların Demokratik Partisi, HDP) օգտին քուէարկեն:

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի այս որոշումը հիմնուած է ընդհանուր բազմաթիւ հարցերու շուրջ HDP-ի հետ հասարակաց արժէքներու եւ մօտեցումներու փոխըմբռնման վրայ: Կը հաւատանք, որ HDP-ն Թուրքիոյ մէջ յառաջդիմական ուժ է, աշխոյժ պայքարի մէջ՝ ժողովուրդներու լեզուական, մշակութային, կրօնքի եւ դաւանանքի իրաւունքներուն համար:

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը HDP-ի հետ երկխօսութեան մէջ է արդէն՝ վերջինիս հիմնադրութենէն ասդին, եւ HDP-ի ծագումով հայ մի քանի թեկնածուները արդէն կը պաշտպանէ:

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ’ակնկալէ, որ թրքական իշխանութիւնները ազատ եւ արդար նախընտրական շրջան մը եւ քուէարկութիւններ ապահովեն: Յանձնախումբը մօտէն կը հետեւի ընտրական ընթացքին:

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը խոհրդարանական գալիք ընտրութիւններուն առթիւ HDP-ին յաջողութիւն կը մաղթէ: Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս HDP-ի ներկայութիւնը պիտի նշանակէ ազատութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան խմբակցութիւն մը:

Տպել Տպել