«Ազդակ»ի Խմբագրական. Առաւել Հզօր Հայաստանի Հանրապետութեան Համար

(Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակին Առիթով)

FotorCreatedԵրեք տարի ետք հայկական աշխարհը պիտի նշէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը: Թուականը ինքնին կը պարտադրէ խորհրդածել Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման մեր ընդհանուր ընկալումի նորօրեայ հասկացողութիւններուն մասին:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շրջադարձային գլխաւոր կէտը ճանաչումէն հատուցուման պահանջի անցումն էր. այլ խօսքով` հայ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու ճանաչման պահանջատիրական փուլի յայտարարութիւնը: Յունուար 29-ին որդեգրուած Համահայկական հռչակագիրը կարեւորութեամբ կ՛ընդգծէր «(Հռչակագիրը կ՛արտայայտէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի միասնական կամքը` Հայոց ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման հասնելու եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ, որուն համար կը մշակէ իրաւական պահանջներու թղթածրար` դիտելով զայն անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքներու եւ օրինական շահերու վերականգնման գործընթացի մեկնարկ»:

Տրուած ըլլալով, որ հռչակագիրը կը փոխանցէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի, համախորհուրդ սփիւռքի մէջ գործող տարածաշրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու ճամբով արտայայտուած հայ ժողովուրդին միասնական կամքը, եւ կը յենի 1990-ի օգոստոսի 23-ի` Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագրի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան վրայ, այս հիմնադրոյթը կամ իրաւունքներու վերականգնման պահաջատիրութիւնը կը պետականանայ այս ձեւով:

Մայիս 28-ով կերտուած հանրապետութեան այսօրուան ժառանգորդ պետութիւնը կը ստանձնէ հայ ժողովուրդի համազգային իրաւունքներու բարձրացման եւ հետապնդման գործընթացը: Այս մէկը կարեւորագոյն իրագործումներէն կարելի է համարել 100-ամեակին, որ սերտօրէն կ՛առնչուի նաեւ մայիս 28-եան ժամանակակից խորհուրդին:

Իրաւատիրական աշխատանքներու ստանձումը կ՛ենթադրէ` հզօր իրավիճակ, պետական պատրաստուածութեան բարձր մակարդակ, իրաւաբանական մասնագիտութիւն, դիւանագիտական արուեստ եւ քաղաքական ակներեւ հմտութիւն, եւ այս բոլորին համար` համահայկական մարդուժ համախմբելու կարողութիւն:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակը ազգի մարդուժը համախմբելու առումով նշանակալից առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի պետական տանիքի տակ համախմբուին` հայկական երկու պետութիւնները, եկեղեցիները, կուսակցութիւնները, միութիւններն ու ամենաազդեցիկ կազմակերպութիւնները: Այս համախմբուածութիւնը պահելու, կառուցակարգելու եւ նպատակուղղուած աշխատանքը շարունակելու համար անհրաժեշտ է առաջին հանրապետութեան իրաւական եւ իրողական ժառանգորդ այսօրուան հանրապետութեան հզօրացումը: դարձեալ յղում կատարենք հռչակագրին եւ մայիս 28-ի ժամանակակից խորհուրդին հետ առնչենք հռչակագրին հետեւալ բաժինը.

«(Հռչակագիրը) կոչ կ՛ուղղէ հայորդիներու գալիք սերունդներուն` հայրենասէր, գիտակից եւ ուսեալ կեցուածքով պաշտպան կանգնիլ հայրենի սրբազան ժառանգութեան,աննահանջ պայքարով ծառայել, յանուն` առաւել հզօր հայրենիքի` ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան»:

Առաւել հզօր, ազատ եւ ժողովրդավար հայաստանի հանրապետութիւն ստեղծելը մեր բոլորին պարտականութիւնն է: Հռչակագիրը համահայկական բնորոշիչ ունի եւ այդ բնորոշումին կը ներառուի համայն հայութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերող իւրաքանչիւր իրագործումին մէջ իւրաքանչիւր հայ իր ներդրումը զգալու համար աւելի քան անհրաժեշտ է մասնակցութիւնը: Հեռակայ զգացական հայրենասիրութեան ժամանակները անցած են վաղուց եւ գործնապէս տեղւոյն մասնակցութիւնն է միայն, որ կրնայ աւանդ ապահովել հայրենակերտման եւ պետականաշինութեան առաջնային խնդրին:

Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը իբրեւ առաջադրանք բանաձեւուած է Ցեղասպանութեան վերաբերող Համահայկական հռչակարգին մէջ: Այս կը նշանակէ նաեւ, որ մեր իրաւունքներու վերականգնման նպատակին զուգահեռ, մեր համահայկական նպատակն է այսօրուան հանրապետութեան` մայիս 28-ով փրկուած ու կերտուած հանրապետութեան հզօրացումը:

Այս կը նշանակէ նաեւ, որ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման մեր հայեցակարգի ընկալումը կ՛ենթադրէ հայրենասիրական զգացողականութիւնը փոխարինել հայրենասիրական գործնական աշխատանքով: Այո՛, յանուն առաւել հզօր, ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման համար:

aztagdaily.com

Տպել Տպել