Թրքական Հետախուզութեան մօտ կը գտնուին իսլամացած հայ ընտանիքներու ցուցակները

FotorCreatedArmenianweeklynews կայքը կը գրէ, որ թրքական հետախուզութիւնը թրքական միայն մէկ փոքրիկ շրջանին մէջ 1600 հայ ընտանիք յայտնաբերած էր։

Թուրքիոյ մէջ իսլամացած հայերու խնդիրը բարդ է այնքանով, որ բազմաթիւ ընտանիքներ իրենք զիրենք կը համարեն թուրք կամ քիւրտ, հանգիստ կ՚ապրին առանց ազգային ինքնութեան վերանայման անհրաժեշտութեան, բնաւ չկասկածելով, որ պետութեան գաղտնի ծրարներուն մէջ իրենք հայ կը համարուին։

Հայկական մամուլի կողմէ պատշաճ արձագանգ չգտաւ 2011 թուականի մէկ իրադարձութիւնը, որ կրնար լուրջ ազդեցութիւն ունենալ Թուրքիոյ տարածքին ՚իսլամացած հայերու խնդրին վրայ։ Եւ այսօր աւելի քան տեղին է անդրադառնալ այդ իրադարձութեան։

Յիշեցնենք դատավարութիւն մը։

2011 թուականի սեպտեմբերին, Պոլիսի 16-րդ ծանր յանցագործութիւնները քննող դատարանին մէջ լսուող ODA TV գործով մեղադրանք ներկայացուած էր լրագրող Սեներ Եալչընին, որ անոր թրքական զինուած ուժերու եւ թրքական հետախուզութեան ծառայութեան գաղտնի գործակալ Քաշիֆ Քոզինօղլուի կողմէ գաղտնի բովանդակութեամբ 17 փաստաթուղթեր յանձնուած են։ Մեզ հետաքրքրողը ոչ այնքան լրագրողի դատաւարութիւնն ու Թուրքիոյ պետական գաղտնի փաստաթուղթերու պատկերասփիւռի կայանի յանձնման փաստն է, որքան իսլամացուած եւ իրենց ամրատներուն անտեղեակ 1600 հայ ընտանիքներու ցուցակն է, որ բաղկացած է 84 էջէ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ թրքական հետախուզութեան ծառայութիւնը (MIT) երկար տարիներ յատուկ ուսումնասիրութիւն կատարած է Թուրքիոյ յատկապէս հարաւ-արեւելեան մարզերուն մէջ եւ մասնագիտութեան բնորոշ ջանասիրութեամբ եւ ճշգրտութեամբ հաշուած է հայ ընտանիքներու թուաքանակը։

Սակայն պէտք է աւելցնել, որ այս տուեալները կը վերաբերին միայն Տիգրանակերտի Լիճէ շրջանին։ Այսինքն, մէկ փոքրիկ շրջանին մէջ թրքական պետական գաղտնի սպասարկութիւնները հաշուած են 1600 հայ ընտանիք։

Եթէ հաշուի առնենք, որ Տիգրանակերտի շրջանին մէջ կան 14 շրջաններ, ապա մինչեւ օրս մեր պատկերացումները թաքուն եւ իսլամացած հայերու մասին Թուրքիոյ տարածքին մէջ պէտք է փոփոխութիւններու ենթարկուին։ Լիճէ շրջանը Տիգրանակերտի մարզի ամէնէն փոքր շրջաններէն մէկն է։ Իսկ ի՞նչ արդիւնքներ յայտնաբերած պիտի ըլլայ թրքական հետախուզութիւնը ներկայիս Խուլփ, Չընար, Էրկենի եւ Սիլվան համեմատաբար մեծ շրջաններուն մէջ…

horizonweekly.ca
27/05/2015

Տպել Տպել