Հանդիպում Կիպրոսի Ընկերվար Ժողովրդավարութեան Համար Շարժում Կուսակցութեան (EDEK) Ներկայացուցիչին Հետ

FotorCreatedԵՐԵՒԱՆ (Հ.Յ.Դ. մամլոյ դիւան/«Արձագանգ», 2015թ. Մայիս 29) – Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Հ.3.Դ. Բիւրոյի անդամ Խաչիկ Մուրատեանին, Ուրբաթ, Մայիս 29-ին, Կիպրոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ (EDEK) փոխնախագահ Քոսթիս Էֆսթասիուի հետ:

Քննարկուեցան Սուրիոյ տագնապը եւ անոր անդրադարձը փոքրամասնութիւններու վրայ ընդհանրապէս եւ Սուրիահայութեան վրայ յատկապէս, երկու կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութեան ծիրը ընդլայնելու հեռանկարները, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամ եակը:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Կիպրոսի Կոմիտէի անդամներ Յակոբ Մանուկեան եւ Սարհատ Տէմիրճեան, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Կարէն Գույումճեան:

www.arf.am
http://www.artsakank.com.cy/am

Տպել Տպել