Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութիւն

Վճռականութեան Վերանորոգում` Շարունակելու Մայիս 28-ով Սկսած Երթը

FotoԿազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին, հինգշաբթի, 28 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 97-ամեակի տօնակատարութիւնը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական մարմինին խօսքը փոխանցեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Ան շեշտեց, որ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ անկախութիւնը անշրջելի արժէք է` ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդին համար ալ անկախութիւնը վերապրելու կամքի դրսեւորումն է: «Հայ ժողովուրդը մերժեց ընկրկիլ եւ յանձնուիլ ճակատագիրի անարդար վճիռին` բռնելով ապրելու, ստեղծագործելու եւ բարգաւաճումի ուղին, որովհետեւ ունինք Արամ Մանուկեանի վճռակամութիւնն ու հաւատքը», շեշտեց Էմմիեան:

Ան փակեց իր խօսքը նշելով, որ մայիս 28-ի տօնակատարութեամբ կը յիշենք 1918-ի սերունդի սխրանքը, որմէ կը ներշնչուի մեր ժողովուրդի դարաւոր երթը, որ պիտի շարունակէ հայու դարաւոր երթը, ինչպէս նաեւ պիտի վերանորոգէ ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ուխտը:

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան խօսքը արտայայտեց Յարութ Լափաճեան: Ան մայիս 28-ի շքեղ յաղթանակը շնորհաւորելէ ետք անդրադարձաւ, որ սոյն թուականը զինուորական սովորական յաղթանակներ խորհրդանշող թուական մը չէ, այլ մեր ամբողջ ազգի ազատութեան ու անկախութեան ձգտելու վճռակամութեան զգացումն է, ինչպէս նաեւ դէպի ապագայ սլացքը ապահովող ոստումն ու մեր ազգային պատմութեան քաջաբար կերտումը: «Այս ոգիով է, որ արամներու կանչին ընդառաջեցին մեր ազգին զաւակները, ըլլան անոնք երիտասարդ, ծեր, կին, թէ երեխայ, բոլորն ալ նետուեցան պատերազմի ճակատ` Սարդարապատէն Ղարաքիլիսա, Բաշ Ապարանէն Երեւան, մէկ կողմէ կասեցնելու արիւնարբու թուրքին կատաղի յառաջխաղացքը, միւս կողմէ ամուր պահելու համար սովամահ եղած մեր ժողովուրդի դիմադրութեան շունչը», աւելցուց Լափաճեան:
FotorCreated
Ան նաեւ յիշեց լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ օրերը, երբ արամներու, դրոներու եւ նժդեհներու զոհաբերութեան ոգիով սնած դաշնակցական երիտասարդներ քաջաբար եւ առանց սակարկութեան կրցան տէր կանգնիլ իրենց ժողովուրդին` իրենց պարտականութիւնը կատարելով սիրով եւ անձնուրաց ոգիով: Ապա Լափաճեան անգամ մը եւս յիշեցուց մայիս 28-ի արժէքը, որ եղաւ հայրենիքէն հեռու ապրած սերունդներու ազգային դաստիարակութեան լուսաւոր դպրոցը: Ըստ Լափաճեանին, ԼԵՄ-ականը միշտ պատրաստ պիտի ըլլայ պատնէշի վրայ: «Պիտի ըլլանք արժանի հետեւորդները Ռոստոմի ու Արամի, Դրոյի ու Նժդեհի, պիտի քալենք Լիզպոնի նուիրեալներուն ճամբով, պիտի գոռանք Վիգէնի ու Մհերի անձնուրաց ձայնով: Հա՛յ ժողովուրդ, մի՛ վհատիր, քանի կը հաւատանք, որ մեր միակ փրկութիւնը` մեր միասնականութեան մէջ է, որովհետեւ այսպէս պահեցինք Երեւանը, ազատագրեցինք Շուշին, վաղն ալ պիտի ազատագրենք Վանը», եզրափակեց Լափաճեան:

Այնուհետեւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի խօսքը փոխանցեց Արեւիկ Փափազեան: Ան իր խօսքին բացումը կատարեց հարց տալով, թէ գրեթէ հրա՞շք մըն էր Հայաստանի առաջին անկախութիւնը կամ ո՞վ կը սպասէր, որ այդքան ոճիրներու ենթարկուած ժողովուրդը տակաւին պիտի ունենար կամքը եւ քաջութիւնը կռուելու եւ գոյատեւելու: Ան նախ եւ առաջ զգացականօրէն մօտեցաւ պատմութեան փառաւոր յաղթանակին` մէջբերելով Արամ Մանուկեանի խօսքերէն, որոնք կը խորհրդանշեն անոր գործին կարեւորութիւնը, եւ յատկապէս քաջութիւնը եւ նախաձեռնելու պատրաստակամութիւնը: Ապա ան նկարագրեց հայութիւնը ստրկութենէ փրկող այն տիպարը, որմէ ետք կոչ ուղղեց հայութեան. «Հիմա ալ գործ կայ մեր կարծածէն աւելի: Անկախ չ՛ըլլար պետութիւն մը, երբ չունենայ տնտեսական անկախութիւն, երբ անոր ժողովուրդը չունենայ հոն ապրելու հանգիստ պայմաններ, երբ պետական պաշտօնեաներ ըլլան խամաճիկը երկրի հարստութիւնը սեփականացնող մարդոց»:

Փափազեան իր խօսքին աւարտին հաստատեց, որ բաւ է դիտենք Հայաստանը երազային հայրենիքի ակնոցով, այլ պէտք է հանենք այդ ակնոցները եւ տեսնենք իրականութիւնը: Ապա ան բոլոր ուսանողները հրաւիրեց դուրս գալու կրաւորականութենէն, «քանի որ իբրեւ ուսանողներ կանաչ լոյսը մեր ձեռքն է, պարզապէս պէտք է ըլլանք Արամի պէս քաջ եւ նախաձեռնող»:

Խօսք առաւ նաեւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան, որ յայտնեց, թէ այսօր թէեւ անկախ, սակայն ինչպէս միշտ` շրջապատուած ենք թշնամիներով: Պատ. Թերզեան մատնանշեց, որ ոսոխը միայն սահմանին հակադիր կողմը գտնուող տեսանելի թշնամին չէ: «Պէտք է զգուշանալ լուռ, քողարկուած եւ աներեւոյթ թշնամիներէն», յայտնեց պատուելի Թերզեան` աւելցնելով, որ «զոհողութեամբ եւ նահատակներու արեամբ ձեռք ձգուած անկախութեան պտուղները վայելել շատ լաւ է, սակայն անկախութիւն պահելը նոյնքան եւ աւելի՛ զոհողութիւն կը պահանջէ, եւ այս ուղղութեամբ`

– Իւրաքանչիւր հայ պէտք է գիտակցի իր ազգային կոչումին ու պատկանելիութեան:
– Իւրաքանչիւր հայ պէտք է անդրադառնայ իր ազգային խղճի ձայնին ու առաքելութեան:
– Իւրաքանչիւր հայ նախանձախնդիր պէտք է ըլլայ իր ազգային արժանապատուութեան:
– Իւրաքանչիւր հայ պէտք է գիտակցի իր ազգային պատկանելիութեան եւ պարտաւորութիւններուն` հաւատարիմ մնալով մեր ազգային արժէքներուն` լեզուին, պատմութեան, մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն:
– Նամանաւանդ իւրաքանչիւր հայ հաւատարիմ պէտք է մնայ մեր պապերուն հաւատքին, որ կ՛ազատագրէ անհատը մեղքի ճանկէն, կը կազմէ առողջ ընտանիքը եւ կ՛ապահովէ ազգին գոյատեւումը»:

Գեղարուեստական յայտագիրով դաշնակի վրայ ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ արուեստագէտ Կի Մանուկեան` «Սարդարապատ» եւ «Գետաշէն» երգերուն եղանակներով:

Ապա Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան սոյն առիթով փոխանցեց իր ուղերձը: Ան հայ ժողովուրդին մղած ազատութեան պայքարին ակնարկելէ ետք նշեց հայրենազրկման, հնամեայ մշակոյթի ոչնչացման փորձերը, որոնք ապարդիւն դարձան` գտնելով ուժ վերադառնալու միջազգային քաղաքական բեմ եւ շարունակելու յաւերժութեան ընթացքը: «Մայիսեան հերոսամարտերը նշանաւորեցին միասնակամութեան անպարտելիութիւնը, ինչպէս նաեւ արդար դատի համար պայքարի անբեկանելիութիւնը», շեշտեց Քոչարեան:

Դեսպան Քոչարեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հաստատեց, որ հայուն ճակատը բաց է ու կը յայտարարէ, թէ ցեղասպանութեան կազմակերպիչները ձախողած են: «Միջազգային ասպարէզին մէջ, այսօր, Հայաստանը կանգուն է, կանխատեսելի եւ յուսալի գործընկեր է»:makich

Հանդիսութեան բանախօս, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան իր խօսքին սկիզբը մայիս ամիսը նկատեց արտասովոր ամիս, լի յաղթանակներով, որ փոխան մեռնելու` գոյատեւելու ամիս է, փոխան պարտութիւններու` յաղթանակներու, նուաճումներու եւ իրագործումներու ամիս է: Գարագաւորեան վերահաստատեց, որ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ կերտուած մայիսեան յաղթանակները հայ ժողովուրդին ապահովեցին ֆիզիքական, բարոյական եւ քաղաքական վերածնունդը, նաեւ գոյատեւման անհրաժեշտ կռուանները, որոնք տուին նկարագիրի ինքնավստահութիւնը` վերադարձնելով ազգային խոցուած արժանապատուութիւնը:

Գարագաւորեան շեշտեց, որ Արամ Մանուկեանի կերտած անկախ հանրապետութեան փաստական շարունակութիւնը հանդիսացող այսօրուան հանրապետութիւնը պէտք է շարունակէ տակաւին անաւարտ մնացած սրբազան իր գործը: Գարագաւորեան կարեւոր նկատեց Սեւրի դաշնագիրը` միջազգային քաղաքական վաւերական այդ փաստաթուղթը ու 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրին հրապարակումը: «Այս հեռանկարային առաջադրանքներով, դուք ձեզ պէտք է զինէք եւ մասնակից դառնաք ընդհանուր գործընթացներուն», ըսաւ Գարագաւորեան` խօսքը ուղղելով ներկաներուն:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» երգով, որմէ առաջ ազատամարտիկ երգիչ Մկրտիչ Մկրտիչեան (Մակիչ) ներկայացուց փունջ մը ազգային եւ յեղափոխական երգեր:

aztagdaily.com

Տպել Տպել