Ակնարկ. Քրտական Գործօնի Գերաշխուժացումը Եւ Հայկական Տարածքային Իրաւունքներու Արծարծումը

FotorCreatedԹել Ապիատի գրաւումը քիւրտերուն կողմէ ուղենշային ազդեցութիւն ունեցած է իրադարձութիւնները վերլուծողներուն համար: Ռազմական գետնի վրայ ստացուած է այն, որ Սուրիոյ տարածքին քիւրտերը, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ արեւմտեան ուժերն ու սուրիական կառավարական բանակները ըստ էութեան պատերազմած են «Իսլամական պետութեան» դէմ: Բայց այս պատկերը համընդհանուր բնոյթ չունի: Մօտաւորապէս պատճէնահանումն է իրաքեան տարբերակին, յատկապէս քրտական տարածքները «Իսլամական պետութեան» թափանցումներէ զերծ պահելու միտումով իրականացուած գործողութիւնները նկատի ունենալով:

Պատկերը աւելի կը խճճուի, եթէ միացեալ ճակատի տարբեր միջավայրերը դիտարկելով այդ ուժերու կողքին տեսնենք նաեւ Թեհրանի աջակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի ջոկատները, կամ ուղղակի Իրանի կողմէ շրջան գործուղուած բանակայինները:

Ռազմական իրադրութիւններու պարզած այս խճանկարը անմիջապէս կը հետեւցնէ, որ Արեւմուտքին կողմէ հեռակառավարուող այս պատերազմը մերթ սահմանափակ գործողութիւններով, պարագայաբար կառավարական ուժերուն անուղղակիօրէն սատարելով, փոխած է արդէն «Իսլամական պետութիւն»-ը իբրեւ գործիք ծառայեցնելու իր դասական վարքագիծը: Նպատակային խնդիրը ոչ թէ վարչակարգի տապալումն է, այլ փուլ առ փուլ թուլացումը, զուգահեռ` ժողովրդագրական համապատկերի հիմնովին շրջումով, ի գին տեղահանութիւններու պետութիւններ եւ նոր սահմաններ յառաջացնելով:

Քրտական գործօնի աշխարհաքաղաքականացումը անշուշտ սուրիական տարածքով չի սահմանափակուիր: Մուսուլի մէջ պատահածները, «Իսլամական պետութեան» կողմէ իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ փորձուած ոտնձգութիւններու կտրուկ կանխարգիլումը, Թուրքիոյ մէջ քրտական քաղաքական մտածողութեան զարթօնքը եւ նմանատիպ երեւոյթներ կու գան համալրուելու Թել Ապիատի քրտական ուժերուն կողմէ վերահսկումով:

Սուրիական պատերազմին առաջին իսկ օրէն Անգարան կը յանկերգէր մարդասիրական գօտի անուան տակ անվտանգութեան գօտիի ստեղծումը: Այդ առաջադրանքը պարզապէս արգելակման փորձ էր Սուրիոյ, Իրաքի եւ Թուրքիոյ քիւրտերու աշխարհագրական միաւորման: Թել Ապիատը հզօր հարուած է այդ առումով. եւ ոչ միայն, որովհետեւ իր կարգին ռազմավարական որոշ յենակէտերու նկատառումով կ՛արգելակէ Թուրքիան եւՍուրիոյ տարածքին գործող իսլամական զինեալներն ու թիւրքմէնները կապող ցամաքային ճանապարհները:

Թել Ապիատի գործողութիւնը քիւրտերուն համար ճիշդ է, որ ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Ինքնավար երկրորդ Քիւրտիստանի սահմաններու իրողական կայացման առումով: Բայց արեւմտեան ուժերու ակներեւ օժանդակութիւնը եւ անոր նախորդող Եօթներու խմբակի հանդիպման աւարտին Միացեալ Նահանգներու նախագահին զգուշացումը Անգարային` վերահսկելու իր սահմանները, որպէսզի իսլամ ահաբեկիչները չթափանցեն Սուրիա եւ Իրաք, արդէն պարզօրէն կը խօսի քրտական գործօնի աշխարհաքաղաքականացման մասին:

Արեւմուտքի դերակատարութիւնը սակայն եթէ այս հանգրուանին քիւրտերուն աջակցելով կը զսպէ «Իսլամական պետութեան» ախորժակները, անպայման նպաստած չ՛ըլլար պաշտօնական Դամասկոսին: Սուրիական այլ տարածքներու մէջ չմիջամտելը եւ «Իսլամական պետութեան» արշաւներուն չհակազդելը արդէն իսկ կը խօսի «Իսլամական պետութեան» նուաճումներուն անուղղակի քաջալերանքին մասին:

Եօթներու խմբակի հանդիպումը պարզապէս առիթ էր, որպէսզի պաշտօնական Ուաշինկթընը պահը հասած նկատէ յայտարարելու, որ «Իսլամական պետութեան»-ը արգելք պէտք չէ հանդիսանայ իրաքեան Քիւրտիստանի կողքին սուրիական Քիւրտիստանի ստեղծումին: Այլապէս, երկրի բաժանման եւ այդ առաջադրանքի իրականացման եւ այդ նպատակին` կառավարական ուժերու թուլացան համար «Իսլամական պետութեան» դեռ իբրեւ գործիք ծառայելու ժամանակ ունի:

Քրտական գործօնը տակաւին գերաշխուժացման միտումներ կը դրսեւորէ: Յետադարձ ակնարկը կը վերյիշեցնէ առանց ուղղակի անուանարկելու քրտամէտ կուսակցութեան հասցէին Էրտողանի հնչեցուցած մեղադրանքները` Թուրքիան տկարացնելու եւ մասնատելու առումով:

Քրտական գործօնի գերաշխուժացումը կը խօսի նաեւ Թուրքիոյ վերապահուած նոր պատկերացումին աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուելու մասին: Եթէ Թուրքիան եւ Քիւրտիստանը աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուած են, ապա այդքան ալ կանխահաս չէ հայկական տարածքային իրաւունքներու խնդիրի միջազգայնացման համար ռազմավարական ուղիներու մասին քննարկումներու նախաձեռնելը:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել