Հան­դի­պում՝ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին եւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան մի­ջեւ

FotorCreatedՀայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի մէջ քա­ղա­քա­կան եւ ­Հայ ­Դա­տի առն­չո­ւող հան­դի­պում­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 24 ­Յու­նիս 2015ի ե­րե­կո­յեան, Հ.Յ.Դ. պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ­ Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ ­Զոի ­Գոնս­տան­տո­բու­լո­ւի հետ, հել­լէն խորհր­դա­րա­նէն ներս։

Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կը բաղ­կա­նար Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նէ, Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ընկ. ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեա­նէ եւ Հ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Յա­կոբ ­Յո­վա­կի­մեա­նէ։

Հան­դի­պու­մին ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ նաեւ խորհր­դա­րա­նի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եոր­ղոս ­Թա­լա­սիս։ ­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ ե­ղաւ ­Զոի ­Գոնս­տան­տո­բու­լո­ւի ­Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի կեդ­րո­նա­կան ե­լոյթ­նե­րու ծի­րէն ներս Ապ­րիլ 24ին ու, յատ­կա­պէս, Ե­րե­ւա­նի մէջ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի հետ հել­լէն խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին ու­նե­ցած հան­դիպ­ման մա­սին։ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ար­ծար­ծո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ցու­ցա­հան­դէ­սին կազ­մա­կեր­պու­մը, որ պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւի ­Հոկ­տեմ­բեր 2015ին՝ հել­լէն խորհր­դա­րա­նի ցու­ցաս­րա­հին մէջ։

Նա­խա­գահ ­Գոնս­տան­տո­բու­լու վե­րա­հաս­տա­տեց հել­լէն խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կերպ­ման ստանձ­նու­մը ու յայտ­նեց, թէ կ­՚ա­կըն­կա­լէ որ ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ներ­կայ պի­տի ըլ­լան ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Պր. ­Գալուստ Սահակեան, ինչ­պէս նաեւ բարձ­րա­գոյն կար­գի յոյն պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ։ Հ.Յ.Դ. պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց մեր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ գործ­նա­կան կեր­պով սա­տա­րե­լու ցու­ցա­հան­դէ­սի յա­ջող ի­րա­գործ­ման, ո­րուն հա­մար նա­խա­գա­հը իր գնա­հա­տան­քը ար­տա­յայ­տեց։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին խօ­սուե­ցաւ նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ կա­պե­րու ա­ռա­ւել սեր­տաց­ման ու ընդ­լայ­ման մա­սին եւ, այդ շրջա­գի­ծէն ներս, ար­ծար­ծո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի Հա­յաս­տա­նի հետ ­Բա­րե­կա­մու­թեան ­Խում­բի կազ­մու­թեան հար­ցը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց, ­Բա­րե­կա­մու­թեան ­Խում­բի կազ­մու­թեան հա­մար, իր ա­ռա­ջարկ­նե­րը ներ­կա­յաց­նել կարգ մը ե­րես­փո­խան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ։

Այ­նու­հե­տեւ խօ­սակ­ցու­թիւ­նը ծան­րա­ցաւ յու­նա­հայ հա­մայն­քի կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րուն վրայ, ո­րոնց լուծ­ման հա­մար դի­մո­ւե­ցաւ նաեւ հել­լէն խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հի օ­ժան­դա­կու­թեան։ Իր կար­գին, ­Զոի ­Գոնս­տան­տո­բու­լու յա­տուկ հո­գա­ծու­թիւն ցու­ցա­բե­րեց յու­նա­հայ հա­մայն­քի կրթա­կան հար­ցե­րու բար­ւոք լուծ­ման հա­մար եւ խոս­տա­ցաւ իր կա­րե­լին ը­նել՝ սա­տար կանգ­նե­լու հա­մար մեր վար­ժա­րան­նե­րու գո­յա­տեւ­ման աշ­խա­տան­քին։

Նոյն­պէս կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կում տե­ղի ու­նե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի դի­մագ­րա­ւած տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մի մա­սին։ ­Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը ներ­կա­յա­ցուց «­Յու­նաս­տա­նի պարտ­քի ի­րա­կան պատ­կեր» խո­րագ­րով խորհըր­դա­րա­նի յա­տուկ յանձ­նա­խում­բի կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած գրա­ւոր զե­կու­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի վե­րա­բե­րեալ ­Յու­նաս­տա­նի կող­մէ ­Գեր­մա­նիա­յէն պա­հան­ջո­ւած պա­տե­րազ­մա­կան հա­տու­ցում­նե­րու հար­ցը։

Հ.Յ.Դ. պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու մօտ ­Յու­նաս­տա­նի կա­տա­րած ջան­քե­րուն, ո­րոնց ուր որ հնա­րա­ւոր է ա­ջակ­ցե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն ցոյց տալով։

Հան­դիպ­ման ա­ռի­թով ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը յա­տուկ կեր­պով շեշ­տեց Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կող­մէ կա­տա­րո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան անժխ­տե­լի ի­րո­ղու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պա­հանջ­նե­րուն զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ան­վե­րա­պահ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։

Azad Or

Տպել Տպել