Ակնարկ. Անգարան` Վերահսկուած Քաոսին Մէջ

FotorCreatedՀայկական զանգուածային լրատուամիջոցները Թուրքիոյ մէջ կատարուած վերջին ձերբակալութիւններուն լուրը մեքենական պատճէնահանումով պէտք չէ, որ շրջանառութեան մէջ դնեն: Յիշենք պատահարը, Թուրքիոյ ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վարչութեան յատուկ ծառայութեան ուժերը Պոլսոյ մէջ ձերբակալած են 30 անձեր, որոնք կը ցանկային Թուրքիոյ տարածքով անցնիլ Սուրիա եւ Իրաք, որպէսզի համալրէին «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան շարքերը: Ձերբակալուածներու թիւին մասին կան հակասական տեղեկութիւններ: Հրապարակուած թիւերը իրարմէ մեծ տարբերութիւն չունին, այդ առումով ալ էական նշանակութիւն չունի այս պարագային համրանքը:

Պարզ է, թէ ինչո՛ւ լուրին պատճէնահանումը առանց մեկնաբանութեան պէտք չէ կատարել: Անգարան հակաահաբեկչական պայքարին իբրեւ թէ մասնակցութիւն կը ցուցադրէ այս ձեւով: Եւ ներկայացուած թիւին աստեղային համրանքներով բազմապատկուած ահաբեկիչներ Թուրքիայէն սնուած են, Թուրքիա տեղակայուած են, Թուրքիայէն ֆինանսաւորուած են եւ Թուրքիայէն անարգել անցած դէպի Սուրիա եւ Իրաք:

Այս ցուցադրութիւնը կը մատնէ Անգարայի անհանգստութիւնը: Քաղաքական լրջագոյն անհանգստութիւն մը, որ «իսլամական պետութեան» սատար կանգնելուն մէջ կը տեսնէր քիւրտերու միաւորման արգելակումը: Սուրիա ներխուժել-չներխուժելու պարանաձգութիւնը, անվտանգութեան գօտիի ստեղծման յանկերգումը բաղադրիչներ են անհանգստութեան համապատկերին:

Մեծն Եօթնեակի հանդիպման աւարտին Միացեալ Նահանգներու նախագահին սպառնալիքը, ուղղուած Անգարային` սահմանէն թափանցումները արտօնելու դիմաց, բնականաբար անտարբեր չէին կրնար ձգել Անգարան: Խաղը վերահսկուած է. Միացեալ Նահանգներ օդային հարուածներով կը սահմանափակեն «Իսլամական պետութեան» դէմ պատերազմը եւ կը հակազդեն միայն այն ատեն, երբ արտօնեալ սահմաններէն դուրս եկած են «Իսլամական պետութեան» զինեալները, միւս կողմէ` կ՛աջակցին «Իսլամական պետութեան» դէմ համախմբուող քիւրտ զինեալ դիմադրութեան եւ ինքնապաշտպանութեան` արգելակելով Անգարայի կողմէ նախաձեռնուելիք ենթադրեալ ներխուժումը Սուրիա:

Աւելի պարզացնենք: «Իսլամական պետութեան» արտօնուած է շարունակել կառավարական բանակի տկարացման ռազմարշաւը` առանց դուրս գալու ճշդուած սահմաններէն: Օգնել իրողապէս ինքնավար Քիւրտիստանի կայացման եւ ի հարկին սանձել «Իսլամական պետութեան» զինեալներու մուտքը թրքական տարածքներէ: Վերահսկելի քաոսի այս բանաձեւը մինչ այժմ կ՛աշխատի` դժուարացնելով քաղաքական գնահատականի եզրայանգումներու ձեւակերպումը:

Թուրքիոյ կողմէ միջազգային ահաբեկչութեան տէր կանգնելու փաստի գէթ քարոզչական մակարդակի միջազգայնացման կու գայ աւելնալու նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ցեղասպանութեան հովանաւորչութիւնը կատարելու հռչակը: Ֆրանչիսկոս պապը, Վատիկանի մէջ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն կրած տառապանքները համեմատելէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքները կրողներուն հետ այս անգամ Հարաւային Ամերիկայի մէջ ուղղակի ցեղասպանութիւն որակեց նոյն տարածաշրջանի քրիստոնեաներուն կրած արհաւիրքները:

Պարզ էր ուղերձը. համեմատութիւնը առաջինի պարագային միայն տառապանքներուն չէր վերաբերեր, այլ գործադրողներուն եւ գործադրել տուողներուն: Եթէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուղղակի Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած էր, 21-րդ դարուն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները կը տեղահանուէին եւ կը ջարդուէին դարձեալ թուրքերուն կողմէ միջնորդաւորուած կամ լիազօրուած կերպերով: Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ապրած ցեղասպանութեան առաջին ճանաչումն էր, որ կը կատարուէր Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ:

Անգարան ուրեմն ոչ միայն միջազգային ահաբեկչութիւն սերմանելու մեղադրանքին տակ էր, այլ նաեւ լիազօրուած ցեղասպանութիւն իրականացնելու:

Քարոզչաքաղաքական այս ճնշումին դիմաց «Իսլամական պետութեան» քանի տասնեակ զինեալ ձերբակալելը թատերական ներկայացումի մէկ արար է պարզապէս: Նման բեմականացումներ, կը թուին, որ ուշացած են եւ դժուար թէ կարենան փոխել Անգարայի վաստակած հռչակը այս առումներով:

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել