«Գագիկ Ծառուկեան» Բարեգործական Հիմնադրամը 100,000 Ամերիկեան Տոլարով Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ Ազգային Միացեալ Վարժարանի Կառուցման Աշխատանքներուն

FotorCreatedՇաբաթ, 25 յուլիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, բարերար Գագիկ Ծառուկեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային իշխանութեան եւ վարչութիւններու անդամներուն, քահանայ հայրերու, լիբանանահայ կառոյցներու պատկան միութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ծառուկեան մօտէն ծանօթացաւ վարժարանի շինարարական աշխատանքներուն եւ յայտնեց, որ «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամը 100,000 ամերիկեան տոլարով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այդ աշխատանքներուն:

Գագիկ Ծառուկեան նաեւ այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, որ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէնութեան կողմէ մօտէն ծանօթացաւ ԼՕԽ-ի բազմաբնոյթ գործունէութեան եւ յատկապէս կեդրոնի աշխատանքներուն: Ծառուկեան դրուատիքով արտայայտուեցաւ ԼՕԽ-ի ծաւալած գործունէութեան մասին:

Իսկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան նշեց, որ հայրենի հիւրերու ներկայութիւնը Ազգային առաջնորդարանին մէջ լաւագոյն առիթն է սփիւռք-Հայաստան փոխադարձ գործակցութեան ու աջակցութեան եւ փորձառութիւններու փոխանակման: Րաֆֆի Տեմիրճեան հաստատեց, որ Ազգային առաջնորդարանը իւրաքանչիւր հայու տունն է, հարազատ կեդրոնն է: Ապա Րաֆֆի Տեմիրճեան ներկայացուց Գագիկ Ծառուկեանի մարզական, ազգային եւ բարեսիրական գործունէութիւնը:

Այս առիթով, բարերար Գագիկ Ծառուկեան ըսաւ, որ լիբանանահայութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ մեծ գործ կը կատարէ, ինչ որ հայրենասիրութեան եւ բարեգործութեան արտայայտութիւն է: Ծառուկեան հաստատեց, որ գաղութին մէջ նաեւ հայապահպանութեան նպաստող մեծ գործ կը կատարուի, ինչ որ ողջունելի է եւ օրինակելի ամբողջ հայութեան համար:

Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նուիրուած արծաթեայ խաչը

Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նուիրուած արծաթեայ խաչը

Ան յայտարարեց, որ «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամը այսուհետեւ տարեկան պիտի ստանձնէ լիբանանահայ քսան ուսանողի Հայաստանի մէջ ուսանելու ծախսերը: Գագիկ Ծառուկեան աւելցուց, որ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք միասնակամ մօտեցումներով կարելի է մեր աշխատանքներուն մէջ յաջողութիւններ արձանագրել: Ծառուկեան հաստատեց, որ հիմնադրամը պատրաստակամ է համահայկական որեւէ ծրագիրի բերելու իր մասնակցութիւնը:

Աւարտին խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նշեց, թէ հայրենի հիւրերու ներկայութեամբ լիբանանահայութիւնը ջերմութիւն կը ստանայ եւ կը սնանի Հայաստանով: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ անցնող տասնամեակներուն նման ներկայիս ալ լիբանանահայութիւնը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ եկեղեցիներու, դպրոցներու, ակումբներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ճամբով ապահովելու գաղութին գոյութիւնը եւ հայրենիքին հզօրացումը: Այս շրջագիծին մէջ, Շահէ եպս. Փանոսեան նշեց, որ Ազգային միացեալ վարժարանին կառուցումը լաւագոյն արտայայտութիւնն է, որ հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն գոյութիւն ունի կամք յաղթահարելու արգելքները եւ արձանագրելու նոր նուաճումներ: Աւարտին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար Գագիկ Ծառուկեանին` իր ունեցած մեծ ներդրումին համար:

Այնուհետեւ Գագիկ Ծառուկեան շրջագայեցաւ Արաքս փողոցին մէջ եւ այցելեց «Սարդարապատ» ժողովրդային տուն, ուր ընդունուեցաւ շրջանի կրօնական, միութենական եւ պատասխանատու մարմիններուն կողմէ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել