Թրքական «Զեռօ Խնդիրներ»ու Վարքագիծը Վերածուեցաւ…

FotorCreatedՏակաւին քանի մը տարի առաջ էր, երբ Թուրքիա սկսաւ խօսելու արտաքին քաղաքականութեան իր նոր վարքագիծին մասին, որ կը խտանար «զեռօ խնդիրներ դրացիներուն հետ» բանաձեւումով:

Երեւոյթները այդպէս ալ ցոյց կու տային (մէկ բացառութեամբ անշուշտ…): Արդարեւ, Պուլկարիոյ հետ, ոչ մէկ խնդիր կար: Կիպրոսի պարագային, կղզիին 40 տոկոսին «տը ֆաքթօ» գրաւումը-իւրացումը, 1974էն ի վեր, «մարսուած» կը համարուէր, որովհետեւ յունական բաժինը ինք եւս կարծէք հաշտուած էր իրողութեան հետ ու ոչ սիրտ, ոչ ալ ստամոքս ունէր Թուրքիոյ հետ հակադրութիւններու թղթածրարը վերաբանալու: Յունաստանի պարագային, այլեւս անիմաստ էր Եգէականի մէջ կղզի կոչուող քանի մը ժայռակոյտերու համար ռազմավարական առումով ոչ շահաբեր լարուածութիւն ստեղծելը: Սուրիոյ հետ, սիրաբանութիւններու մեղրալուսնային ժամանակաշրջան մը սկսած էին, որովհետեւ սուրիական կառավարութիւնն ալ շատոնց հրաժարած էր Ալեքսանտրէթի նահանգին նկատմամբ իր նկրտումներէն եւ քիւրտերուն զօրակցելու իր վարքագիծէն: Իրաքի պարագային, երկրին հիւսիսը, Թուրքիոյ սահմանակից գօտիին մէջ, քիւրտերը գործնականօրէն անկախ վարչական կառոյց մը ստեղծած էին, պետականութեան որոշ ստորոգելիներով, եւ փոխադարձ շահաւէտ առեւտուրը (աժան քարիւղի մաքսանենգութեամբ եւ մասամբ նորին…) գլուխը առած կ՛երթար: Ուրեմն՝ Թուրքիոյ համար Քրտական հարցն ալ այս ձեւով «լուծուած» կը համարուէր, որոշ նախապայմաններով:

Ուրեմն՝ տրամաբանական եւ արդիւնաւէտ կը թուէր «զեռօ խնդիրներ»ու քաղաքականութիւնը, չէ՞:

Սենեակին մէջ սակայն, կը մնար մեծ փիղ մը, զոր Անգարա կը փորձէր անտեսել (գէթ հրապարակաւ): Այդ ալ անշուշտ, կռահեցիք, Հայկական հարցն էր: Ի դէպ, այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջն էր, որ կը ստորագրուէին հայ-թրքական տխրահռչակ փրոթոգոլի զոյգ փաստաթուղթերը:

Սուրիական պատերազմը (որ քաղաքացիական չէ անշուշտ) Թուրքիոյ համար «ախորժաբեր»ի դեր կատարեց: Շատ արագօրէն, Սուրիա-Թուրքիա սիրաբանութիւնը վերածուեցաւ թշնամանքի: Համաշխարհային գաղտնիք է, որ Սուրիոյ դէմ կռուողներուն գործնականօրէն զօրակցողներու առաջին շարքին վրան է Թուրքիան, յայտնի ու անյայտ բոլոր միջոցներով: Թուրքիա բացէն ի բաց եւ բազմիցս յայտարարեց, թէ կ՛ուզէ տապալել իր հարեւան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը ու զայն փոխարինել «ժողովրդավար» կարգերով: Այսինքն, մեր գիտցած հայերէնով՝ իր մանկլաւիկներով:

Բայց նոյնիսկ թրքական մամուլին մէջ սկսան լոյս տեսնելու այս միջամտողական վարքագիծը քննադատող վերլուծականներ, ըսելով, որ մինչեւ Սուրիոյ նկատմամբ կեցուածքի փոփոխութիւնը, քիւրտերուն հետ սահմանը միայն Իրաքի հետ էր, հիմա վերածուեցաւ… 1200 քիլոմեթրի, ներառնելով Սուրիան:

Չստացուեց:

Նոր ազդակներ երեւան եկան: Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող Տահէշի դէմ կանգնեցան անոր դէմ գոյութենական պայքար մղող քիւրտերը: Այս մէկը սակայն անընդունելի էր Թուրքիոյ համար: Եւ սկսաւ այն, ինչ տեղեակ ենք բոլորս ալ մամուլէն՝ թրքական զինուորական միջամտութիւն… Տահէշի դէմ, բայց գործնականին մէջ՝ ընդդէմ քիւրտերուն:

Սուրիոյ, քիւրտերուն եւ հայութեան դէմ թշնամական քաղաքականութեամբ, գործնականօրէն փուլ եկած է «զեռօ խնդիրներ»ու թրքական վարքագիծը, որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, Էրտողանի ընչաքաղցութիւնը սահման չի ճանչնար: Ըստ կարգ մը թուրք մեկնաբաններու քիւրտերու դէմ իր այս նոր արշաւով, Էրտողան կը փորձէ լուծել նաեւ իր երկրի ներքին քաղաքական անելը: Այսինքն, երբ Յունիսի սկիզբը կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները չտուին Էրտողանի ակնկալած արդիւնքը, ան պիտի փորձէ այս ձեւով հակաքիւրտ տրամադրութիւններ ստեղծելով ու շահագործելով, խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կազմակերպել Նոյեմբերին, յուսալով այս անգամ մեծամասնութիւն շահիլ, ապա՝ փոխել սահմանադրութիւնը ու նախագահին (այսինքն՝ իր) ձեռքը կեդրոնացնել իշխանութիւնը:

Փաստօրէն, այս ձեւով Թուրքիա ինքզինք մխրճեց ճախճախուտի մը մէջ: Այս ուղղութեամբ, Հայաստանն ու հայութիւնը մտահոգութեան պատճառ ունին, որովհետեւ Էրտողանի այս վարքագիծը, որքան ալ երեւութապէս հաշուարկուած, խորքային իմաստով անտրամաբանական է, արկածախնդրական լուրջ տարրերով, որ կրնայ յանգեցնել ոչ միայն շրջանային (Սուրիա, Իրաք, քիւրտեր), այլ տարածաշրջանային նոր խնդիրներու, յատկապէս Հայաստան- Ատրպէյճան կտրու-ածքով:

Բացայայտ է Ատրպէյճանի հետ Թուրքիոյ ռազմավարական կապը, որուն հիմնական (ու միակ) թիրախը Հայաստանն ու հայութիւնն են: Թուրքիա շատ լաւ գիտէ, որ Հայկական անլոյծ հարցը կ՛առնչուի իր հողային ամբողջականութեան: Իբրեւ այդպիսին, Հայկական Հարցը եզակի է՝ Թուրքիան նկատի առած:

Մեզի կը մնայ շատ մօտէն եւ ուշադիր հետեւիլ այս դէպքերու զարգացումին, որովհետեւ օր մը, տեղ մը, կամայ թէ ակամայ պիտի առնչուինք այս խնդիրին հետ:

ՅԳ: Անցած շաբթուան յօդուածիս մէջ տողատակի նշումով ըսած էի, թէ չեմ գիտեր «Կարկուտ տեղաց» երգին հեղինակը: Յօդուածին լոյս տեսնելէն երկու օր անց, «Ասպարէզ»ի իմ նախկին սերտ գործակիցներէս Րաֆֆի Ղորղորեանը (աւելի ծանօթ՝ «Ասպարէզ»ի Րաֆֆի անունով…) ինծի յղեց նիւ-եորքաբնակ երէց ընկերներէս մէկուն՝ Գրիգոր Գրիգորեանի յօդուածը (լոյս տեսած 5 տարի առաջ, «Ասպարէզ»ի մէջ): Գր. Գրիգորեան կ՛ըսէր, թէ այս երգին հեղինակը նոյնինքն Խանասորի արշաւանքին մասնակիցներէն Գալուստ Ալոյեանն է: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ թէ՛ յօդուածագրին եւ թէ մանաւանդ… «Ասպարէզ»ի Րաֆֆիին, միաժամանակ կցելով յօդուածին յղումը, համակարգիչով կարդացողներուն համար:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Տպել Տպել