«Հայրենիքի» Խմբագրական. Արդարութեան ձայն մը եւս` Լատին Ամերիայէն

FotorCreatedՋրանցքի երկրէն՝ Փանամայէն սփռուած լուրը դժբախտաբար սպասուածին նման չակնկալուեցաւ, չտարածուեցաւ եւ պարզ ու մեկին Երեւանեան բացատրութեամբ եւ արտայայտութեամբ…չստացուեց: Այս մէկը վերագրել համահայկական խաղերու ստեղծած խանդավառութեան եւ աղմուկի՞ն թէ ամառնային շոգին, որ համեմատաբար կ՛անդամալուծէ քաղաքական անցուդարձն ու առ հասարակ եռուզեռը:

Արդարեւ, Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանը Յուլիս 31-ին, յատուկ նիստ մը տրամադրելէ ետք, բանաձեւ մը որդեգրած էր, Թուրքիոյ մէջ հարիւր տարի առաջ կատարուածը հայորդիներուն, որակելով մարդկութեան դէմ մեծագոյն յանցանքներէն մէկը: Այսպէս պատշաճօրէն ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանը շարունակեց, այդ յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան արշաւը, միանալով արդէն իսկ տարածաշրջանի քանի մը երկիրներու լոյս ընծայած բանաձեւերուն:

Պոլիվիա, Չիլէ, Պրազիլ, Արժանթին եւ յատկապէս Ուրուկուայ, իրենց երկրի բարձրագոյն կառոյցներու ճամբով ճանչցած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Փանամայէն հնչած այս ձայնը յար եւ նման է Եւրոխորհրդարանի կառոյցին, գործունէութեան եւ իրաւասութեան:

Այսպէս, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը անշրջելիօրէն կը գործէ եւ կ՛ընթանայ պետական, հասարակական եւ բազմակողմանի մակարդակներով:

Արժանթինի մէջ հետեւողական ձեւով նմանօրինակ բանաձեւեր՝ հակառակ թրքական եւ վերջերս գործի լծուած ազերի լոպիինկին: Ուրուկուայի պարագային, նախագահ Թապարէ Վասքէս (Մարտ 2015-էն ի վեր պաշտօն ստանձնած) եւ յատկապէս անոր նախորդը՝ Խօսէ Մուխիքան բազմիցս թէ՛ գործակցած եւ թէ՛ անձնապէս ներկայ եղած են ի նպաստ Հայ Դատի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն:

Առ այդ, Ուրուկուայի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ալֆրետօ Ասթուն, այս որոշումին մասին անդրադառնալով, նշեց թէ Խորհրդարանը գրեթէ միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւը: Երեւոյթ մը որ ցոյց կու տայ իսկական պատկերը: Նոյնինքն Ասթուն, իր յայտարարութեան մէջ կը նշէ թէ Ուրուկուայը այս նիւթին առնչութեամբ, արդէն յիսուն տարիէ ի վեր պայքարած է: Հոս, տեղին է անգամ մը եւս նշել թէ Լատին Ամերիկայի այս ամենափոքր երկիրներէն մէկը եղած էր առաջին պետութիւնը, որ ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու ընդհանրապէս քննադատած էր աշխարհի մէջ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները:

Եւրոխորհրդարանին նման, Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանը շրջանային մնայուն կազմակերպութիւն մըն է, որ կեանք առած է 1964-ին իբրեւ կեդրոնատեղի ունենալով Փանաման: Այս Խորհրդարանին՝ Փարլամենթօ Լաթինամերիքանոյին (Փարլաթինօ) մաս կը կազմեն թէ՛ Լատին Ամերիկայի եւ թէ՛ Քարայիպեան շրջանի 23 երկիրներու ներկայացուցիչներ:

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն, Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը համերաշխութեան եւ աջակցութեան ուղերձ մըն է քաղաքակիրթ աշխարհին, շարունակ շեշտելով թէ պէտք անյապաղ պայքարիլ ժխտողականութեան դէմ եւ ներկայ օրերուն, ամենայն թափանցիկութեամբ մօտենալ հարցերուն:

Նմանօրինակ հաղորդագրութիւն մը լոյս ընծայած էր Հ.Հ. Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը, վերոյիշեալ բանաձեւի որդեգրումէն օր մը ետք…Համահայկական խաղերու բացման արարողութեան նախօրեակին:

hairenikweekly.com

Օգոստոս 2, 2015

Տպել Տպել