«Ազդակ»ի Խմբագրական. Սեւրը` Պատմական Եւ Ժամանակակից Իրաւաթուղթ

(Սեւրի Դաշնագիրին 95-Ամեակին Առիթով)

FotorCreatedՍեւրի դաշնագիրին եւ անոր իրաւական պարունակին մէջ ամրագրուող Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին մասին որեւէ քաղաքական հրապարակում, այսուհետեւ շատ թերի եւ բացթողեալ բաժիններով կը յատկանշուի, եթէ յղում չկատարէ Սեւրի պայմանագիրին մասին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրի հետեւեալ բաժինին.

«Արժեւորելով 1915 թուականին միջազգային հանրութեան կողմից Անտանտի պետութիւնների մայիսի 24-ի համատեղ հռչակագրով հայ ժողովրդի դէմ իրականացուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ որպէս «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւն» որակումը եւ օսմանեան իշխանութիւններին պատասխանատուութեան կանչելու հանգամանքի շեշտադրումը, ինչպէս նաեւ 1920 թուականի օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագրի եւ 1920 թուականի նոյեմբերի 22-ի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման հարցում»:

Հռչակագիրի այս բաժինին մէջ Ցեղասպանութեան պատասխանատուութեան եւ հատուցման գաղափարներու իրաւաքաղաքական ագուցումը փայլուն ձեւով բանաձեւուած է: Նախ նշուած է մայիս 24-ի միջպետական համաձայնութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւն ճանչնալու, ապա մատնացոյց եղած է ցեղասպանը եւ վերջապէս յստակացուած է հատուցումը` Ուիլսընի սահմանագծած տարածքները եւ ընդհանրապէս Ցեղասպանութեան հետեւանքները յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը:

Հռչակագիրը ուրեմն Սեւրին եւ Իրաւարար վճիռին յղում կատարելով եւ զանոնք արժեւորելով յստակացուցած է մեր տարածքային պահանջատիրութիւնը: Անտեղի է այլեւս հարցումը վերարծարծելը, թէ հայկական կողմը չէ ճշդած, թէ ի՞նչ է իր պահանջածը Թուրքիայէն:

Տարբեր խնդիր է անշուշտ, որ հատուցման իրաւական թղթածրարը ունի բազմաթիւ ենթաբաժիններ, որոնք կ՛իրաւագրուին միջազգային օրէնքներու եւ միջազգային համաձայնութիւններու յօդուածներու ներքեւ: Ընդհանուր ուղղութիւնները` անհատական, եկեղեցական- համայնքային եւ տարածքային- համազգային, ճշդուած են արդէն եւ անոնցմէ իւրաքանչիւր տարազին տակ իրաւականօրէն կը բանաձեւուին հայոց պահանջները:

Բայց Սեւրը քաղաքական այժմէական իրադարձութիւններու առումով եւս շատ հրատապ կարեւորութիւն սկսած է ներկայացնել: Թուրքիոյ մասնատման հաւանականութեան մասին կը խօսին ոչ միայն պաշտօնական եւ անպաշտօն վերլուծական կեդրոնները, այլ նաեւ նոյնինքն Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարները: Թէկուզ ներքին սպառումի համար, արտաքին թշնամիի վտանգը ահազանգելով ներքին միասնութիւն յառաջացնելու փորձերու տրամաբանութեան մէջ, այսուհանդերձ մասնատման խնդիրը տարբեր առիթներով կ՛արծարծուի: Մասնատումը խորքին մէջ այլ ժողովուրդներու ազգային իրաւունքներու վերականգնումի տանող ելակէտ է: Իսկ Սեւրը այս առումով միայն հայոց իրաւունքները չէ, որ ճշդած է: Սեւրը իրաւաքաղաքական սահմանագծումը հաստատած է նաեւ Քիւրտիստանին: Խնդիրը այն է ուրեմն, որ քրտական հարցերու վերլուծման ընթացքին հայկական ոսպնեակը իրաւամբ պէտք է կատարէ յղում նաեւ ապագայ Քիւրտիստանի սեւրեան սահմանները յիշեցնելու առումով: Սեւրի հիման վրայ քրտական եւ հայկական պահանջներու տարածքային սահմանազատումը օգտակար է նաեւ հետագայ բանակցութիւններուն, համաձայնութիւններուն:

Կը թուի, որ շատ հեռու կ՛երթանք Սեւրի եւ ուիլսընեան սահմանագծումներու շեշտուած այժմէականացումները կատարելով: Գործընթացները կայծակնային արագութեամբ կ՛ընթանան եւ հեռահար նպատակները միեւնոյն արագութեամբ կը վերածուին մօտակայի:

Սեւրը ոչ միայն ներազգային առումով պահանջատիրութեան հարցին շուրջ միասնականութիւն ապահովող փաստաթուղթ է, այլ նաեւ արտաքին ճակատի վրայ բազմաթիւ ուղղութիւններով բանակցելի պատմական, բայց նաեւ ժամանակակից իրաւաթուղթ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել