«Ազդակ»ի Խմբագրական. Սահամանադրութիւնը` Իրաւական Գերակայ Փաստաթուղթ

FotorCreatedՀայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան բարեփոխման նախագիծին մէջ ներառուած իրաւադրոյթներուն շուրջ, յայտնաբար տակաւին բանավէճ պիտի ծաւալի: Մինչ այժմ քաղաքական դաշտի մէջ երեւցած բանավէճը անուղղակի է մեծաւ մասամբ: Հազուագիւտ են քննարկման այն միջավայրերը, ուր յօդուած առ յօդուած, համեմատական տրամաբանութեամբ եւ առաջարկուած փոփոխութեան ունենալիք ազդեցութեանց եւ հետեւանքներուն մասին տեսակէտներ կը բարձրաձայնուին եւ խորքային վերլուծումներ կը կատարուին:

Ինքը` Սահմանադրութիւնը օրէնսդրական փաստաթուղթ է եւ սահմանադրագիտական մօտեցումը պարտադիր է: Իրաւագիտական հարթութեան վրայ գուցէ նաեւ նեղ մասնագիտական առումով քննարկումներու հանրայնացումը նախ եւ առաջ ակնկալելի է, որդեգրելի գերակայ այս իրաւաթուղթին պետականաշինութեան գործընթացի կայացման մէջ ունենալիք դերակատարութիւնը ճիշդ ըմբռնելու համար:

Ահա այստեղ է, որ քաղաքականացուած մօտեցումը պէտք է նահանջէ: Մինչ այժմ կը բացակային իրաւագիտական քննարկումները , որոնք իրենց տեղը զիջած են բացառապէս քաղաքականին: Բնական է նաեւ, որ քաղաքական բաժինը զուգորդուի, շարժառիթային ազդեցութիւն ունենայ կամ տեսակէտներու արտայայտման ընթացքին ենթաթեքսթային նշանակութեամբ ինքզինք զգալի դարձնէ, այնուամենայնիւ բացառապէս Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը քաղաքականացնելը օգտակար չ՛ըլլար պետութեան հիմքերը հանդիսացող Սահմանադրութեան ընկալման հարցին մէջ:

Հիմնարար երեք սկզբունք կը ներառուի բարեփոխուած տարբերակին մէջ.

Ա. Այսօրուան գործող կիսանախագահական դրութիւնը կը վերածուի կառավարման խորհրդարանական համակարգի:

Բ. Ընտրակարգը բացարձակ անցում կը կատարէ հարիւր առ հարիւր համամասնականի:

Գ. Իշխանութիւն-ընդդիմութիւն իրար հակակշռման մեքենականութիւնը կը յստակացուի, այն առումով, որ ընդդիմութիւնը կ՛ունենայ իրողաիրաւական լծակներ` հակակշռելու իշխանութիւնը:

Այս երեք սկզբունքները տեսականօրէն երկրի յաւելեալ ժողովրդավարացման նպաստող կէտեր են: Ի տարբերութիւն առաջին Սահմանադրութեան, գործող Սահմանադրութիւնը արդէն իսկ սահմանափակած էր նախագահի լիազօրութիւնները` իրաւասութիւններէն որոշակի մաս բաշխելով վարչապետին եւ խորհրդարանին յատկապէս: Քննարկման սեղանին դրուած տարբերակը յառաջիկայ նախագահին կու տայ զուտ արարողակարգային լիազօրութիւններ` երկրի ղեկավարման հիմնական լիազօրութիւնը հաւաքականացնելով եւ զայն վերապահելով Ազգային ժողովին: Իր ընդհանուր գիծերուն մէջ, որոշումներու հիմնական պատասխանատուն կը դառնայ Ազգային ժողովը, իսկ գործադրութեան պատասխանատուն` կառավարութիւնը: Աւելի պարզ բանաձեւումով` որոշողը Ազգային ժողովն է` Ազգային ժողովի նախագահին գլխաւորութեամբ, գործադրողը կառավարութիւնը` վարչապետին ղեկավարութեամբ, եւ արարողապետը` երկրի նախագահը: Գործառոյթներու այս յստակ բաժանումն ու մանաւանդ որոշումներու հաւաքականացումը գլխիվայր կը շրջէ միանձնեայ ղեկավարի դրութենէն բխած ամէն տեսակի անպատեհութիւններն ու ժողովրդավարութեան անյարիր երեւոյթները:

Ընտրակարգի բացարձակ համամասնականացումը հիմնովին կը նպաստէ երկրի քաղաքական դաշտի բիւրեղացման: Փաստ է, որ խորհրդարանական քննարկումներուն չմասնակցողներուն, նիստերուն բացակայողներուն եւ պատուէր-կոճակ մեքենականութեան մէջ տեղաւորուողներուն կարեւորագոյն բաժինը Ազգային ժողով մուտք գործած է մեծամասնական ընտրակարգով: Հարստապետական կարգերու հաստատման ու կայացման իրաւական նկատառելի եղանակ է ընտրակարգի մեծամասնական չափաբաժինը, որ լիարժէք կ՛օգտագործուէր թէկուզ տեսքով անկուսակցական, այնուամենայնիւ իշխող այս կամ այն ուժին հետ սերտաճած սակաւապետութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ: Բնականաբար կարելի չէ ամուր կերպով հաստատել, որ նման կազմաւորումի եւ դիրքերու տէր մարդոց մուտքը լրիւ կ՛արգելափակուի համամասնական ընտրակարգի առաջադրուած ձեւով, այսուհանդերձ պարզ է, որ որոշակի սահմանափակման կ՛ենթարկուի:

Ընդդիմութիւնը պետականութեան մաս կազմող քաղաքական հատուած է: Ընդդիմութեան փոշիացումը, գործընթացներուն վրայ չազդելու այսօրուան պատկերը օգտակար չէ պետականութեան կայացման աշխատանքներուն: Հաշուետուութիւնը, հակակշռելի ըլլալը, ընդդիմութեան տեսակէտին հետ հաշուի նստիլը պետութիւն ղեկավարելու գործին մէջ անհրաժեշտութիւններ են, որոնք կրնան նպաստել կառավարական եւ խորհրդարանական աշխատանքներուն: Միանձնեայ եւ միակուսակցական գերակայութիւնները ոչ միայն յարիր չեն ժողովրդավար հասկացողութիւններուն, այլ նաեւ կը վնասեն յատկապէս համապետական եւ համազգային խնդիրներու լուծման աշխատանքներուն:

Գլխաւոր այս սկզբունքներէն զատ կան նաեւ ընդդիմութեան դերի ազդեցիկութեան նպաստող երկրորդ հանգրուանի դրութիւնը հաստատող իրաւական ամրագրումներ, վերպետական կազմակերպութիւններու անդամակցութեան կամ տարածքային հարցեր արծարծող համաձայնագիրներու կնքման պարագային հանրաքուէի դիմելու պարտադիր իրաւադրոյթներ: Այս միտումները եւս խորքին մէջ արգելակումներ են միանձնեայ եւ միակուսակցական հէնքի վրայ տրուելիք որոշումներու:

Սահմանադրութիւնը պետականակայացման գործընթացին նպաստող ամէնէն հիմնարար իրաւաթուղթն է: Զայն քաղաքականացնելը կամ օրուան իշխանութիւններուն կողմէ նախաձեռնուած ըլլալուն համար անպայման ինքնավերարտադրանքի սահմաններուն մէջ քննարկելը մեղմ ըսելաձեւով չեն բխիր պետութեան շահերէն:

Սահմանադրութեան բարեփոխումները իրաւագիտական քննարկումներու բովէն անցընելը իրաւաչափ հրամայական է: Տեսակէտները, առարկութիւնները, հակադրուիլները օգտակար կ՛ըլլան, եթէ բխին մեր երկրի վաղուան պատկերացումէն եւ ոչ անպայման այսօրուան իշխանութիւններէն եկած ամէն նախաձեռնութեան հակադրուելու քարացած մօտեցումներէն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել