«Ասպարեզ»ի խմբագրական – 24 տարեկան

FotorCreatedԻնքնիշխան, անկախ պետականութեան մեր տարիքն է, որուն կ՛աւելնան Առաջին հանրապետութեան երկու տարիները:

Ազգերու ու պետութիւններու պատմութեան մէջ 24 կամ 26 տարիքը կրնայ բաւարար արդարացում ըլլալ կամ նկատուիլ խարխափումներու, թերացումներու, բացթողումներու: Ի վերջոյ, պետական մտածողութիւնը միայն ուրիշներու փորձառութեանց, պատմութեան սերտողութեան կամ տեսական քննարկումներու ճամբով կարելի չէ խորացնել, ամրացնել, հարստացնել:

Պէտք է խոստովանիլ, որ մեր նորանկախ պետականութեան, իր ծնունդի առաջին իսկ օրերէն, բաժին ինկաւ այնպիսի ծանրագոյն մարտահրաւէրներ, զորս դիմագրաւելու համար պէտք է դրսեւորուէր հասուն, սեփական միջոցներու եւ հնարաւորութեանց առաւելագոյն լարում ապահովող ռազմավարութիւն:

Այսօր, այս 24 տարիներու կարճ ժամանակահատուածի առարկայական գնահատումը կատարելու աշխատանք մը կրնայ տանիլ չափազանցութիւններու, կուսակցական, կողմնակալ երանգաւորումներով պախարակումներու կամ գովասանութեան:

Այսուհանդերձ, անկախութեան տարեդարձին առթիւ, կ՛արժէ փորձ մը կատարել՝ առարկայականին ըստ կարելւոյն մօտենալով, գնահատում մը կատարելու համար մեր պետութեան կտրած ճանապարհին:

Առաջին հերթին, մեր պետութիւնը կրցաւ այս կարճ ժամանակամիջոցին կերտել յաղթական, ուժեղ, մարտունակ բանակ մը, որ իրեն մէջ հաւաքեց մեր ազգի դարաւոր պատմութեան ռազմական ամբողջ ժառանգութիւնը:

Ազգը միասնական գաղափարախօսութեան մը շուրջ համախմբելու ուղղութեամբ առնուեցան կարեւոր քայլեր, որոնք եթէ շարունակուին, եթէ նպատակասլաց ընթացք ստանան, կրնան ի վերջոյ յաղթահարել առհաւիրքներու պատճառով գոյացած ճեղքերը, պառակտումները, տարտղնումները: Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղին կարեւոր քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ:

Ընկերային արդարութեան վիրաւոր ոլորտը տակաւին կը դիմագրաւէ փտածութեան աղիտալի երեւոյթին դէմ ազդու պայքարի գործիքներ գտնելու անկարողութիւնը: Նաեւ՝ պետական գործիչներու յամառ հաւատքը, թէ՝ կարելի է անպատիժ խժռել ժողովուրդի կենսունակութեան աղբիւրներն ու յոյսը, եւ տակաւին բարբառիլ հայրենասիրութենէ:

Մշակութային փայլատակումները, տաղանդի ու հանճարի դրսեւորումները մեր պետութեան սահմաններէն ներս, նոյնիսկ ամէնէն անտէր մնացած մշակոյթի ու արուեստի ոլորտներուն մէջ, կը թելադրեն մեր ժողովուրդի հզօր կարողականութիւնը՝ իր ուրոյն գոյներով աշխարհը հարստացնելու:

Քսանչորս տարեկան է մեր անկախ պետականութիւնը: Երիտասարդ է, կազմաւորման ընթացքի մէջ է, լի՝ վերիվայրումներով: Այս ընթացքը անկասելի է ու նահանջը բացառուած: Մեր ժողովուրդի ապագայ զարգացման, բարգաւաճման եւ անոր յաւերժութեան երաշխիքն է անկախ պետականութիւնը, մեր Անկախ Հայաստան երկիրը:

asbarez.com

19/09/2015

Տպել Տպել