Հաղորդագրութիւն

logoՎերջին օրերուն արագընթաց զարգացումներ կ՛արձանագրուին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագօտիին եւ Արցախ-Ազրպէյճան հատման գիծին վրայ: Ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ զինադադարի բացայայտ խախտումին եւ հայկական տարածքներուն դէմ կատարուած զինուորական յարձակումներուն պատճառով զոհեր ու վիրաւորներ արձանագրուեցան Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքացիներէն, սահմանապահներէն ու բանակայիններէն:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը խստիւ կը դատապարտէ կովկասեան շրջանի այս հատուածին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները եւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային ընտանիքին ու արցախեան տագնապին առնչուած բոլոր կողմերուն` մղելու Ազրպէյճանը` դադրեցնելու իր յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ, վերջ տալու սահմանագօտիներուն ու քաղաքացիներուն վրայ կատարած իր զինուորական յարձակումներուն, ենթարկուելու միջազգային իր պարտաւորութիւններուն եւ յանձնառութիւններուն, ինչպէս նաեւ շարունակելու բանակցութիւնները` շրջանը զինուորական նոր տագնապներէ եւ անկանխատեսելի հետեւանքներէ փրկելու համար:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ

Տպել Տպել