ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցած Է Նախագահ Սարգսեանին Հետ

FotorCreatedՀայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ` 30 սեպտեմբերին անոր Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովսէփ Աւագեան, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախկին ատենապետ Կարօ Արմէնեան, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայ ատենապետ Քեն Խաչիկեան եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան համազգային խնդիրներ, ներառեալ Ազրպէյճանի յարձակողականութեան սրումը, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Էտ Ռոյսի եւ Էլիըթ Էնկըլի ջանքերը ԵԱՀԿ-ի «արհեստական հաւասարութեան» ձախողած քաղաքականութիւնը դադրեցնելու ի պատասխան Ազրպէյճանի ռազմամոլութեան:

Հանդիպումին մասնակիցները քննարկեցին նաեւ սուրիահայերու ապահովութիւնն ու բարեկեցութիւնը, Հայաստանի սահմանադրական բարեփոխումները, Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան տնտեսական կապերը, ներառեալ նոր, երկկողմանի Հարկային պայմանագիրի մասին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը:

Նախագահ Սարգսեանին կ’ընկերակցէին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Սարգսեան եւ նախագահի բարձրաստիճան անձնակազմը:

Տպել Տպել