Վաւերագրական ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւն

FotorCreatedԳահիրէի Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդում է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերրորդ տարէլիցի Ոգեկոչման եգիպտահայ մարմնի կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 8 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան Ժամը 7-ին, Հելիոպոլսոյ Գրադարանէն ներս Պիտի կատարուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին եգիպտական վաւերագրական «Ով սպաննեց հայերը» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը։

Ֆիլմը նկարահանած ու պատրաստած են հեռուստալրագրող Մարիամ Զաքի եւ բեմադրիչ Մոհամմէտ Հանաֆի, հարիւրամեակի այս տարուան ընթացքին, Եգիպտոսի, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ։

Ցուցադրութեան ներկայ պիտի գտնուին՝ Եգիպտոսի մօտ ՀՀ դեսպան դր. Արմէն Մելքոնեան, Ազգային իշխանութեան, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման Եգիպտահայ մարմնի անդամներ, եգիպտացի պատմաբաններ եւ միջազգային օրէնքի դասախօսներ։

Հուսաբեր

Տպել Տպել