Կոչ Օպամային եւ Ռոմնիին` հայերն ու յոյները յուզող հարցերուն շուրջ այլեւս չլռելու

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբն ու Ամերիկայի Յունական հիմնարկը հրապարակած են միացեալ կոչ մը` ուղղուած Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն մէջ մրցակցող թեկնածուներ, գործող նախագահ Պարաք Օպամային եւ հանրապետական Միթ Ռոմնիին: Անոնք թեկնածուներուն կոչ կ՛ուղղեն` հայերն ու յոյները յուզող հարցերուն նկատմամբ լռութեան վերջ տալու:

Երկու կառոյցներու ղեկավարներուն` Արամ Համբարեանի եւ Նիքա Լարիկաքիսի յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար ըսուած է. «Իբրեւ հայկական եւ յունական յառաջատար երկու կազմակերպութիւններ, Օպամային եւ Ռոմնիին կոչ կ՛ուղղենք ներկայացնելու այն սկզբունքներն ու առաջնահերթութիւնները, որոնցմով պիտի ղեկավարուի Միացեալ Նահանգներու ապագայ նախագահի վարչակազմը այն հարցերու վերաբերեալ, որոնք կը յուզեն այս երկրի հինգ միլիոն քաղաքացիները` յոյները եւ հայերը»:

Տպել Տպել