Խորհրդաժողով` Փարիզի մէջ

Մամլոյ հաղորդագրութիւն

f35883f5-c4ac-41b3-8e32-97d289386936Փարիզի մէջ 20 Նոյեմբեր 2015-ին իր աշխատանքներուն սկսաւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու տարածաշրջանային խորհրդաժողովը:

«Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը եւ Հայ Դատի վերանորոգ պահանջատիրութեան պայքարը» թեմայով այս խորհրդաժողովը կազմակերպուած է Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Նոր Սերունդ երիտասարդական միութեան կողմէ՝ անոր 70-ամեակին առիթով: Եռօրեայ խորհրդաժողովին կը մասնակցին Հ.Յ.Դ. երիտասարդական միութիւններու աւելի քան 70 ներկայացուցիչներ Հայաստանէն, Արցախէն, Անգլիայէն, Գերմանիայէն, Հոլանտայէն, Պելճիքայէն, Աւստրիայէն եւ Ֆրանսայէն:

Դասախօսութիւններու միջոցով պիտի ներկայացուին Հայ Դատի արդի մարտահրաւէրներուն առնչուող շարք մը նիւթեր, ինչպէս՝ թրքական իշխանութիւններու ներքին, տարածաշրջանային եւ հայկական ռազմավարութիւնները, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը, հողային պահանջատիրութեան եւ հատուցման վերաբերեալ Հ.Յ.Դ.-ի սկզբունքները, քրտական հարցը, Թուրքիոյ հայութեան խնդիրները: Մասնակիցները աշխատանոցներու միջոցով պիտի քննարկեն վերոնշեալները ու հայ երիտասարդութեան կեցուածքներն ու գործունէութեան առաջարկները անոնց նկատմամբ:

Խորհրդաժողովը նաեւ առիթ պիտի հանդիսանայ ներկայացնելու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի աշխատանքային հայեցակարգը ու գործունէութիւնը ինչպէս նաեւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ Հ.Յ.Դ. երիտասարդական միութիւններու ծաւալած աշխատանքները: Խորհրդաժողովին զուգահեռ, մասնակիցները պիտի մասնակցին Հ.Յ.Դ. 125 ամեակի եւ Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Նոր Սերունդի 70 ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան:

Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ ընկ. Արմէն Ռուստամեան եւ ընկ. Մուրատ Փափազեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի պատասխանատու ընկ. Սարգիս Մկրտչեան, Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու ընկ. Գասպար Կարապետեան, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի պատասխանատու ընկ. Հայկազուն Ալվրցեան եւ Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Կերդրոնական Կոմիտէի ընկերներ:

Խորհրդաժողովի անդրանիկ նիստին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Արմէն Ռուստամեան ներկայացուց Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը եւ Ղարաբաղեան խնդրի նորագոյն զարգացումները:

Խորհրդաժողովը իր աշխատանքները կը շարունակէ մինչեւ Կիրակի 22 Նոյեբեր 2015:

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ
Փարիզ, Ֆրանսա
21 Նոյեմբեր 2015 թ.

Տպել Տպել