Անխնայ

FotorCreatedՀայաստանի ներքին կայունութեան դէմ ծառացած իւրաքանչիւր սպառնալիք, իւրաքանչիւր վտանգ, համազգային դատապարտանքի պէտք է արժանանայ:

Բազում զրկանքներ, ընկերային աղաղակող անարդարութիւններ հանդուրժած հայրենի ժողովուրդին՝ ներքին կայունութեան հանդէպ ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը, իր ուժը կը ստանայ Արցախեան ճակատը եւ ընդհանրապէս հայրենիքի սահմանները ամուր պահելու անքննելի առաջնահերթութեան գիտակցութենէն:

Այս մեկնակէտէն ելլելով՝ խոր մտահոգութեամբ կ՛արձանագրենք Հայաստանի Անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ յայտնաբերուած՝ ահաբեկչական խմ-բակի բոլոր յատկանիշները կրող օղակի մը գոյութեան փաստը (լուրը՝ էջ 5): Վստահ ենք, որ հայրենի պատկան անվտանգութեան մարմինները բծախնդիր քննութեամբ ու իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցներով պիտի աշխատին բացայայտելու այս օղակի հովանաւորները, անոնց հետապնդած մութ նպատակներու իսկական պատուիրատուները, զորս գտնելու համար շատ հեռուները երթալ պէտք պիտի չըլլայ հաւանաբար:

Մեր երկրի հարեւան տարածքներուն վրայ զարգացող իրադարձութիւնները, անսանձելի թուացող ահաբեկչական գործողութիւններ ընդգրկած եւ օրէ օր ընդարձակուող քարտէսը ծայրայեղ աչալրջութեան ահազանգ է Հայաստանի անվտանգութեան աշխատակիցներուն համար: Նաեւ՝ իւրաքանչիւրիս համար:

Ինչպէս առաւե՛լ հզօր պետութիւններու պարագային, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կը պահանջէ համաժողովրդային գործակցութիւն՝ կանխելու համար մեր երկրին դէմ որեւէ դաւադիր ծրագիրի իրականացում: Բոլորս ալ, Հայաստանի եւ նոյնիսկ Սփիւռքի մէջ, աչք ու ականջ պիտի դառնանք՝ հայրենի բնակչութեան ապահովութեան երաշխիքները զօրացնելու համար:

Նաեւ, հանրային ուժեղ արտայայտութիւններով պէ՛տք է դատապարտենք Հայաստանի հողին վրայ ահաբեկչական ծրագիրներու մասին մտածողները, եւ անոնց հանդէպ անխնայ կեցուածք որդեգրելու վճռականութիւն ցոյց տանք:

asbarez.com

26/11/2015

Տպել Տպել