Պուլկարիոյ ՀՅԴ «Պետո Սերէմճեան» շրջանը երեք յոբելեան նշեց

FotorCreatedՇաբաթ Նոյեմբեր 28-ին Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքին մէջ, ՀՅԴ «Պետո Սերէմճեան» Առանծնակի կոմիտէն նշեց 3 յոբելեան` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125ամեակը, 25 ամեակը Հայաստանի մէջ Կուսակցութեան վերադարձի եւ Պուլկարիոյ մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան վերականգնումի 25 ամեակը: Այս կարեւորագոյն ամեակներու նշման առիթով Պուլկարիոյ տարբեր շրջաններէն Փլովտիւի մէջ հաւաքուեցան կուսակցականներ եւ համակիրներ: Պաշտօնական հիւրերն էին` Փլովտիւի փոխ-քաղաքապետը եւ հայերու բարեկամ Գէորկի Թիթիւքով, տիկ. Նելլի Մաթեւոսեան` խորհրդատու Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Թեմական խորհուրդի անդամներ, Փլովտիւի հոգեւոր հովիւ Տէր Հրաչ Քահանայ Մուրատեան, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ:

Բացումը կատարուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քայլերքով, որմէ յետոյ մէկ վարկեան յոտընկայս լռութեամբ ներկաները յարգեցին մահացած ընկերներու յիշատակը:

Վառնայի ՀՅԴ խումբի խմբապետ Գէորգ Թահմիզեանը իր խօսքին մէջ վերյիշեց խումբի առաջին քայլերը, կուսակցութեան կարեւորութիւնը եւ դերը:

Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան խորհրդատուն տիկ. Նելլի Մաթեւոսեանը իր խօսքին մէջ շեշտեց` «Կ՛ողջունեմ բոլորիդ Հ Յ Դաշնակցութեան յոբելեաններու առիթով. արդէն 125 տարի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը կատարէ կարեւոր դէռ հայկական գաղափարական շարժման մէջ: Առաջին Հայաստանի Հանրապետութեան հիմքը Դաշնակցութիւնն էր: Սարդարապատի յաղթանակի պատճառը` Դաշնակցութիւնն էր: Հայ Դատի հիմքը դնողը` Դաշնակցութիւնն էր: Դեռ առաջին օրերէն Կուսակցութիւնը նեցուկ դարձաւ Արցախի ազատագրական պայքարներուն եւ մինչեւ այսօր աշխոյժ գործ կը տանի Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման նպատակին համար: Թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ Հ Յ Դաշնակցութիւնը կը տանի հայապահպանութեան լայնածաւալ աշխատանք»: Ապա Տիկ. Մաթեւոսեան կարդաց եւ ՀՀ լիազօր դեսպան` Արսէն Սհոյեանի ողջոյնի խօսքը:

Ապա հերթաբար խօսք առին Փլովտիւի ՀՅԴ¬ի խումբի խմբապետ` ընկ. Վաչական Կիլիկեան, որ դարծեալ փոխանցեց իր վկայութիւնը, թէ ինչպէս 25 տարի առաջ վերականգնուեցաւ Հ Յ Դաշնակցութիւնը Պուլկարիոյ մէջ£ Ան ներկաներուն փոխանցեց յուշ մը: «1990¬ին Փլովտիւի մէջ հաւաքուեցանք 6 երիտասարդներ, որոնք աւելի տարեցներէն լսած էինք Դաշնակցութեան մասին, բայց չեինք գիտեր ի՞նչ է զգացումը «ֆաշիստ» եւ «ազգի թշնամի» ՚կոչուելուն: Չեինք գիտեր ին՞չ է աքսորուիլը Սիպիր կամ Պէլէնէ: Բայց որոշած էինք որ պիտի վերականգնենք մեր պապերու սուրբ գործը եւ 1990¬ի Մայիս 25¬ին Կարօ Թորոսեանի1 ներկայութեամբ (դաշնակցական ընկեր 1915 թուականէն) մեր խումբը երդում տուաւ: Այս 6 անցերը այսօր կրկին միասին ենք»:

Բանաստեղծ Զոհրապ Ալիքեանը ներկայացուց իր ոտանաւորը` «Պիտի յաջողինք յաղթանակով», ձօնուած` յատուկ յոբելեանին:

Իսկ Փլովտիւի փոխ-քաղաքապետ Գէորկի Թիթիւքով իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ` «Հպարտ եմ որ 2007¬ին շնորհիւ Եդուարդ Սարաֆեանի ջանքերուն Փլովտիւի Մարզային խորհուրդի մէջ ընդունուեցաւ Ցեղասպանութեան բանաձեւը եւ Կոչ ուղարկեցինք Պուլկարիոյ Ազգային ժողովին ճանաչում տալու Ցեղասպանութեան: Փլովտիւը առաջին քաղաքն էր ուր ընդունուեցաւ Ցեղասպանութեան բանաձեւը, հետեւելով մեր օրինակին, Պուլկարիոյ այլ քաղաքներ եւս ընդունեցին զայն»:

Օրուայ առիթով ամէնէն աւելի յուզուած ներկան 92 տարեկան ընկեր Կարպիս Պաղտասարեանն էր, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ` »1941¬ին ընկերներով դարձանք ՀՅԴ¬ի անդամներ եւ սկիզբը դրինք Պուլկարիոյ Հ Յ Դաշնակցութեան Երիտասարդական կառոյցին. կ՛ողջունեմ Ձեզ բոլորիդ եւ կոչ կ՛ուղղեմ չմոռնաք երբեք Հ Յ Դաշնակցութեան հիմնադիրներու` Քրիստափորի, Ռոստոմի, Զաւարեանի պատգամը` «Միասնութեամբ աշխատեցէք հայրենիք Հայաստանի բարգաւաճման համար»:

Ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ Պուլկարական Գիտութեան Ակադեմիայի կից Պալքանեան Ինստիտուտի նախկին տնօրէն եւ Պուլկարիոյ Հայ Դատի անդամ` փրոֆ. Յակոբ Կարապետեանը, որմէ ետք խօսք առաւ ՀՕՄ¬ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Էլիզապեթ Պօղոսեան: «Երեւան» կազմակերպութեան ողջոյնը ներկայացուց Էլիզապէթ Վարդանեանը:

Ծեռնարկի աւարտին, Պուլկարիոյ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ ընկ. Սահակ Չալըքեան ներկաներուն ցոյց տուաւ նկար մը 1941 թուականէն, որու մէջ կան Պուլկարիոյ հին դաշնակցական ընկերներ: Անոնցմէ մէկը Գրիգոր Փաչաճեանը, որ եղած է իրենց կապը` մեծահասակ եւ նոր սերունդներու միջեւ, յիշեցուց ան: Ապա ընկեր Սահակ Չալըքեան ըսաւ «Մենք հայերս ունինք աւանդութիւն մը` մեր պապերէն կը ստանանք ուժը եւ կամքը, ինչպէս որ նոր Միւռոնին կաւելցուի հին Միւռոն: Դաշնակցութեան գործունէութենէն եւ աշխատանքներէն ժողովուրդը կը տեսնէ միայն այդ 1/10ը որը աշխատանքներու վերջնական արդիւնք է: 125 վարկեան պիտի չբաւեն վերյիշելու համար 125 տարուայ աշխատանքը: Հայաստանի մէջ վերջին քաղաքական կարեւոր իրադարծութիւններէն մէկը – Հայաստանը դառնայ խորհրդարանական Հանրապետութիւն – նոյնպէս Դաշնակցութեան տարիներու հետապնդած նպատակներէն է»:

Չնայած Դաշնակցութիւնը ինչ դիրքի վրայ գտնուած է, իշխանութեան մէջ կամ ընդդիմութիւն, կուսակցութեան առաջնահերթութիւնը միշտ եղած են եւ կը մնան հայ ազգի եւ Հայաստանի շահերը: Այս աշխատանքներուն մէջ միշտ ներկայ են 3 պատգամները`

Առաջինը` Միշտ հայ մնացիր հոգիովդ եւ գործերովդ:

Երկրորդ` Միշտ ունեցիր մէջդ յեղափոխութեան ոգին, չնայած ին՞չ է գինը: Յանուն ընդհանուր գործերուն պէտք է անձնական զանազանութիւնները մոռցուին:

Երրորդ` Միասնութիւնը մեր ուժն է:

Այս պատգամները Դաշնակցութեան գաղափարներուն հիմքն են£ Այս գաղափարները եղած են Քրիստափորի, Պետօ Սերեմճեանի, Նժդեհի գաղափարները, որոնք 1893-1895¬ին հիմնած են կուսակցութիւնը Պուլկարիոյ մէջ: Այս պատգամներուն հետեւեցան նաեւ այն երիտասարդները, որոնք 1941¬ին հիմնեցին Դաշնակցութեան Երիտասարդական կառոյցը եւ յետոյ փոխանցեցին մեզի

Ապա Դաշնակցութեան անդամները երգեցին յեղափոխական երգեր, ապա ներկարները հրաւիրուեցան կազմակերպուած քոքթէյլին: Աւելի ուշ ներկաներէն մաս մը շարունակեցին հանդիպումը կուսակցութեան նոր ակումբին մէջ:

Տպել Տպել