Ակնարկ. Ժողովրդավարացումով Տագնապողները

FotorCreatedՍահմանադրական հանրաքուէին առիթով արձանագրուած խախտումներուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան յայտարարութիւնը տեղի տուած է թէ՛ պետական եւ թէ՛ քաղաքական-հասարակական շրջանակներու լայն արձագանգի:

Ընտրութիւններու եղանակին մասին դէտերու թէ ընդհանրապէս տարբեր պետութիւններու գնահատականները բնականաբար միայն իրաւական սահմաններու մէջ չեն ըլլար` օրէնքը կիրարկած ըլլալու, քաղաքացիին ազատ կամքին վրայ չազդելու, ժողովրդավարական օրինաչափութիւնները յարգած ըլլալու եւ ընդհանրապէս տեսականօրէն ընտրակարգի բիւրեղացումը առաջադրող սկզբունքները գործադրելու առումներով:

Քաղաքական ուղղուածութիւնը ակներեւ է նման եզրակացութիւններու ատեն: Ասիկա չի նշանակեր անշուշտ, որ հանրաքուէի քուէարկութիւններուն ընթացքին խախտումներ, ընտրակաշառքներ կամ ընտրակեղծիքներ չեն արձանագրուած: Ինչպէս այդ բոլորը թերաներկայացնելը առարկայական մօտեցում չէ եւ սուր կերպով քաղաքական շարժառիթներէ կը մեկնի, այդպէս նաեւ զանոնք ուռճացնելն ու գերաներկայացնելը:

Այս հաստատումը անշուշտ ուղղակիօրէն չի վերաբերիր Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հրապարակած յայտարարութեան: Ընդհանուր մօտեցում է` արձանագրուած միջադէպերը կամ խախտումները իրենց չափին մէջ տեսնելու եւ դատաիրաւական ատեաններու եզրակացութիւններէն ետք միայն խօսելու հանրաքուէի արդիւնքներուն օրինականութեան մասին: Իսկ քննութիւններուն համար հիմք պէտք է ծառայեն ոչ միայն ահազանգները, այլ նաեւ բողոքները եւ մանաւանդ անոնց վաւերականութեան համապատասխանող փաստերը:

Ի հարկէ մեր երկրին ընտրական մշակոյթը յայտնաբար դեռ երկար ճամբայ ունի անցնելիք: Եւ այստեղ հարցումը պարտաւորեցնող է: Ժողովրդավարացում հետապնդող սահմանադրական բարեփոխումը ինքնահակասութեան մէջ կ՛իյնայ, եթէ ժողովրդավարացման հասնելու եղանակները հակաժողովրդավարական ըլլան: Այս պատճառով է նաեւ, որ սահմանադրական բարեփոխումներուն առընթեր պէտք է բարեփոխել նաեւ ընտրական օրէնսգիրքը` մեր ընտրական մշակոյթը եւս յաւելեալ ժողովրդավարացման առաջնորդելու համար:

Այս բացթողումներուն եւ սրբագրելի կէտերուն ամէնէն առաջ պէտք է գիտակցի հայկական կողմը թէ՛ իբրեւ պետութիւն եւ թէ՛ իբրեւ հասարակարգ. եւ տրամաբանական չի հնչեր, որ օտար պետութիւնը մեր երկրին ժողովրդավարացումով եւ յոռի բարքերուն սրբագրութեամբ աւելի նախանձախնդիր ըլլայ, քան մենք: Այս պարզ տրամաբանութիւնը կը յուշէ ուրեմն, որ յայտարարութեան ոճի խստացումը կամ անուղղակիօրէն պատժամիջոցներու մեկնաբանութիւն տեղի տուող յայտարարութիւնները գերազանցապէս քաղաքական նպատակ ունին եւ ոչ թէ ընտրակարգ մը ժողովրդավարացնելու կը միտին:

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Միացեալ Նահանգները աշխարհով մէկ կը պայքարին փտածութեան դէմ, 6 դեկտեմբերի հանրաքուէի անաչառ կայացման ուղղակիօրէն միջամտած անձերու մասին հրապարակումներու մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները կրնան նաեւ կիրարկուիլ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէ` դեսպանութեան ծրագիրներուն եւ միջոցառումներուն մէջ մասնակիցներու ներգրաւումը դիտարկելու ընթացքին»:

Եթէ աւելի խորքային ընթերցում փորձենք կատարել, այս յայտարարութենէն կ՛ընկալուի այն, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան մէկ բաժանմունքը հետեւած է ընտրութիւններուն, արձանագրած ընտրախախտումները, գրանցած ընտրախախտողները եւ կը նախապատրաստուի նաեւ անոնց նկատմամբ միջոցառումներ որդեգրել:

Ասիկա կարելի է նաեւ տուեալ երկրի մէջ դիւանագիտական աշխատանքի լիազօրութիւնները անդրանցնող երեւոյթ նկատել եւ անվստահութեան մօտեցում` երկրի դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ: Դեսպանատուները ընդհանրապէս յարաբերութիւններ եւ համագործակցութիւն կ՛իրականացնեն իրենց երկրին եւ այն երկրի միջեւ, ուր հաւատարմագրուած են:

Նման հրապարակումներ, միջոցառումներ կամ «պատժամիջոցներ»-ու մասին յայտարարութիւններ կանխելու համար, մեր երկրի դատական իշխանութիւնները ընտրակեղծարարները բացայայտելու եւ համապատախան վերաբերում ճշդելու անհրաժեշտութեան առջեւ են: Որովհետեւ, միայն հայկական համապատասխան գերատեսչութիւններն ու հայ հասարակութիւնը ընդհանրապէ՛ս բոլորէն առաջ մտահոգ եւ նախանձախնդիր պէտք է ըլլան այդ արատները սրբագրելու. մնացեալները` ժողովրդավարացման անունին տակ քաղաքականութիւն կիրարկողներն են:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել