Պուէնոս Այրէս («Արմենիա» թերթ).- Հինգշաբթի, 14 Յունուարին, Արժանթինի Մարդկային Իրաւանց քարտուղար՝ Գլաուտիօ Ավրուխ հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ Ժանիկ Քէչեանի եւ քարտուղար՝ Էտուարտօ Գոզանլեանի հետ։
Հանդիպման ընթացքին Քէչեան պետական պաշտօնեային փոխանցեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կառոյցի շնորհաւորութիւնները իր նշանակման առիթով, ինչպէս նաեւ ներկայացուց տասնամեակներէ ի վեր Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ շրջանիս մէջ տարուած աշխատանքը, ոչ միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պահանջքի ի խնդիր, այլ նաեւ Մարդկային Իրաւանց ուղղութեամբ։ Ժանիկ Քէչեան նոյնպէս յայտնեց Հայ Դատի Յանձնախումբի զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը Ավրուխի գործունէութեան նկատմամբ։
Իր կարգին, նորընտիր պաշտօնեան վերահաստատեց հայոց իրաւունքներուն հանդէպ իր յանձնառութիւնը եւ զօրակցութիւնը, եւ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէպ պայքարին հանդէպ իր Քարտուղարութեան մնայուն աջակցութիւնը արտայայտեց։
Հանդիպման ընթացքին Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները առաջարկեցին Արժանթինի Մարդկային Իրաւանց Քարտուղարութեան հետ համագործակցիլ եւ հովանաւորութիւն ստանալ, ինչ որ դրական արձագանգ ունեցաւ Գլաուտիօ Ավրուխի կողմէ, որ անգամ մը եւս միասնական աշխատանքի օրակարգի մը պատրաստութեան մասին արտայայտուեցաւ։







