Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպում ունեցաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պէյրտի հետ


Հոկտեմբեր 17-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը Օթթաուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պէյրտի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Սուրիոյ առկայ տագնապի հարցն ու Հայաստանի շրջափակման խնդիրը: Այլ գետնի վրայ, նախարարին փոխանցուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական Տան կողմէ վաւերացուած 2012-ին վաւերացուած այն բանաձեւի բնօրինակը, որ կըանդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութեանց հարցին մասին:

Հանդիպման աւարտին, նախարար Պէյրտի յանձնուեցաւ »Հայկական պատմական յուշարձաններու կացութիւնը Ատրպէյճանի եւ Արցախի մէջ« անգլիատառ գիրքը, որ հրատարակուած է Հայկական ճարտարապետական հետազօտական հիմնարկին կողմէ: Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան, Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան եւ Օթթաուայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան:

Տպել Տպել