Բագրատունի Լազարինիի Հետ Քննարկեց Սուրիահայ Գաղթականներու Պարագան

FotorCreatedՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական փոխներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինի այցելեց Շաղզոյեան կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ սուրիահայ գաղթականներու օժանդակութեան գրասենեակի պատասխանատու Աւետիս Կիտանեանի հետ: Լազարինի ստանձնած է մարդասիրական օժանդակութիւններու թղթածրարը: Անոր կ՛ընկերանային ՄԱԿ-ի Լիբանանի գրասենեակի պատասխանատուներ:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցաւ Լիբանան ապաստանած սուրիահայ գաղթականներու օրակարգը եւ տարբեր մակարդակներու վրայ օժանդակութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Շեշտը դրուեցաւ անմիջական եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներու կարեւորութեան վրայ` ներառելով նաեւ լիբանանահայ հիւրընկալող ընտանիքներու եւ հաստատութիւններու պարագան:

Անդրադարձ կատարուեցաւ համայնքային կառոյցներու եւ բարեսիրական միութիւններու խումբով օժանդակութիւններ կատարելու խնդիրին:

Քննարկուեցաւ նաեւ Հալէպի հայութեան պարագան:

aztagdaily.com

Տպել Տպել