Հարցազրոյց` Հալէպահայութեան շտապ օգնութեան մարմնի անդամ Ռաֆֆի Աւետիսեանի հետ

«…Կ՛ակն­կա­լենք, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ոգի ցու­ցա­բե­րէ, որ­պէս­զի բո­լորս ձեռք-ձեռ­քի, հա­լէ­պա­հա­յու­թեան բո­լոր բա­ղադ­րիչ­նե­րու ճի­գե­րուն մէկ­տե­ղու­մով, կա­րե­նանք յաղ­թա­հա­րել մեր դի­մաց ցցուող այս ար­տա­կարգ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը», «Գան­ձա­սար»ին կ՛ըսէ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան Շտապ Օգ­նու­թեան Մարմ­նի ան­դամ  Ռաֆ­ֆի Աւե­տիս­եան:


* * *

Մեր ըն­թեր­ցող­նե­րը հա­լէ­պա­հա­յու­թեան Շտապ Օգ­նու­թեան Մարմ­նի աշ­խա­տանք­նե­րուն իրա­զեկ դարձ­նե­լու մի­տու­մով, «Գան­ձա­սար» հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Շտապ Օգ­նութ­եան Մարմ­նի ան­դամ Ռաֆ­ֆի Աւե­տիս­եա­նին հետ, որուն ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ:

Հ1.- Ի՞նչ­պի­սի պա­հանջ­նե­րու բե­րու­մով կազմ­ուե­ցաւ հա­լէ­պա­հա­յութ­եան Շտապ Օգ­նու­թեան Մար­մի­նը եւ ի՞նչ էր անոր կազ­մու­թեան նպա­տա­կը:
Պ1.- Սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քին վի­ճակ­ուած տագ­նա­պին հե­տե­ւան­քով, հայ հա­մայն­քին բա­ժին ին­կած դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը հա­մա­հայ­կա­կան ջան­քե­րով եւ աշ­խա­տանք­նե­րով դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար յա­ռա­ջա­ցաւ Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան Շտապ Օգ­նու­թեան Կեդ­րո­նա­կան Մար­մին մը, գլ­խա­ւո­րու­թեամբ Հայ Երեք Հա­մայն­քա­պե­տե­րուն, մաս­նակ­ցու­թեամբ` հայ­կա­կան երեք կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, Հայ Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան եւ Սուր­ի­ա­հայ Օգ­նու­թեան Խա­չին:

Հ2.- Ի՞նչ­պի­սի աշ­խա­տե­լա­ձեւ որ­դեգ­րած է սուր­ի­ա­հա­յու­թեան Շտապ Օգ­նու­թեան Մար­մի­նը, Սուր­իոյ տագ­նա­պին պատ­ճա­ռով սուր­ի­ա­հա­յութ­եան բազ­մա­պի­սի կա­րիք­նե­րուն հաս­նե­լու հա­մար:
Պ2.- Կեդ­րո­նա­կան մարմ­նին կող­քին, գործ­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մար Սուր­իոյ իւ­րա­քան­չիւր հա­յա­հոծ շր­ջա­նի մէջ գոր­ծա­դիր մար­մին­ներ յա­ռա­ջաց­նե­լու կա­րի­քը զգաց­ուե­ցաւ: Հա­լէ­պի մէջ յա­ռա­ջա­ցաւ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան Շտապ Օգ­նու­թեան Մար­մին, որուն մաս կազ­մե­ցին երեք յա­րան­ուա­նու­թիւն­նե­րու, հայ­կա­կան երեք կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ Հա­լէ­պի մէջ գոր­ծող բա­րե­սի­րա­կան եւ մշա­կու­թա­յին հա­մար­եա՛ բո­լոր միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս` Սուր­ի­ա­հայ Օգ­նու­թեան Խա­չի, Կր­թա­սի­րաց Մշա­կու­թա­յին միութ­եան, Գեր­մա­նիկ Վաս­պու­րա­կան Մշա­կու­թա­յին միու­թեան, Ազ­գա­յին Մշա­կու­թա­յին միու­թեան, եւայլն: Ուր­ֆա­յի Վե­րած­նունդ միու­թիւնը, հա­կա­ռակ այս մարմ­նին մէջ նե­րառն­ուած ըլ­լա­լուն, սակայն իր մաս­նակ­ցու­թիւնը չբերաւ աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Աւելց­նենք, որ հա­լէ­պա­հա­յութ­եան Շտապ Օգ­նու­թեան Մար­մի­նը յա­ռա­ջա­ցուց նա­եւ օժան­դակ յանձ­նա­խում­բեր, իւ­րա­քան­չիւ­րը օժան­դա­կութ­եան մար­զի մը մէջ գործի մղե­լու մի­տու­մով:

Հ3.- Հա­լէ­պա­հա­յու­թեան Շտապ Օգ­նու­թեան Մար­մի­նը ցարդ ի՞նչ աշ­խա­տանք­ներ տա­րած է պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կէն տու­ժող­նե­րուն օժան­դա­կե­լու հա­մար:
Պ3.- Սկզբ­նա­կան շր­ջա­նէն իսկ, օր­ուայ կա­ցու­թեան ար­դիւն­քով, յա­ռա­ջա­ցան օժան­դա­կու­թեան երեք են­թա­բա­ժա­նում­ներ պա­տե­րազ­մէն վնասուող­նե­րուն հա­մար` սնն­դե­ղէ­նի յատ­կաց­ման, առող­ջա­պա­հա­կան օժան­դա­կու­թիւն­նե­րու, եւ բնա­կա­րա­նա­յին վնաս­ուածք­նե­րու հա­մար: Ներ­կա­յիս սա­կայն ան­գոր­ծու­թեան պատ­ճա­ռով յա­ռա­ջա­ցած տնտե­սա­կան դժ­ուա­րին կա­ցու­թեան բե­րու­մով, սնն­դե­ղէ­նը սկսանք բո­լոր դի­մող­նե­րուն մա­տա­կա­րա­րել եւ ոչ թէ միայն վնա­սուող ըն­տա­նիք­նե­րուն:

Մին­չեւ այ­սօր մեծ քա­նա­կութ­եամբ սնն­դա­կո­ղով­ներ յատ­կաց­ուած են առանց խտ­րու­թեան բո­լոր ներ­կա­յա­ցող­նե­րուն, որոնք իրենց ըն­տա­նե­կան տետ­րա­կը բե­րե­լով կը ներ­կա­յա­նան եւ ըստ օր­ուան պայ­ման­նե­րուն` տեղ­ւոյն վրայ, կամ մէկ օր վերջ կը ստա­նան սնն­դա­կո­ղո­վը: Սնն­դա­կո­ղո­վը կը պա­րու­նա­կէ 4 հո­գի­նոց ըն­տա­նի­քի մը հա­մար մօտ 1 ամս­ուան սնըն­դամ­թերք:

Առող­ջա­պա­հա­կան օժան­դա­կու­թիւն­նե­րուն մէջ նկա­տի կ՚առն­ուին բո­լոր անոնք, որոնք հրակոծու­թեանց կամ պայ­թում­նե­րու հե­տե­ւան­քով վնաս­ուած կամ վի­րա­ւոր­ուած են, պա­րա­գա­ներ կան, որոնց նիւ­թա­պէս օժան­դա­կած ենք ըստ կա­րե­լիու­թեան, այլ պա­րա­գա­նե­րու հիւան­դա­նոց փո­խադ­րած ենք ու յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով հե­տե­ւած ենք անոնց առող­ջա­պա­հա­կան վի­ճա­կին:

Վնաս­ուած բնա­կա­րան­նե­րու պա­րա­գա­յին, մին­չեւ Նոր Գիւղ շր­ջա­նի զանգ­ուա­ծա­յին վնաս­նե­րու հանգր­ուա­նը, Շտապ Օգ­նու­թեան Մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կ՚այ­ցե­լէ­ին բո­լոր այն բնա­կա­րան­նե­րը, որոնք հռ­թիր­նե­րու կամ ռմ­բահարում­նե­րու պատ­ճա­ռով վնաս­ուած կ՚ըլ­լա­յին, եւ ըստ դէպ­քին ու կա­րե­լիու­թեան նիւ­թա­պէս կ՚օժան­դա­կէ­ին այդ բնա­կա­րա­նա­տէ­րե­րուն: Այ­սօր սա­կայն մե­ծա­թիւ բնա­կա­րան­ներ վտան­գա­ւոր շր­ջան­նե­րու մէջ կը գտն­ուին, անոնց­մէ մաս մը մեծ վնաս­նե­րու են­թարկ­ուած է, յիշ­եալ բնա­կա­րան­նե­րու վնաս­ուածք­նե­րուն հանգր­ուա­նա­յին կեր­պով եւ ըստ անհրա­ժեշ­տու­թեան լու­ծում­ներ պի­տի տրուին:

Հ4.- Անոնք որոնք իրենց բնա­կա­րան­նե­րը կորսն­ցու­ցին կամ բնա­կա­րա­նա­յին լուրջ վնաս­ներ կրե­ցին, ու՞ր ապաս­տա­նե­ցան:
Պ4.- Նոր Գիւղ շր­ջա­նին մէջ բնա­կա­րա­նա­յին վնաս­ներ կրող­նե­րը մեծ մա­սամբ իրենց հա­րա­զատ­նե­րուն տու­նե­րը ապաս­տա­նե­ցան, անոնց­մէ մէկ մա­սին սնն­դա­կո­ղով­նե­րով ու դե­ղո­րայ­քով օգ­տա­կար դար­ձանք, քա­նի մը տասն­եակ ըն­տա­նիք­ներ ալ պատս­պա­րե­ցինք Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի ազ­գա­յին կալ­ուած­նե­րէն «Պե­տիկ­եան» շէն­քին մէջ, ան­հատ բա­րե­րար­ներ ալ ու­նե­ցանք, որոնք իրենց բնա­կա­րան­նե­րը յատ­կա­ցու­ցին Շտապ Օգ­նու­թեան Մարմ­նին, զա­նոնք տրա­մադ­րե­լու հա­մար ան­պատս­պար մնա­ցած հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն:

Հ5.- Հան­րու­թիւնը ինչ­պէ՞ս կը տե­ղե­կա­նայ վե­րո­յիշ­եալ օժան­դա­կու­թիւն­նե­րու յատ­կա­ցում­նե­րուն, իսկ օժան­դա­կու­թեան կա­րիք ու­նե­ցող­նե­րը ի՞նչ մի­ջոց­նե­րով կը դի­մեն ձե­զի:
Պ5.- Շտապ Օգ­նու­թեան Մար­մի­նը սկզբ­նա­կան շր­ջա­նին հա­ղոր­դագը­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կեց «Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թին մէջ, ուր ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց շտա­պի ծրա­գիր­նե­րը, յա­տուկ հե­ռա­խօ­սա­հա­մար­ներ զե­տե­ղե­լով հա­ղոր­դագ­րութ­եան մէջ: Սոյն հա­ղոր­դագ­րու­թիւնը թեր­թիկ­նե­րու վրայ տպ­ուե­լով բաժնը­ւե­ցաւ նա­եւ հան­րու­թեան` եկե­ղե­ցի­նե­րուն եւ միու­թիւն­նե­րուն ճամ­բով: Հան­րու­թիւնը շտա­պի աշ­խա­տանք­նե­րուն կը տե­ղե­կա­նայ նա­եւ եկե­ղե­ցի­նե­րու թա­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րու, միու­թիւն­նե­րու եւ ան­հատ­նե­րու ճամ­բով:

Օժան­դա­կու­թեան կա­րիք ու­նե­ցող ոե­ւէ ան­հատ կր­նայ ներ­կա­յա­նալ Շտապ Օգ­նու­թեան Մարմ­նի կեդ­րոն, ներ­կա­յաց­նել իր ըն­տա­նե­կան տետ­րա­կը եւ ստա­նալ հա­մա­պա­տաս­խան օժան­դա­կու­թիւն:

Շտապ Օգ­նու­թեան Մարմ­նի աշ­խա­տանք­նե­րու վայ­րը Ս.Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րահն է: Այն­տեղ տե­ղի կ՚ու­նե­նան մարմ­նի ժո­ղով­նե­րը եւ ընդ­հան­րա­պէս բա­րե­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, սա­կայն քա­ղա­քիս մէջ կան նա­եւ քա­նի մը այլ կեդ­րոն­ներ, որոնք եւս կը ծա­ռա­յեն նպաստ­նե­րու յատ­կաց­ման, ինչ­պէս` Նոր Գիւ­ղի «Տիգ­րան­եան» սրա­հի կեդ­րո­նը, Սիւ­լէյմանի­էի «Վրաց­եան» կեդ­րո­նը, որ­պէս­զի այդ շր­ջան­նե­րուն մէջ որեւէ դէպք պատահե­լու պա­րա­գա­յին, երի­տա­սարդ տղաք ան­մի­ջա­պէս հաս­նին օգ­նու­թեան եւ պէտք եղած օժան­դա­կու­թիւնը ցու­ցա­բե­րեն մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, օր­ուան բո­լոր ժա­մե­րուն: Օրի­նակ` եթէ հր­դեհ մը պատահած է, կամ վի­րա­ւոր մը, ան­կար մը յայտնուած, տեղ­ւոյն վրայ տղա­քը օգ­նու­թեան կը հաս­նին: Շտա­պին առըն­թեր, հայ երի­տա­սարդ­ներ կան, որոնք ամէն ձե­ւով կը հաս­նին բնակ­չու­թեան պա­հանջ­նե­րուն, ամէ­նէն վտան­գա­ւոր պայ­ման­նե­րու մէջ ան­գամ:

Հ6.- Աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին ինչ­պի­սի՞ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու կը հան­դի­պիք:
Պ6.- Սկզբ­նա­կան շր­ջա­նին մեր հիմ­նա­կան դժ­ուա­րու­թիւնը ան­փոր­ձու­թիւնն էր, որով­հե­տեւ թէ՛ գա­ղու­թը եւ թէ աշ­խա­տող­նե­րը առա­ջին ան­գամն էր, որ կը դի­մագ­րա­ւէ­ին պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կի ար­դիւն­քով յա­ռա­ջա­ցած այս­պի­սի դժ­ուա­րու­թիւն­ներ: Երկ­րորդ դժ­ուա­րու­թիւնը նիւ­թա­կան սահ­մա­նա­փակ կա­րե­լիու­թիւն­ներն են` ան­սահ­ման կա­րիք­նե­րու դի­մաց: Սա­կայն փոր­ձա­ռա­կան իմաս­տով, օրե­րու թա­ւա­լու­մով, Շտապ Օգ­նու­թեան Մար­մի­նը եւ անոր կող­քին գոր­ծող օժան­դակ յանձ­նա­խում­բե­րը որոշ փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք ձգե­ցին եւ գոր­ծը սկ­սաւ աւե­լի կազ­մա­կերպ­ուած ձե­ւով ըն­թա­նալ:

Հ7.-Պե­տա­կան կող­մե­րէ, հայ­կա­կան այլ գա­ղութ­նե­րէ կամ Հայ­րե­նի­քէն որե­ւէ օժան­դա­կու­թիւն ստա­ցա՞ծ էք կամ կը նա­խա­տե­սէ՞ք ստա­նալ:
Պ7.- Շտա­պը ցարդ յա­րա­բե­րած է Սուր­ի­ա­կան Կար­միր Մա­հի­կին հետ, որ­մէ կարգ մը օժան­դա­կու­թիւն­ներ ստա­ցած է, նաեւ քրիս­տո­ն­է­ա­կան բա­րե­սի­րա­կան կարգ մը կող­մե­րու հետ որոշ աշ­խա­տանք­ներ ծա­ւա­լած է: Պե­տու­թե­նէն ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը շատ են, սա­կայն օր­ուան կա­ցու­թեան լոյ­սին տակ, այ­սօր մեծ սպա­սում­ներ չու­նինք, մեր են­թա­յանձ­նա­խում­բը աշ­խա­տանք կը տա­նի, որ վնաս­ուած տու­նե­րու, կալ­ուած­նե­րու, ինք­նա­շարժ­նե­րու փոխ­հա­տուց­ման աշ­խա­տան­քին գծով օգ­տա­կար դառ­նայ մեր ժո­ղո­վուր­դին, պե­տա­կան հա­մա­պա­տաս­խան գրա­սեն­եակ­նե­րու մի­ջո­ցով:

Նախ­քան Շտա­պի կազ­մու­թիւնը, նիւ­թա­կան ներդ­րում ստա­ցանք Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան Բիւ­րո­յէն եւ ան­հատ բա­րե­րար Տի­ար Գաբրի­էլ Չէմ­պէրճ­եա­նէն, ապա Շտապ Օգ­նու­թեան Մար­մի­նը կազ­մող կող­մե­րէն փոքր գու­մար­ներ յատ­կաց­ուե­ցան: Նուի­րա­տուու­թիւն­ներ եղան նա­եւ Հա­լէ­պի ան­հատ բա­րե­րար­նե­րու եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու հայ հա­մայն­քի ան­հատ­նե­րու կող­մէ:

Խոս­տում­ներ կան, որ բո­լոր հայ­կա­կան շր­ջան­նե­րու օժան­դա­կու­թիւն­նե­րը, որոնք պի­տի հա­ւաք­ուին Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ան­թիլ­ի­ա­սի մէջ բաց­ուած յա­տուկ հաշ­ուե­հա­մա­րին տակ, յա­ռա­ջի­կայ օրե­րուն պի­տի հաս­նին մե­զի:

Հ8.- Որ­պէս վեր­ջին խօսք, ի՞նչ կը փո­խան­ցէք մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն:
Պ8.- Բարձր կը գնա­հա­տենք Շտապ Օգ­նու­թեան Մարմ­նին օժան­դա­կող բո­լոր յանձ­նա­խում­բե­րը, երի­տա­սարդ­նե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դի մեծ մա­սը, որոնք գի­տակ­ցե­լով օր­ուան կա­ցութ­եան կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին եւ կը փոր­ձեն մեր աշխատանքը դիւ­րաց­նել: Նկա­տի ու­նե­նա­լով մեր բո­լո­րին հո­գե­կան վի­ճակն ու տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը կ՚ակն­կա­լենք, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը ամէն պա­րա­գա­նե­րու տակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ոգի ցու­ցա­բե­րէ, որ­պէս­զի բո­լորս` ձեռք-ձեռ­քի, հա­լէ­պա­հա­յութեան բո­լոր բա­ղադ­րիչ­նե­րու ճի­գե­րու մէկ­տե­ղու­մով, կա­րե­նանք յաղ­թա­հա­րել մեր դի­մաց ցցուող այս ար­տա­կարգ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը:

Հարցազրոյցը վարեց`
Զարմիկ Պօղիկեան

Տպել Տպել