Ցեղասպանութեան պատժելիութեան բանաձեւը

Ֆրանսահայ ընկերակցութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահները՝ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան, հոկտեմբեր 18-ին ընդունուած են Ազգային ժողովի ընկերվարականներու խմբակցութեան նախագահ Պրիւնօ Լը Ռուի կողմէ:

Հայկական պատուիրակութեան անդամները՝ Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրէնքի մը որդեգրման գործընթացը իր աւարտին հասած տեսնելու փափաքը յայտնած են՝ յիշեցնելով, որ ատիկա մաս կը կազմէր թեկնածու Հոլանտի յանձնառութեանց:

Ա. Թորանեան եւ Մ. Փափազեան իրենց խօսակիցին ըսած են, թէ «Ֆրանսահայ համայնքը անհամբեր կը սպասէ, որ Հանրապետութեան նախագահը եւ Ընկերվարական կուսակցութիւնը յարգեն իրենց խոստումը»:

Պատասխանելով՝ Պ. Լը Ռու հաւաստած է, որ իշխանութեան մեծամասնութեան՝ այդ ուղղութեամբ կամքը կը շարունակէ մնալ անփոփոխ, եւ թէ ինք պիտի պահանջէ «ընկերվարական խմբակցութենէն բանաձեւի մը պատրաստութիւնը, որ պիտի ներկայացուի Հանրապետութեան նախագահին պաշտօնավարման առաջին տարուան աւարտէն առաջ»:

Ազգային ժողովի Ընկերվարական խմբակցութեան նախագահը եզրափակած է. «Պիտի ստանձնեմ անհրաժեշտ յանձնառութիւնները՝ յառաջանալու համար եւ նպաստելու՝ Հանրապետութեան նախագահին յանձնառութիւններու գործադրման»:

Տպել Տպել