Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի հաղորդագրութիւնը

Երէկ` Էշրեֆիէի մէջ տեղի ունեցած անարգ պայթումէն անմիջապէս ետք, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց դատապարտանքի հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Էշրեֆիէն թիրախ դարձուցած անարգ պայթումը, որ պատճառեց զոհեր ու վիրաւորներ:

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ ոճրային այս արարքը եւ կը շեշտէ զոհերուն ընտանիքներուն հետ զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր կը նկատէ զգուշանալ` դէպի ապահովական բացթողումներ սայթաքելու վտանգէն:

«ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ ազգային գիտակցութեան եւ Լիբանանի բոլոր զաւակներուն միասնականութեան»:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Տպել Տպել