Ապահով ենք, սակայն վրդոված

FotorCreatedՀՅԴ Երոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ աշխատակիցները, Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբը խորապէս սրտնեղած են Պրիւքսելի եւ Զաւենթեմի միջազգային օդակայանի այսօրուան ահաբեկչական ցաւալի յարձակումներէն:

Ապահով ենք, սակայն վրդոված: Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք հեռաձայնեցին եւ զօրակցական պատգամներ ուղարկեցին: Կը ցաւակցինք անմեղ կեանքերու կորուստին, եւ մեր մտածումները եւ աղօթքները կ’ուղղենք անոնց ընտանիքներուն եւ բարեկամներուն:

Այսօրուան աշխարհին մէջ վայրագութիւնը եւ ատելութիւնը տեղ չունին…: Եւրոպայի տարածքին մեր ամբողջ կազմակերպութիւններուն անունով, մեր զորակցութինը կը յայտնենք Պելճիքայի թագաւորութեան եւ համայն բնակչութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ այս վախկոտ արարքները յաղթահարելու մէջ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբ, գրասենեակ
ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբ

Պրիւքսել,
22/03/2016

Տպել Տպել