Ակնարկ. Եւրոպայի Ահաբեկչական «Գարուն»-ը

FotorCreatedԵրէկ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Եւրոպայի մայրաքաղաքը ցնցած ահաբեկչական արարքներու շարքին վրայ: Ամբողջ Եւրոպային ուղղուած ահաբեկչական արարքներուն շարժառիթները կարելի չէ միանշանակօրէն բանաձեւել` իրենց բոլոր հետապնդած նպատակները միանշանակ նշելով:

ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ամէնէն բիրտ պատերազմը այս օրերուն կը տարուի սուրիական տարածքներու վրայ ռուս-ամերիկեան համաձայնութեամբ, Եւրոպայի երկրորդական մասնակցութեամբ, սակայն հարուածուողը նախ եւ առաջ այս տարողութեամբ Եւրոպան է: Արդէն պարզ է, որ խնդիրը սոսկ Պելճիքային չի վերաբերիր, այլ` պաշտօնական Պրիւքսէլին, որ ոչ միայն Պելճիքայի մայրաքաղաքն է:

Մարդասիրական տագնապը դեռ իր լուծումը չգտած, ապահովական տագնապը կը վերադառնայ Եւրոպա փարիզեան դէպքերուն յիշեցումը կատարելով, միաժամանակ ոճի կրկնութիւն եւ դէպքերու շարունակականութիւն ընդգծելով: Մարդասիրական տագնապին կ՛աւելնայ ապահովականը, առանց մոռցնելու, այլ ընդհակառակն` շեշտելով նաեւ տնտեսականը:

Այս թոհուբոհային համապատկերին մէջ բռնկուած տարածաշրջանին մէջ կ՛երեւին հրդեհին բոցերը չընդունող Իսրայէլը, իսկ տնտեսութեան համաշխարհային ճգնաժամին մէջ տնտեսական դանդաղ վերելք արձանագրող Միացեալ Նահանգները: Այժմու գնահատականով ՏԱՀԵՇ-էն ամէնէն սուր կերպով կը տուժեն տարածաշրջանային երկիրներն ու Եւրոպան: Եւրոպան, փաստօրէն, կ՛ապրի ահաբեկչական «գարուն» մը:

Եւրոպա գաղթականներ ուղարկելով համատարած ճգնաժամ յառաջացուցած Անգարան ֆինանսական յաւելեալ բեռներ կը պարտադրէր Պրիւքսէլին` ճգնաժամի կասեցման համար նոր պարտամուրհակներ ստորագրել տալով: Առաջինը չփակած երկրորդն ու ընդհանուր հանրագումարը պահանջելով Անգարան կը սրցնէր տնտեսական տագնապը: Գաղթականներուն հետ նաեւ ահաբեկիչ տարրեր ուղարկելով Եւրոպա` Անգարան կը նախանշէր գաղթականներու հարցի լուծման առընթեր յառաջացնել նոր տագնապ Եւրոպայի համար` ապահովական բնոյթով: ՏԱՀԵՇ-ը տակաւին պիտի շարունակէր աշխատիլ իբրեւ աշխարհաքաղաքական գործընթացներու կայացման համար գլխաւոր գործիք:

Պրիւքսէլը ցնցած ռմբահարումներուն նախօրէին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պելճիքային պաշտօնական բողոք յայտնած էր այն բանին առնչութեամբ, որ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ Պրիւքսէլ այցելութեան ժամանակ տեղական իշխանութիւնները արտօնած են քաղաքի կեդրոնը կանգնեցնել Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) վրանը:

Խնդիրին հետ կապուած Անգարայի մէջ Պելճիքայի դեսպան Մարք Թրոնթուզուն կանչուած էր Անգարա, ուր իրեն փոխանցած էին բողոքը:

Պայթումներէն անմիջապէս ետք Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Վոլքան Պոզքըր Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն մասին յայտարարած էր, որ «Պելճիքան արտօնած էր, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դրօշները իր երկրին մէջ ծածանին», ինչ որ վիրաւորանք էր իրենց:

«Ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Եւրոպական Միութիւնը միշտ պէտք է առանձնացնել, սակայն երկիրներ կան, որ չեն պայքարիր այնքան, ինչքան անհրաժեշտ է», ըսած է Պոզքըր` մեղադրելով Պելճիքայի կառավարութիւնը ՔԱԿ-ի «ահաբեկիչներուն» քարոզչութիւն ընելու արտօնութիւն տալու համար:

Ակնարկը թափանցիկ էր. Պրիւքսէլը ընդունելով քիւրտերը, առիթ տուած էր ահաբեկչութեան իրականացումին իր երկրին մէջ:

Այն ինչ որ Սուրիոյ մէջ չյաջողեցաւ ընել Անգարան` քրտական շարժումը ներկայացնել իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն, հիմա կը փորձէ ընել Եւրոպայի մէջ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել