Թուրքիա Դարձեա՛լ «Կը Վրիպի» Արեւմուտքի Տեսադաշտէն

(ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ… ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՀԱՐՑՈՎ)

FotorCreatedՀամաշխարհային տպագիր, եթերային եւ էլեկտրոնիք մամուլը կը յորդի Պրիւքսելի վերջին ոճրային դէպքերուն մասին տեղեկութիւններով, վերլուծումներով եւ «վերլուծումներով»:

Կան երկու ուշագրաւ արարներ, զորս անհրաժեշտ է քով-քովի բերել, որպէսզի պատկերը աւելի յստականայ:

Արար առաջին:

Դէպքէն մէկ օր ետք, հետեւեալ ուշագրաւ լուրը հաղորդուեցաւ. ուրեմն, ոճրային արարքի ենթադրեալ հեղինակներէն մէկը, Իպրահիմ Պահրաուի անունով, ամիսներ առաջ ձերբակալուած է Թուրքիոյ մէջ, երբ, ըստ թրքական պետական աղբիւրներու, կը փորձէ եղեր Սուրիա անցնիլ: Թրքական իշխանութիւնները զինք… արտաքսած են Հոլանտա (այնտեղէն Թուրքիա մտած ըլլալուն պատճառով), Պելճիքայի իշխանութիւններուն տեղեկացնելով, որ ենթական (Էրտողանի բառերով) «վտանգաւոր ահաբեկիչ մըն է»: Պելճիքական իշխանութիւնները, իրենց կարգին, զայն ազատ արձակած են, որովհետեւ ոչ մէկ ապացոյց գտած են Պահրաուիի «վտանգաւոր» ըլլալուն կապակցութեամբ:
Էրտողան, իբրեւ ահաբեկչութեան եւ… ՏԱԷՇի դէմ պայքարող «աննկուն մարտիկ», այս ձեւով Եւրոպական միութեան կ՛ըսէ՝ «ձեզի չըսի՞նք»…

Վաչե Բրուտեան

Վաչե Բրուտեան

Արար երկու:

Չորեքշաբթի օր, հեռատեսիլի ռուսական Russia Today (RT) կայանը նոր ու ցնցիչ մանրամասնութիւններ հաղորդեց, այս անգամ Թուրքիոյ եւ ՏԱԷՇի սերտ կապերուն մասին: Նշեալ կայանի լրագրողները Սուրիոյ քիւրտերուն կողմէ ՏԱԷՇէն ազատագրուած գօտիին մէջ գտան, նկարահանեցին եւ հրապարակեցին քիւրտերուն կողմէ գրաւուած փաստաթուղթեր, ուր յստակօրէն կ՛երեւին մանրամասնութիւններ, թէ ինչպէս սուրիական քարիւղը Թուրքիա կը փոխադրուի, թուականներով, բեռնակառքերու վարորդներու ցուցակներով, քարիւղի քանակով եւ սակագինով (տակառը 12 տոլար):

Հրապարակուեցան նաեւ ՏԱԷՇի զինեալներու անցագիրներու պատկերներ, ուր յստակօրէն կ՛երեւէին ոչ միայն անոնց անունները եւ հպատակութիւնը, այլեւ անոնց Թուրքիա մուտքի կնիքները՝ «Կիրիշ» (մուտք):

Առաւել, պաստառէն ցուցադրուեցան նշեալ ծայրայեղական կազմակերպութեան քարոզչական թերթիկներ, ու գրքոյկներ, որոնց վերջաւորութեան յստակօրէն կ՛երեւէին տպարանին անունն ու հասցէն, որ (գուշակեցիք արդէն) Թուրքիոյ մէջ է:
Ռուսական նշեալ կայանի լրագրողները նաեւ քիւրտերուն ձեռքը գերի ինկած ՏԱԷՇի զինեալներուն հետ իրենց կատարած հարցազրոյցներէն հատուածներ հրապարակեցին, ուր ենթակաները բերանացի բացատրութիւններ եւ մանրամասնութիւններ տուին Թուրքիոյ հետ իրենց ունեցած սերտ գործակցութեան մասին:
Ու այս բոլորէն ետք, Էրտողան Եւրոպային կ՛ըսէ՝ «Ձեզի չըսի՞նք»… Մեր մեծերը իմաստուն խօսք մը ունին՝ «Էշը ինք է, փալանը (համետը) իմ վրաս պիտի անցընէ»:

Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած պատերազմի սկիզբէն իսկ ակնյայտ էր Թուրքիոյ մասնակցութիւնը եւ մեղսակցութիւնը: Նոյնքան ակնյայտ էր Թուրքիոյ դերակատարութիւնը ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումները զինելու, մարզելու, անոնց ապաստան ու ամէն ձեւի գործնական ու քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերելու իմաստով: Ժամանակի ընթացքին երեւան եկած նորանոր փաստերն ու ապացոյցները պարզապէս նոր մանրամասնութիւններ ի յայտ բերին:

Միւս կողմէ սակայն, Եւրոպայի ու Մ. Նահանգներու մէջ նոյն այս ծայրայեղ խմբաւորումներուն կողմէ գործուած արիւնալի նախճիրները ոչինչ փոխեցին ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիոյ նկատմամբ Արեւմուտքի վարած քաղաքականութեան մէջ:

Եւրոպական միութեան համար շատ յստակ էր, որ անցեալ աշնան դէպի Եւրոպա կատարուած «գաղթականական յարձակողականը» որո՞ւ կողմէ շղթայազերծուած-բեմադրուած էր: ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիո՛յ: Արդի՞ւնքը՝ Թուրքիան վարձատրուեցաւ 6 միլիառ տոլարով եւ քաղաքական կարեւոր զիջումներ ստացաւ Եւրոպական միութենէն, որ կարծէք ծունկի եկած է:

Նոյնիսկ հիմա, երբ Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕի կեդրոն Պրիւքսելի մէջ արիւնալի ոճիր կը պատահի (31 սպանեալ եւ 270 վիրաւոր), դժուար չէ նկատել նոյն ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը, առնուազն լուռ ձեւով: Որովհետեւ, ինչպէ՞ս կը պատահի, որ «վտանգաւոր ահաբեկիչ» մը կը ձերբակալուի եւ փոխանակ դատուելու եւ օրինական տնօրինումի ենթարկուելու, «կ՛արտաքսուի»: Չմտածե՞լ արդեօք, թէ արտաքսուեցա՞ւ, թէ … գործուղղուեցաւ:

Պարզ է, որ յանձինն Սուրիոյ մէջ գործող զինեալ ծայրայեղ իսլամ խմբաւորումներուն, Թուրքիա իր ձեռքը ունի կամակատարներ, որոնք կոչուած են իր կեղտոտ գործերը ընելու:

Սակայն այս բոլորը «կը վրիպին» ոչ միայն Արեւմուտքի քաղաքական շրջանակներու տեսադաշտէն, այլ նոյնիսկ հեռատեսիլի մէկ կայանէն միւսին տաղաւարը հրաւիրուող «մասնագէտներու» կիզակէտէն: Ըստ երեւոյթին, եւ այս յօդուածագրին համոզումով, Արեւմուտքին եւ Թուրքիոյ համար աշխարհաքաղաքական ու բնական հարստութիւններու կողոպուտին առնչուած շահերը այնքան մեծ են եւ գրաւիչ, որ կարծէք նոյն այդ շրջանակները հաշտուած են ատոր դիմաց վճարուելիք գինին հետ:

Բայց մինչեւ ե՞րբ: Երբեք մտահոգ չենք, որ Թուրքիա այս ծայր աստիճան վտանգաւոր խաղին մէջ մտնելով, կը վտանգէ ինքզինք: Մենք, իբրեւ հայութիւն ու Հայաստան, վերջինը պէտք է ըլլանք Թուրքիոյ ապահովութեամբ մտահոգուող:

Մեր կիզակէտը մեր ռազմավարական հեռահար շահերն են: Միա՛յն:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

24 Մարտ 2016

asbarez.com

Տպել Տպել