Դէպի Ո՞ւր Կ՛երթայ Թուրքիան Ներկայիս

FotorCreatedԿը թուի, թէ Թուրքիան ներկայիս, առանց որեւէ ուղղութեամբ, կը քալէ իր քաղաքականութեան փշոտ ճանապարհներուն մէջ:

Օսմանեան կայսրութիւնը գոյատեւեց հարիւաւոր տարիներ, երբ օսմանեան կայսրը (խալիֆան) կայսրութեան քաղաքական եւ կրօնական պետն էր. իբրեւ իսլամներու խալիֆա, ոեւէ մահմետական չէր կրնար չհետեւիլ անոր։

Կայսրութեան փլուզումէն ետք, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք հիմնեց Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը՝ 1923ին, եւ Թուրքիան աշխարհիկ պետութեան վերածեց. սակայն իր կատարած բոլոր փոփոխութիւնները չկրցան թուրք հասարակ խաւին մէջ արմատացած իսլամական սովորութիւնները ջնջել: Աթաթիւրք ուզեց իսլամներու խալիֆա ըլլալու բեռը թուրքիոյ ուսերէն վար առնել, հետեւաբար՝ թիկունք դարձուց Մեքքէին՝ իսլամական սրբավայրին, հայեացքը դէպի Արեւմուտք ուղղելով։ Իրեն յաջորդողները նոյն քաղաքականութեան հետեւելով՝ միշտ փորձեցին երկիրին եւրոպական զգեստ հագցնել… Ուստի, Թուրքիան Հիւսիսատլանտեան խաղաղութեան կազմակերպութեան (ՆԱԹՕ) անդամակցելով՝ մնայուն համոզումը ունեցաւ, թէ ինք իր դրացի երկիրներէն աւելի՛ զարգացած է եւ հզօր:0000Aghbashian2

Քանի մը եւրոպական կազմակերպութիւններու անդամակցելէն ետք Թուրքիա դիմեց Եւրոպական խորհուրդի անդամակցութեան, սակայն իր անդամակցութիւնը յաճախ յետաձգուեցաւ եւ տակաւին կը յետաձգուի՝ քանի մը պայմաններու պատճառաւ. անոնցմէ մէկն է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Թուրկութ Էօզալ լաւ ըմբռնած էր անդամակցութեան յետաձգման բուն պատճառը եւ արտայայտուած էր այդ մասին՝ ըսելով. «Անոնք մեր անդամակցութիւնը չեն ուզեր, որովհետեւ մենք իսլամ ենք, իսկ իրենք՝ քրիստոնեայ, բայց այդպէս չեն արտայայտուիր»։ Իսկապէ՛ս որ բուն հարցը քաղաքակրթութեան հակադրութիւնն է Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ, եւ պարզ է, որ եւրոպացիները Թուրքիան պիտի չընդունին իրենց շարքերուն մէջ:

Արդի Թուրքիան իսլամներու խալիֆա ըլլալ չուզեց եւ Մեքքայէն հեռացաւ Աթաթիւրքի օրերէն ի վեր, իսկ Եւրոպան ալ, իր կարգին, Թուրքիան իր շարքերուն մէջ չուզեց, եւ կը թուի, թէ երբե՛ք պիտի չուզէ: Պէտք էր, որ Թուրքիան ուրիշ ուղղութեամբ քալէր, հետեւաբար նոր ելք մը գտաւ՝ նախկին սովետական իսլամ երկիրները, որոնք Թուրքիոյ նման նոյն կրօնքը, լեզուն եւ մշակոյթը ունին. ուստի, լաւ պիտի ըլլար անոնց հետ միանալ եւ Թուրքիոյ հին երազները՝ Փանթուրանականութիւնը իրականացնել։ Սակայն, բացի Ատրպէյճանէն, այդ երկիրներուն հետ կրօնական եւ մշակութային կապերէն աւելին չկրցաւ հաստատել. պարզապէս՝ անոնք չուզեցին պարել Թուրքիոյ մեղեդիով։ Իսկ Ռուսիան, միւս կողմէ, իր տնտեսական, ռազմավարական եւ այլ հին կապերը վերահաստատելով այդ երկիրներուն հետ՝ Թուրքիան ետ դարձուց իր սահմանները:

Ներկայիս, ՆԱԹՕին համար Թուրքիա ծանր բեռ մը եղած է. անիկա համամտութիւն ցոյց չտուաւ, երբ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական պատերազմական օդանաւը վար առնուեցաւ, այլ ընդհակառակը՝ լուրեր տարածեց ըսելով, թէ ինք՝ ՆԱԹՕ, նեցուկ պիտի չկանգնի Թուրքիոյ, վերջինիս գլուխէն մղուած հակամարտութիւններուն պարագային:

Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը նաեւ Սուրիոյ հանդէպ ձախողեցաւ, իսկ Էրտողանի ու Տաւութօղլուի «Զերօ խնդիր» քաղաքականութիւնը արդէն վաղուց ջուր ինկաւ։ Սակայն, Թուրքիոյ փառամոլ եւ յամառ նախագահ Էրտողան տակաւին իր անձնական հաշիւները ունի. ան դեռ կը փորձէ վերականգնել օսմանական փառքերը եւ զօրութիւնը: Խալիֆայութիւնը հաստատելուն նուիրուած 5000 հոգինոց ժողով մը՝ թրքական «Թահրիր» կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, Անգարայի մէջ, երբեք անհանգստութիւն չէ պատճառած Թուրքիոյ աշխարհիկ պետութեան, որուն ղեկավարն է արմատական իսլամ Էրտողան: Թուրքիան շատ օգտուեցաւ իր գաղտնի յարաբերութիւններէն եւ տնտեսական կապերէն՝ շինծու «Իսլամական պետութեան» (ՏԱԷՇ) հետ։ Անիկա երկար ժամանակէ ի վեր, «Իսլամական պետութեան» գրաւած հանքերէն արտադրուած քարիւղը շատ աժան գինով կը գնէ, իսկ իր կարգին, ՏԱԷՇին զէնք, ուտեստեղէն, բժշկական ծառայութիւններ եւ ամէն տեսակի կազմակերպչական աջակցութիւն կ՛ապահովէ:

Բայց մինչեւ ե՞րբ…

Ռուսական աջակցութիւնը Սուրիոյ, Թուրքիոյ հաշիւները խանգարեց… Թուրքիոյ յարաբերութիւնները «Իսլամական պետութեան» հետ հեշտութեամբ չեն շարունակուիր… Քիւրտերը մղձաւանջ եղած են Թուրքիոյ համար. Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամները կը շարունակեն իրենց պայքարը Թուրքիոյ պետութեան դէմ՝ օգնութիւն ստանալով այլ երկիրներէ՝ ըստ թրքական մամուլին։ Նաեւ, Ամերիկան նեցուկ կը կանգնի Սուրիոյ քիւրտերուն, որոնք կը պատերազմին ՏԱԷՇի դէմ, բաւական լաւ դիրքեր գրաւելով, եւ այդ մէկը եւս անհանգստութիւն կը պատճառէ Թուրքիոյ։ Վերջերս, Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան քանի մը պայթումներ, որոնք քիւրտերուն վերագրուեցան։ Թուրքիոյ միակ բարեկամները Իրաքի քիւրտերն են, որոնք տարիներէ ի վեր կթան կով եղած են Թուրքիոյ համար, սակայն անոնք եւս սնանկացան՝ Պաղտատի կառավարութեան նման:

Այս բոլոր դռները փակուելէն ետք, Թուրքիան վերադարձած է իր հին հաշիւներուն. Էրտողան ջանք կը թափէ արաբներուն հետ համագործակցելու, սակայն ո՞ւր են անոնք… Սուրիա եւ Իրաք Պարսկաստանի հետ կը համագործակցին. Եգիպտոս կը հալածէ «Իսլամ եղբայրներ»ը («Իխուան»), որոնք եւս Էրտողանի գաղափարակիցներն են։ Լիպիա եւ Թունուզ ՏԱԷՇի դէմ կը կռուին, իսկ Սէուտի Արաբիա եւ Ծոցի Էմիրութիւնները ո՛չ Թուրքիայէն, ո՛չ ալ Պարսկաստանէն կ՛ախորժին. անոնք Ամերկայի եւ Եւրոպայի աջակցութեան կը ձգտին։ Աւելի՛ն, Թուրքերը սիւննի իսլամներ են՝ «Հանաֆի» վարդապետութեան հետեւորդներ եւ «Իխուան»ներու շատ մօտ գաղափարակիցներ, իսկ Սէուտի Արաբիան եւ Քաթարը «Ուահապ»ի ծայրայեղ իսլամներ են, եւ Թուրքիոյ հետ միատեղ՝ շրջանի քաղաքականութիւնը կ՛ուզեն որոշել։ Թուրքիան Քաթարի մէջ կը հիմնէ զինուորական խարիսխ մը, ուր 3000 թուրք զինուորականներ պիտի տեղաւորուին. ներկայիս, այդ երկու երկիրները կը համագործակցին, որովհետեւ անոնց շահերը այդպէ՛ս կը պահանջեն:

Միւս կողմէ, Էրտողանի ներքին քաղաքականութիւնը եւս քաո՛ս մըն է, թոհուբո՛հ։ Էրտողան մեզի կը յիշեցնէ 20րդ դարու վատահամբաւ բռնակալները։ Ան վաղուց արդէն իր երկրի զինուորականներուն թեւերը քաշած է եւ անոնցմէ քանիները դատարան քաշքշած, իսկ ժամանակէ մը ի վեր կ՛ուզէ մամլոյ ազատ ձայները եւս դադրեցնել։ Թաքսիմի հրապարակի դէպքերը տակաւին թարմ են ժողովուրդին յիշողութեան մէջ. մարդկային իրաւունքները վաղո՜ւց ոտնակոխ եղած են՝ այդ պետութեան կողմէ շարք մը օրէնքներու հաստատումով։ Էրտողան վայրագութեամբ կ՛ընկճէ քիւրտերու պահանջատիրութիւնը եւ ապստամբութիւնը… քիւրտական քանի մը քաղաքներ, ինչպէս Տիգրանակերտի շրջանը, արդէն տակն ու վրայ եղած են… Շարք մը լրագրողներ եւ մտաւորականներ դատարան կանչելէ ետք, Էրտողան մերժած է ի՛ր իսկ երկրի բարձրագոյն ատեանին որոշումը՝ «Ճումհուրիյէ»չ թերթի խմբագիրը ու նոյն թերթի Անգարայի բաժինի տնօրէնը ազատ արձակելու վերաբերալ, այդպիսով՝ խախտած ըլլալով երկրին սահմանադրութիւնը, եւ աւելի՛ն՝ գրաւած է նախապէս ընդդիմադիր «Զաման» թերթը եւ ձեռք դրած «Ճիհան» լրատուական գործակալութեան վրայ…

Թուրքիան նաեւ կը «շանթաժէ» Եւրոպան եւ կը չարաշահէ գաղթականներու հարցը՝ խոչընդոտելով նաեւ Սուրիոյ հարցի լուծումը:

Կը թուի, թէ ներկայ Թուրքիան մեծ քաղաքական բեռ մը եղած է իր դաշնակիցներուն համար։ Սակայն գալիքը աւելի՛ կարծր եւ կոպիտ պիտի ըլլայ, այնքա՛ն ատեն, որ Էրտողան ինքզինք գերհզօր կը զգայ եւ օսմանական փառքերը վերականգնել կ՛ուզէ։ Արդեօք Թուրքիան ոտքի պիտի կանգնի՞ եւ իր ձեռք ձգած արդիականացումը պահէ, թէ Էրտողան պիտի շարունակէ իր ծրագիրները, կամ արդեօք մեծ պետութիւնները ուրիշ ծրագիրներ ունին տարածաշրջանին համար եւ ի միջի այլոց՝ Թուրքիոյ համար…

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Մարտ 22, 2016

asbarez.com

Տպել Տպել