ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի յայտարարութիւնը

logoՀՅԴ Գանատայի կառոյցը խստօրէն կը դատապարտէ Ապրիլ 1-2 Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանագիծին վրայ կատարուած ատրպէյճանական զինուորական գործողութիւնները, Պաքուի յարձակապաշտ այդ վարքագիծը նկատելով արցախեան հիմնահարցի բանակցութիւններու ընթացքը ականահարող քայլ։

Արցախի խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան սպառնացող ատրպէյճանական նախայարձակ այս գործընթացը լրջօրէն վտանգի տակ կ՝առնէ նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ շրջակայ տարածաշրջանի կայունութիւնը, որուն հետագայ բարդ զարգացումներու ամբողջական պատասխանատուութիւնը կրելու է Պաքուի ռազմատենչ Իշխանութիւնը։

ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի պետութեան, իշխանութիւններուն եւ սահմանի վրայ հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան առաքելութիւնը կատարող հայոց բանակին։

Կոչ կ՝ընենք նաեւ Գանատայի բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն, ներկայ ճգնաժամին համախմբուելու եւ հայրենիքին աջակցելու։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ

horizonweekly.ca

02/04/2016

Տպել Տպել