Բողոքի ցոյց Աթէնքի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան

FotorCreatedԱր­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին լիա­կա­տար հա­մե­րաշ­խու­թիւն ցոյց տա­լու եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րու ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը դա­տա­պար­տե­լու նպա­տա­կով՝ Ա­թէն­քի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան առ­ջեւ

հա­մախմ­բո­ւե­ցաւ ա­թե­նա­հա­յու­թիւ­նը ­Կի­րա­կի 3 Ապ­րի­լի կէ­սօ­րո­ւայ ժա­մը 12։30ին։ ­Բազ­մա­մարդ ցոյ­ցը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, նո­ւազ քան 24 ժա­մո­ւայ մէջ, ա­րա­գօ­րէն հա­մախմ­բե­լով մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը։ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը, ի­րենց պար­զած պա­հան­ջա­տի­րա­կան պաս­տառ­նե­րով եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի դրօ­շակ­նե­րով՝ գլխա­ւո­րե­ցին խա­ղաղ, բայց ե­ռան­դուն ցոյ­ցը։ ­Հա­մախմ­բո­ւած ժո­ղո­վուր­դը ա­րա­գօ­րէն ար­ձա­գան­գեց կազ­մա­կեր­պող մարմ­նի հրա­ւէ­րին, մե­ծով ու պզտի­կով ներ­կայ գտնո­ւե­լով եւ իր բարձ­րա­ձայ­նած լո­զունգ­նե­րով, խստօ­րէն դա­տա­պար­տե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ ­Մեր կող­քին գտնո­ւե­ցաւ նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Պոն­տա­կան ­Միու­թեան ե­րի­տա­սար­դա­կան խում­բը, իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լով Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­նե­րը, բարձ­րա­խօ­սով ժո­ղո­վուր­դին ուղ­ղո­ւե­լով, ներ­կա­յա­ցու­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­կան յար­ձակ­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, շեշ­տե­լով Ար­ցա­խի հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դի եւ զի­նեալ ու­ժե­րու դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թեան ծա­ւա­լը։

Կարճ ժա­մա­նակ ետք, Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կա­տար մը, դրան մուտ­քին կանգ­նե­լով, ստանձ­նեց Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տու­թեան ուղ­ղո­ւած բո­ղո­քի յու­շա­գի­րը՝ ժո­ղո­վուր­դի բարձ­րա­ձայն կրկնո­ւող «­Ղա­րա­բա­ղը մերն է» պա­հանջ­քին տակ։ ­Յու­շագ­րին մէջ կը պա­հան­ջո­ւի Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ յար­ձա­կում­նե­րու ան­յա­պաղ դադ­րե­ցու­մը եւ զի­նա­դա­դա­րի ան­մի­ջա­կան կի­րար­կու­մը, ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ ­Մինս­կի խում­բի ծի­րէն ներս շա­րու­նա­կո­ւող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ ո­րո­շում­նե­րու լրիւ յար­գու­մը։

Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ

Նոյն­պէս, ­Կի­րա­կի կէ­սօ­րին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան «­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան» խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, հա­ւաք ու քայ­լար­շաւ տե­ղի ու­նե­ցաւ, Ա­րիս­տո­տե­լեան հրա­պա­րա­կէն՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ծո­վափ­նեայ տա­րած­քի եր­կայն­քին։

Այս­պէս, Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, յոյն հա­սա­րա­կու­թեան մօտ բա­ցա­յայ­տո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ բար­բա­րո­սա­կան ա­րարք­նե­րը։

Ա­զե­րիա­կան ան­հե­ռա­տես ռազ­մա­սի­րու­թիւ­նը դա­տա­պար­տո­ւած է մեռ­նե­լու։

Օ­տար պե­տու­թիւն­նե­րը պար­տին ի­րա­կա­նու­թեան դէմ յան­դի­ման կանգ­նե­լու եւ վե­րաքն­նե­լու ի­րենց որ­դեգ­րած անսկզ­բուն­քա­յին դիր­քո­րո­շում­նե­րը, որ հե­ռու են մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան յարգ­ման սկզունք­նե­րէն։

azator.gr

Տպել Տպել