Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի

logoՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ վերջին երկու օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուորական դիրքերուն եւ սահմանամերձ գիւղերուն դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, որ 1994-ի զինադուլի հաստատումէն ի վեր աննախընթաց ու մեծագոյն խախտումը կը նկատուի:

Ազրպէյճան այս ձեւով կը հարուածէ միջազգային ընտանիքի որդեգրած բանակցային գործընթացը եւ կը ստանձնէ կատարուածին եւ հետագային տեղի ունենալիք զարգացումներուն ու արձանագրուած հետեւանքներուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն՝

– Կը ցաւակցի վերջին օրերուն հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական առաքելութեան ճամբուն վրայ իրենց կեանքերը նուիրաբերած նահատակ զինուորներու եւ թշնամիի հրթիռարձակումներու զոհ դարձած անզէն քաղաքայիններու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն:

– Կը զօրակցի Արցախի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ զինեալ ուժերուն, հաստատելով որ այս պայքարը համայն հայութեան պայքարն է, եւ անհրաժեշտ կը գտնէ բոլոր միջոցներով հարցին լուծումը վերադարձնել բանակցային գործընթաց, միջազգային ընտանիքէն պահանջելով խաղաղութեան անյապաղ հաստատում:

– Ժամանակը հասունցած կը նկատէ այս առիթով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ յայտարարուած Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ ռազմավարական դաշինքի կնքումի գաղափարին անյապաղ գործնականացման, ու իր ողջ կարողականութեամբ զօրավիգ կը կանգնի ԼՂՀ եւ ՀՀ իշխանութիւններուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն, ինչպէս անցնող 25 տարիներուն, այսօր եւս, կը վերահաստատէ իր ամբողջական պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը՝ լիբանահայութեան բովանդակ կարելիութիւնները ի սպաս դնելու արեամբ կերտուած հայրենիքը ու անոր անկախութիւնը հզօրացնելու, հայրենիքի սահմանները անառիկ եւ անսասան պահելու առաջնային գործին:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ

Տպել Տպել