Հ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տի Յայտարութիւնը

logoՀ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տէ Ապ­րիլ 1 եւ 2ին Ար­ցա­խի բնակ­չու­թեան դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րու կող­մէ կա­տա­րո­ւած յար­ձա­կում­նե­րը եւ լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը Ար­ցախ-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նի ամ­բողջ եր­կայն­քին:

Յու­նա­հա­յու­թեան ա­նու­նով, մեր ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նենք Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն, ­Հա­յոց ­Բա­նա­կին ու միա­ժա­մա­նակ մեր խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք ա­նարգ յար­ձա­կում­նե­րու ըն­թաց­քին զո­հո­ւած հա­յոր­դի­նե­րու եւ զի­նո­ւոր­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն:

Ատր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած ան­նա­խա­դէպ ռազ­մա­կան սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը նպա­տակ ու­նին վար­կա­բե­կե­լու հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ ԵԱՀԿ ­Մինս­կի խում­բի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած աշ­խա­տան­քը, դուրս գա­լով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն եւ խնդի­րը լու­ծե­լով ռազ­մա­կան մի­ջոց­նե­րով:

Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը, ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կո­չին, ­Կի­րա­կի 3 Ապ­րիլ 2016ի կէ­սօ­րին ժո­ղովր­դա­յին հա­ւա­քի ըն­թաց­քին, բազ­մա­հա­րիւր հայ­րե­նա­կից­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, իր բո­ղո­քի եւ ընդվ­զու­մի ձայ­նը բարձ­րա­ցուց Ա­թէն­քի ատր­պէյ­ճա­նա­կան դես­պա­նա­տան առ­ջեւ եւ յու­շագ­րով պա­հան­ջեց Ա­զե­րի պե­տու­թե­նէն վերջ տալ Ար­ցա­խի դէմ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն:

Կը պա­հան­ջենք ԵԱՀԿ ­Մինս­կի խում­բէն պար­տադ­րել ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մին դադ­րեց­նե­լու ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը եւ վե­րա­դառ­նա­լու Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի խա­ղաղ լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն:

Կոչ կ­’ուղ­ղենք յու­նա­հայ հա­մայն­քի բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն եւ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ա­չա­լուրջ հե­տե­ւե­լու ե­ղե­լու­թիւն­նե­րուն եւ միա­ժա­մա­նակ պատ­րաստ ըլ­լա­լու գործ­նա­կան կեր­պով ա­ռա­ւել զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու Ար­ցա­խի մարտն­չող ժո­ղո­վուր­դին:

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

azator.gr

Տպել Տպել