Արցախի զօրակցութեան հաւաք Մօնթէվիտէոյի մէջ

FotorCreatedՀամահայկական ցասումի այս օրերուն, երբ մեր բոլորի սևերակէտը ԼՂՀի նկատմամբ թուրք-ազերի բանակի սանձազերցած լայածաւալ և գազանաբարոյ գործողութիւններն են և այդ քոչւոր ժողովուրդի դէմ պողպատեայ կամքով ծարացած, մեր յաղթապանց Հայկական Բանակի հերոս որդիներն են, մենք ալ իբրև Ուրուկուահայ գաղութ, անմասն չէինք կրնար մնալ այս համազգային պորթկումի դիմաց և համագաղութային նախաձեռնութեամբ մը իջանք փողոց, մեր ձայնը լսելի դարձնելու և խստօրէն դատապարտելու, Ալիևներու ահաբեկչական և ոճրագործ վարչակարգին դէմ որ, ապաւինելով իր «փեթրօտոլարներու»ն, ազատ համարձակ, կ՛սպարնայ իր արկածախնդրութեամբ, վտանգի ենթարկել ամբողջ տարածաշրջանը, վայելելով ոչ միայն իր «Մեծ» եղբօր, Թուրքոյ հովանաւորութիւնը, այլև գերտերութիւններու լռութիւնը։

Բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 13 Ապրիլին մայրաքաղաքի կեդրոնական հրապարակներէն, Լիպերթատի (Ազատութիւն) վրայ, ուր հարիւրաւոր հայ և ոչ հայ ցուցարարներ, որոնց մէջ նաև ծերակոյտի անդամ Ռուպէն Մարթինէս Ուէլմօ, պատգամաւոր Տանիէլ Ռատիօ, Մարդու Իրաւունգներու պաշտպան և նախկին փոխ արտգործ նախարար Պելելա Հէրէրա, թուրիզմի և երիտասարդական հարցերու նախարար Լիլիան Քէշիշեան, Արժանթինի դեսպանութեան պատասխանատուներէն Ալպերթօ Գառնիկեան, նախագահութեան արդարադատութեան յանձնաժողովի նախագահ Ատեմար Օլիվէրա, Ուրուկուայի խորհրդարանի հայազգի փոխ պատգամաւորներ Անթոնիօ Զուլամեան, Խօսէ Լուիս Սաթճեան և բազմաթիւ Ուրուկուայցի բարեկամներ, որոնք եկած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի քաջարի ժողովուրդին,, միանալով բազմահարիւր ցուցարարներուն, որոնք զանազան պաստարներով եռագոյն և Արցախի դրօշներով, լեցուցած էին հրապարակը։ Զգալի էր յատկապէս երկսեր երիտասարդներու ներկայութիւնը, որոնք կազմակերպուած շարքերով, անցորդներուն յատուկ պատրաստուած թերթօներ կը բաժնէին բողոքի ցոյցի նպատակի մասին։

ԶԼՄ-ներու թէ տեղական և թէ միջազգային բազմաթիւ լրագրողներ, հարցազրոյցներ կատարեցին գաղութիս կարգ մը պատասխանատուներու հետ, որոնցմէ շատերը ուղղակի եթերի միջոցաւ։ Արձագանգը թէ գրաւոր և թէ բանաւոր լրատուական միջոցներուն և անոնց հետաքրքրութիւնը, իսկապէս տպաւորիչ էր։

Հաւաքի ընթացքին Ուրուկուահայ երիտասարդական միութիւներու կողմէ պատրաստուած և Ազրպէյճանի ոճիրները խիստ դատապարտող յայտարարութիւն մը կարթացուեցաւ։

Հաւաքը շարունակուեցաւ ազգային յեղափոխական, ինչպէս նաև Արցախին նուիրուած երգերով։

Տպել Տպել