ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 12ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի շէնքը լուսաւորուեցաւ հայկական դրօշակի եռագոյնով՝ ի յիշատակ Արցախի մէջ նահատակուած զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն:
Քաղաքական եւ կրօնական պետերու կողքին, մեծ թիւով քաղաքացիներ ներկայ էին հսկումին, որուն ընթացքին հնչեցին խաղաղութիւն հաստատելու կոչեր եւ դատապարտուեցան տասնեակներով անմեղ զոհեր խլած ատրպէյճանական բռնարարքները։
Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, որ սոյն հսկումին մասնակցած պաշտօնատարներէն մէկն էր, պատասխանելով KPCC կայանի հարցումներուն՝ ըսաւ. «Հսկումին նպատակն է նաեւ լուսարձակի տակ առնել Ատրպէյճանի ահաւոր զինարշաւը եւ վայրագ յարձակումները»։ Ան յիշեցուց, որ Ատրպէյճան 1994էն ի վեր յաճախ խախտած է զինադադարի պայմանները, եւ շեշտեց նման «անարդարանալի եւ ահաւոր» բռնարարքներ միջազգայնօրէն դատապարտելու կարեւորութիւնը։
asbarez.com







