«Ազդակ»ի Խմբագրական. 1-5 Ապրիլ. Անմիջական Հետեւութիւններ, Առաջադրանքներ (Ը.-Վերջ)

FotorCreatedԱպրիլեան պատերազմէն անպայման հետեւութիւններ ունինք բանաձեւելիք եւ այդ ուղղութեամբ նոր ռազմավարութիւն մշակելու հրամայականին առջեւ ենք ազգովին: Կան անշուշտ բացթողումներ, թերի բաժիններ, ինչպէս ռազմական, այնպէս նաեւ քաղաքական, իրաւական, տեղեկատուական եւ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ: Այդ բոլորը քննարկման ընթացքի մէջ են համապատասխան գերատեսչութիւններու կողմէ: Սփիւռքը եւս իր քաղաքական, հոգեւոր թէ ընդհանրապէս հասարակական կառոյցներով ներհայեցողական քննարկումի անհրաժեշտութեան առջեւ է, որ պատերազմի ահազանգին դիմաց որքանո՞վ կրցաւ համախմբուիլ, գործնապէս զօրակցիլ ու սատարել եւ մեր արտաքին դիւանագիտական-քաղաքական աշխատանքներուն իրականացման համար պարարտ ենթահող ձեւաւորել:

Իրատեսական մօտեցումով մինչ այդ նկատենք նաեւ, որ Պաքուն ո՛չ առաւելագոյն եւ ո՛չ ալ նուազագոյն խնդիր յաջողեցաւ լուծել իր նախայարձակողականութեամբ իրականացուցած կայծակնային գործողութիւններով: Փաստօրէն, ի՞նչ է արդիւնքը այս բոլորին: Դիրքերու տեղաշարժ է ի վերջոյ արձանագրուածը, որ ռազմագիտական առումով որեւէ հիմնական առաւելութիւն չ՛ապահովեր պատերազմ սանձազերծողին:

Երեւոյթը ունի նաեւ տրամաբանական հետեւեալ համոզումի փոխանցումը: Անհաւասար միջոցներով յատկանշուած այս պատերազմին, եթէ որեւէ արդիւնքի չյանգեցաւ Պաքուն, ապա միջոցներու հաւասարեցման պարագային ի՞նչ տեսակ արդիւնքներու մասին կրնանք մտածել այս անգամ պաշտպանուող կողմին ձեռք բերելիք առաւելները պատկերացնելով:

Քաղաքական մակարդակի վրայ, եթէ պահ մը նկատի ունենանք դարձեալ Պաքուի հիմնական առաջադրանքը` բանակցային գործընթացը ԵԱՀԿ-էն տեղափոխել ՄԱԿ կամ միջազգային որեւէ այլ ատեան եւ թէկուզ առանց բարձրաձայնելու փորձել իրականացնել Անգարան մասնակից կողմ դարձնելու հակամարտութեան լուծման, կը նկատենք այստեղ եւս, որ ո՛չ առաւելագոյն եւ ո՛չ ալ նուազագոյն խնդիր լուծած է Պաքուն:

Մնացեալ ոլորտներու ծալքերուն մէջ առանց մտնելու, իբրեւ անմիջական հետեւութիւն այս երկու հիմնական ուղղութիւններուն վրայ պէտք է կեդրոնանալ եւ հետեւցնել Պաքուի ձախողութեան մասին:

Ներազգային իմաստով ներքին ուղերձներ բանաձեւելու առաջնային խնդիր ունինք անշուշտ: Առանց զգացականութեան դաշտ թեւակոխելու, ընդգծենք, որ չորս օրերու ընթացքին ինկած 92 նահատակներու կշիռը այնքան ծանր զգացողութեան եւ բեռի տակ դրած է համայն հայութիւնը, որ ռազմական, բարոյահոգեբանական, քաղաքական թէ ներազգային մակարդակներու վրայ արմատական փոփոխութիւններու հրամայականը կ՛ընդգծէ:

Այո՛. առանց աղմկարարութեան, առանց քարոզչական առաւելներու մասին մտածելու, ներքին, փակ ամէնէն խորքային եւ ամէնէն առարկայական քննարկումներուն անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը կանգնած է բոլորիս դիմաց` հայոց բանակի անսահման նուիրուածութեան կենդանի օրինակներու իրականութեան առջեւ այլեւս արագօրէն փոխելու մեր համակարգը, մեր աշխատելաոճը, մեր հաւաքական կենսակերպը անգամ:

Ապրիլեան պատերազմէն առաջ քաղաքական վճռակամութեան իրաւական դրսեւորումն ու պետական տրամադրութիւնները սկսած էին ամրագրուիլ սահմանադրութեան բարեփոխումներով եւ այդ բարեփոխումները կենսաւորելու համար ամէնէն բարձր մակարդակով հնչած յայտարարութիւններով եւ գործադիր իշխանութեամբ յայտարարուած առաջադրանքները կեանքի կոչելու համար կնքուած միջկուսակցական քաղաքական համաձայնութիւններով:

Ապրիլեան պատերազմէն յառաջացած հետեւանքները այս բոլորին իրականացման անյետաձգելիութեան մասին կը յուշեն: Այլեւս համատարած համոզում է, որ ստուերի վերացումը, ապամենաշնորհացումը, ապահարստապետականացումը, գործարարութիւնն ու պետական ասպարէզի տարանջատումը, իրաւական պետութեան ստեղծումն ու չընտրակեղծելը, մարդու իրաւունքներու լիարժէք յարգումը, ժողովրդավար կարգերու ըստ էութեան զարգացումը նոյնքան առնչուած են հայրենիքի անվտանգութեան կայացման հետ, որքան սահմաններու պաշտպանութիւնը: Բոլոր ոլորտներուն համար սահմանադրութեան բարեփոխումներն ու զանոնք կենսագործելու ուղղութեամբ առնուած տակաւին յայտարարողական մեթոտներու կեանքի կոչուիլը ուղղակի անմիջական հրամայական են:

Ապրիլեան պատերազմը համակարգային փոփոխութիւնը նպատակաուղղուածութեամբ ամրագրելու գործընթացը արագացուցած գործօն է եւ իբրեւ այդպիսին մեր արատները մաքրելու, բացթողումները սրբագրելու, վերահաշուարկները ճիշդ հունով առաջնորդելու եւ հակառակորդի նոր ոտնձգութիւններուն ճակատագրական հակահարուած հասցնելու նախապատրաստութեան առիթ:

Այս նախադրեալները ամբողջացնելով` նաեւ միաժամանակ արժանապատիւ խաղաղութեան պատրաստուելու առիթ. թէ՛ ռազմական, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ դիւանագիտական, թէ՛ տեղեկատուական եւ թ՛է համազգային համախմբուածութեան առումներով:

aztagdaily.com

Տպել Տպել