Առաջին Անգամ Ըլլալով Սուրիոյ Խորհրդարանին Մէջ Հայ Համայնքը Կը Ներկայացնեն Երկու Երեսփոխաններ` Ժիրայր Ռէյիսեան Եւ Դոկտ. Նորա Արիսեան

FotorCreated

Հինգշաբթի, 14 ապրիլին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց համար առաջադրուած էին նաեւ մեծ թիւով հայ թեկնածուներ` Հալէպի եւ Դամասկոսի ընտրաշրջաններուն մէջ: Շաբաթ օր յայտարարուեցան ընտրութիւններուն արդիւնքները. երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ սուրիահայ համայնքը կը ներկայացուի երկու երեսփոխանով` սուրիահայ համայնքի միասնական թեկնածու, Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան եւ Դամասկոսի ընտրաշրջանէն առաջադրուած դոկտ. Նորա Արիսեան:

Պատերազմական վիճակի մէջ ապրող Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ երկու հայ ներկայացուցիչ ունենալը բնականաբար շատ մեծ կարեւորութիւն կը զգենու քաղաքական իմաստով: Ասիկա կարեւոր իրողութիւն է այն իմաստով, որ հակառակ հնգամեայ պատերազմին սուրիահայութեան հասցուցած վնասներուն, այս քաղաքական ներկայացուցչութիւնը խթան է, որ սուրիահայութիւնը վերստին վերականգնէ իր հաւատը հայութեան միջինարեւելեան մայր գաղութին նկատմամբ:

Սուրիահայութեան կեանքին մէջ իրենց որոշադրիչ ներկայութիւնը ունեցող երկու մտաւորական դէմքերուն ընտրութիւնը նաեւ հիմնական գրաւականներէն մէկն է, որ յառաջիկային սուրիահայութեան քաղաքական կշիռը բարձրանայ Սուրիոյ մէջ, հակառակ համայնքին հասած վնասներուն:

Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու Դատական բարձրագոյն յանձնախումբը հրապարակեց խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով ընտրուած 250 երեսփոխաններուն անունները:

Ընտրութեան մասնակցած են քուէարկութեան իրաւունք ունեցող Սուրիոյ բնակչութեան 57,56 առ հարիւրը:

Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուեցան երկու սուրիահայեր` սուրիահայ համայնքի միասնական թեկնածու Ժիրայր Ռէյիսեան եւ դոկտ. Նորա Արիսեան:

«Ազդակ» ընտրուած հայ երեսփոխաններուն հետ ունեցաւ զրոյց մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ պատերազմական վիճակին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպման կարեւորութեան ընդհանրապէս եւ նշեալ ընտրութիւններուն սուրիահայ համայնքին մասնակցութեան յատկապէս: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ընտրուած երեսփոխաններուն ապագայի ծրագիրներուն եւ կատարելիք գործերուն:

Պատասխանելով «Ազդակ»-ի հարցումներուն` դոկտ. Նորա Արիսեան ըսաւ, թէ «Սուրիոյ մէջ տիրող զինադադարի համաձայնութեան շնորհիւ, խաղաղ իրավիճակի մէջ տեղի ունեցան երեսփոխանական ընտրութիւնները բոլոր նահանգներուն մէջ` որոշ խախտումներով: Սուրիացի ժողովուրդը փաստեց, որ ընտրութիւններուն կայացումն ու 57,56 տոկոսով մասնակցութիւնը ինքնին յաղթանակ է»: Շարունակելով իր խօսքը` դոկտ. Նորա Արիսեան անդրադարձաւ ընտրութիւններուն սուրիահայ համայնքի մասնակցութեան` ըսելով. «Մասնաւոր ձեւաչափ չէ ունեցած հայ համայնքի մասնակցութիւնը Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ` նկատի առնելով, որ 2012-ի նստաշրջանին ոչ մէկ հայ ներկայացուցիչ ունեցանք: Այս նստաշրջանին հայ համայնքը ունեցաւ երկու տասնեակ թեկնածուներ Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ: Սուրիահայ համայնքի միասնական թեկնածու յայտարարուեցաւ Հալէպէն Ժիրայր Ռէյիսեանը, իսկ իմ թեկնածութիւնս առաջադրուեցաւ Արաբ գրողներու միութեան կողմէ: Դամասկոսի մէջ ստեղծուեցաւ համամիասնական մարմին մը, եւ ընտրական քարոզարշաւի ժամանակ միասնաբար հանդիպումներ ունեցանք Դամասկոսի զանազան շերտերու եւ մարմիններու հետ: Նշեմ, որ Դամասկոսի մէջ «Ազգային միասնութեան» ցանկին կողքին ընտրուեցան անկախ մասնակցութիւն ունեցող իգական սեռի միայն երկու ներկայացուցիչներ»: Անդրադառնալով իր ընտրական ծրագիրին` դոկտ. Արիսեան ըսաւ. «Ընտրական ծրագիրիս համար ընտրած էի «Ապաքինուող Սուրիոյ համար», ուր յայտնած եմ, թէ իմ մասնակցութիւնս` դրսեւորումն է Սուրիոյ մէջ բազմազանութեան, ինչպէս նաեւ ազգային հիւսուածքին միասնականութեան: Իմ աշխատանքս պիտի վերաբերի Սուրիոյ վերականգնումի խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ կնոջ ասպարէզներուն, եւ անշուշտ Դամասկոսի հայ գաղութին եւ ընդհանրապէս սուրիահայերու խնդիրներուն աջակցութեան»:

Ժիրայր Ռէյիսեան իր կարգին խօսեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին եւ անոնց կարեւորութիւնը շեշտելով ըսաւ. «Ընտրարշաւ, ընտրական քարոզարշաւ, թէ ընտրութեան օրուան աշխուժ մասնակցութիւն ու եռուզեռ, պարզօրէն կ՛արտացոլեն ժողովուրդին իր հողին վրայ, երկրին մէջ գոյատեւելու հաստատակամութիւնը, եւ ամէն տեսակի դժուարութիւններու կուրծք տալու ամրութիւնը: Այս ընտրութիւնները կը դիտուին իբրեւ յուսատու անկիւնադարձ` վերակառուցելու քաղաքական կայծակներու ու փոթորիկներու գործած ծանր աւերը, ժամանակի ընթացքին վերացնելու անոնց հետքերը. մէկ խօսքով` ասիկա եւս առիթ մըն էր ճանչնալու Սուրիան եւ իր ժողովուրդի գոյապայքարի ուղիով ընթանալու անկոտրում կամքը»:

Շարունակելով իր խօսքը` երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան ըսաւ, թէ «պետութեան եւ ժողովուրդի ձայնը` խօսքի, ձայնի եւ ակնկալութիւններու ներկայացման կապը ժողովուրդին կողմէ ընտրուած երեսփոխաններն են, հետեւաբար զանոնք ընտրելը ե՛ւ իրաւունք է, ե՛ւ պարտականութիւն: Մեր ժողովուրդը տէր էր իրաւունքին, նաեւ գիտակից` իր պարտականութեան»:

Անդրադառնալով ընտրական ծրագիրներուն` երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան ըսաւ, թէ հիմնական աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ ժողովուրդ-երեսփոխան կապը ամրապնդելուն վրայ, ինչպէս նաեւ պէտք է ընդհանուրի շահերուն հետ առնչուած խնդիրները ներկայացնել եւ հետապնդել պատկան մարմիններուն մօտ: Մօտէն հետեւիլ եւ հսկել կառավարութեան աշխատանքներուն: Վերականգնել աղէտեալ Հալէպը:

Ամրապնդել Հայաստան – Սուրիա կապերը եւ գործնապէս արդիւնաւորել զանոնք ի շահ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել