Կիպրոսի ընկերվար ժողովրդավարական շարժման (ԿԻՍՕՍ) եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան(ՀՅԴ)միացեալ յայտարարութիւնը

29 Յունուար 2001, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Բիւրոյի անդամ, երեսփոխան եւ ՀՀ Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան, Ազգային Անվտանգութեան եւ Ներքին Գործերու Յանձնաժողովի նախագահ Վահան Յովհաննիսեանի եւ Կիպրոսի Ընկերվար Ժողովրդավար Շարժումի (ԿԻՍՕՍ) նախագահ, երեսփոխան տոքթ. Վասոս Լիսարիտիսի միջեւ, ԿԻՍՕՍի կեդրոնատեղիին մէջ, Նիկոսիա, Կիպրոս:

Հանդիպումը հաստատեց յոյն կիպրացի եւ հայ ժողովուրդներու, երկու պետութիւններու եւ երկու կուսակցութիւններու աւանդականօրէն բարեկամական կապերը, փոխադարձ վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ հեռանկարներու եւ տեսլականներու մերձեցման անհրաժեշտութիւնը:

Երկու կուսակցութիւնները լռիւ համաձայնեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու շուրջ.

ՀՅԴի կողմէ բարձր գնահատուեցաւ ԿԻՍՕՍի վերջին տարիներու ակտիւ դերակատարութիւնը հայ-կիպրական բարեկամութիւնը սերտացնելու եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան հայանպաստ դիրքորոշումը ամրապնդելու մէջ, որ յատկապէս կþարտայայտուի Կիպրոսի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւրոպական եւ միջազգային կառոյցներուն ընդգրկուելուն նպաստելու մէջ:

Իր հերթին, ԿԻՍՕՍ գոհունակութիւն յայտնեց, հայ-յունական եւ հայ-կիպրական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ ՀՅԴ շօշափելի ներդրումին կապակցութեամբ, յատկապէս գնահատելով Կիպրոսի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ իր բոլոր քաղաքացիներու իրաւունքներու ապահովման նպաստող դիրքորոշումը: ԿԻՍՕՍ փափաք յայտնեց որ այդ դիրքորոշումը աւելի եւս արմատանայ, երբ Հայաստան իր դիրքերը կþամրապնդէ միջազգային կառոյցներուն մէջ:

Երկու կուսակցութիւնները կրնան եւ պէտք է դիւրացնեն այս հեռանկարներու իրականացումը, նամանաւանդ որ երկու ժողովուրդներուն պատմութիւնը եւ իղձերը շատ մը պարագաներու կը նոյնանան:

Մասնաւորաբար երկու կուսակցութիւնները հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ հարցերը նկատի ունենալով, կþառաջադրեն յառաջանալ համագործակցութեան փրոթոքոլի մը ստորագրութեան, կþորոշեն զանազան մարզերու մէջ շարունակական գործակցութեան մը հնարաւորութիւնները ստեղծել, պատուիրակութիւններու փոխանակումով եւ աշխատանքային խումբերու շարունակական շփումով, հասարակաց գործունէութեան ծրագիրներ մշակելու առաջադրանքով:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Կիպրոսի Ընկերվար Ժողովրդավար Շարժում

Նիկոսիա, Կիպրոս
29 Յունուար 2001

Տպել Տպել