Գերմանիա ապացուցեց իր անխառն արիութիւնը

FotorCreatedԹուրքիոյ կողմէ ձեռնարկուած անբարեացակամ համազարկերու դէմ՝ Գերմանիա դժուարին շաբաթ մը ունեցաւ։

Թուրքիոյ փոխ վարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ ազդարարեց, «Գերմանիա պէտք է զգուշութիւն ցուցաբերէ Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ»։

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սպառնաց, «…կրնան վնասուիլ մեր ապագայ յարաբերութիւնները, … մեր երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական, տնտեսական, քաղաքական, առեւտրական եւ զինուորական կապերը»։ Իսկ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ «անհեթեթ» գտաւ հարցը եւ խրատեց, «Պատմութիւնը պէտք է թողուլ պատմաբաններուն»։

Սեդօ Պոյաճեան

Սեդօ Պոյաճեան

Հակառակ այս ակնյայտ վերջնագրերուն ու խիստ սպառնալիքներուն, Գերմանիոյ խորհրդարանականները մնացին պինդ պատմութեանը դիմակալելու եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու իրենց կեցուածքին մէջ։ Յունիս 2-ին կայացած Պունտիսթակի լիագումար նիստին, Գերմանիոյ օրէնսդրական ներկայացուցիչները քննեցին 1915ին ու 1916ին հայերուն եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ իրագործուած տեղահանութիւններն ու կոտորածները, որպէս Ցեղասպանութիւն ճանչցող բանաձեւը, եւ ապա զայն որդեգրեցին գրեթէ միաձայնութեամբ։ Ձեռնպահ մնաց մէկ պատգամաւոր եւ դէմ քուէարկեց մէկ այլ պատգամաւոր։

Այս օրինագծով Գերմանիա յանդուգն քայլ առաւ հաստատելով թէ Հայերուն դէմ Օսմանեան ջարդը իրաւամբ Ցեղասպանութիւն էր։ Աւելի անդին երթալով, օրինագիծը կը շեշտէ
Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին Հայերու սպանդին մէջ Գերմանական Կայսրութեան ունեցած «անփառունակ դերը»։ Եւ կը յայտնէ, «… չնայած հայերու կազմակերպուած տեղահանումներու եւ բնաջնջման մասին … հաղորդուած միանշանակ տեղեկութիւններուն,» Գերմանական Կայսրութիւնը «անգամ չփորձեց կասեցնել մարդկութեան դէմ իրագործուող այդ յանցագործութիւնը»:

Բանաձեւին խորքային վերլուծումը կը բացայայտէ այն փաստը, թէ ան Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումն է քաղաքական յստակ պատգամով, որ կը բխի ազգային արժէքներէ եւ սկզբունքներէ։ Ազգութիւն մը, ոեւէ ազգութիւն, շահերէ ու շահակցական հաշուարկներէ կազմուած միաւոր մը չէ։ Ապրելու եւ գոյատեւելու համար ան պէտք է դիրքաւորուի ըստ իր համոզումներուն եւ հաւատամքներուն։ Գերմանիա այդ դիրքաւորումով ընկալեց նշեալ օրինագիծը։

Այս իմաստով, Պունտիսթակի բանաձեւը կը զանազանուի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող մնացեալ բանաձեւերէն։

Առաջին, ի տարբերութիւն այլ երկիրներէ ու մանաւանդ Միացեալ Նահանգներէ, Գերմանիա չընկրկեցաւ Թուրքիոյ սպառնալիքներու եւ ճնշումներուն դիմաց։ Ան շատ կորսնցնելիք ունէր՝ տնտեսական, քաղաքական, դիւանագիտական ու զինուորական առումներով։ Սակայն Գերմանիա որոշեց դիրքաւորուիլ համապատասխան իր ազգային արժէքներուն եւ սկզբունքներուն։

Երկրորդ, Գերմանիա առաջնորդող անդամն է Եւրոպական Միութեան։ Ան ունի թէ կարողականութիւնը եւ թէ պերճանքը կասեցնելու այս խորհրդանշական բանաձեւը։ Սակայն Գերմանիա ճշդեց այնպիսի դիրքորոշում, որ պէտք է ուսանելի դաս հանդիսանայ մնացեալ աւելի զօրաւոր կամ նուազ զօրաւոր ազգերուն՝ ի խնդիր ճշմարտութեան արգահատանքի իրագործման։

Երրորդ, Գերմանիա օրինակելիութեան դասը ներկայացուց մասնաւորաբար Թուրքիոյ, որպէսզի իրողապէս հաշտութեան նստի իր պատմութեան հետ։ Առաջին Աշխարհամարտին Գերմանիա դաշնակիցն էր Օսմանեան Թուրքիոյ։ Իբրեւ դաշնակից ու գործակից, ան ականատես վկան հանդիսացաւ Հայութեան դէմ կիրարկուող թրքական ջարդերուն։ Սակայն, Գերմանիա ոչինչ կատարեց կասեցնելու համար «մարդկութեան դէմ կատարուող ոճիրները»։ Այսօր, նոյնինքն Գերմանիան կ՛ընդունի Օսմանեան կառավարութեան հետ իր մեղսակցութիւնը՝ Հայութեան դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան ոճիրին մէջ։

Չորրորդ, որդեգրելով այս բանաձեւը Պունտիսթակը եւ Գերմանիոյ կառավարութիւնը քաջ գիտակից էին, թէ իրենց որոշումը կրնայ խնդրոյ առարկայ դարձնել կամ մինչեւ իսկ վերջ դնել Թուրքիոյ հետ մշակուող այն համաձայնութեան, որ կը վերաբերի Միջին Արեւելքէն փախուստ տուող գաղթականներուն։

Հինգերորդ, Պունտիսթակը եւ Գերմանիոյ կառավարութիւնը նաեւ կ՛անդրադառնային, թէ այս բանաձեւին որդեգրումը կրնայ թշնամանք առաջացնել Գերմանիոյ աւելի քան երեք միլիոն թրքական ծագում ունեցող բնակիչներուն մօտ։

Ըստ սովորականի, պիտի գտնուին ժխտողականութեամբ տրամադրուած մարդիկ, որոնք պիտի տրամաբանեն թէ հիմա ճիշդ ժամանակը չէր Գերմանիոյ համար ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ ընդունելու Օսմանեան Թուրքիոյ հետ իր մեղսակցութիւնը։ Սակայն, եթէ ոչ հիմա, ապա ե՞րբ է ճիշդ ժամանակը՝ ընդունելու մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրին փաստը։ Ճշմարտութեան յետաձգում կը նշանակէ ճշմարտութեան ժխտում, ճիշդ այնպէս ինչպէս արդարութեան յետաձգումը համազօր է արդարութեան ժխտումին։

Գերմանիա հաշտութեան նստաւ իր արժէքներուն հետ։ Գերման ժողովուրդը մերժեց կրկին ժխտել ճշմարտութիւնը՝ զայն անգամ մը եւս յետաձգելով։ Ան չթաքցուց արդարութեան արտայայտութիւնը՝ զայն անգամ մը եւս քօղարկելով։ Գերմանիա այս դիրքորոշումը առաւ իբրեւ երկիր եւ իբրեւ ժողովուրդ։ Ասոր մէջ Պունտիսթակը մինակը չէր։ Վարչապետ Անկելա Մերքել եւ իր կառավարութիւնը եւս համախոհ էին Պունտիսթակի քայլին։ Անոնք ոչ մէկ փորձ կատարեցին բանաձեւը կասեցնելու համար։

Այս օրերուն, երբ բազմաթիւ շահեր կրնան հարցական դառնալ, երբ բազմաթիւ բարեկամութիւններ նժարի մէջ են, այս բանաձեւէն բխող քաղաքական պատգամը արդիւնք էր Գերմանիոյ, իր ժողովուրդին, իր կառավարութեան եւ իր պատգամաւորներուն խիզախութեան ու քաջութեան։ Գերման ժողովուրդը, իր վարչապետով, կառավարութեամբ եւ պատգամաւորներով, ապացուցեցին իրենց անխառն արիութիւնը։

Սեդօ Պոյաճեան

Տպել Տպել