«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Սաւառնող արծիվը

FotorCreatedԹարմ է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ Լիզպոնեան սխրանքը:

Տարիները կը թաւալին, սակայն ոչ մէկ փոփոխութիւն, մոռացում կամ լուսանցք:

Ընդհակառակը, հետզհետէ աւելի կը խօսուի Լիզպոնի հինգ հերոսներուն մասին եւ կը շեշտուի անոնց կատարած պատմական արարքին մասին:
Ամէն մէկ դէպք եւ իրադարձութիւն եւ ահաւասիկ Լիզպոնի տղոց օրինակն է որ կը պատէ հայ հերոսիին միտքն ու սլացքը:

Դեռ վերջերս, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին անոնց ուրուականը ներկայ էր Կովկասեան բարձրաւանդակին վրայ: Հոն..բարձրէն, երկնային անհասանելի բարձրութենէն կը սաւառնէր Լիզպոնեան արծիւը:

Ներշնչո՛ւմ, հաւա՛տք, կա՛մք, բերկրա՛նք…եւ դեռ աւելին հող, արմատ…հայրենիք:

Լիզպոնի հինգ հերոսները փոխանցած են վառ ու անմար ջահը: Այսօր այլ նորածին Լիզպոնեան արծիւներ կը սաւառնին հայրենի երկնակամարին վրայ:
Այդ Լիզպոնեան հաւատամքով թրծուած նոր հերոսները կը պաշտպանեն իրենց հայրենիքը, փաստելով թէ ամենադոյզն ոտնձգութիւն դատապարտուած է ձախողութեան մատնուելու:

Այսպէս, Յուլիս 27, 1983-ին Արցախէն եւ հայրենի սահմանամերձ գիւղերէն հեռու, երբ դեռ Կովկասեան բարձրաւանդակը Խորհրդային վարչակարգի տակ էր, Փորթուկալի մայրաքաղաքը ժամադրավայրն էր «գերագոյն զոհաբերութեան» քարի զետեղման:

…Եւ տարիներ ետք, Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իրականացման պայքարին զինուորագրուած այդ հինգ հայորդիներու անդրդուելի քարը դարձած է վիթխարի կառոյց:

Հայ զինուորը Լիզպոնեան ներշնչումով մինչեւ վերջին փամփուշտ պիտի պայքարի, լռեցնելու համար ազերիական ամէնօրեայ յարձակումներն ու անոնց ետին կանգնող թուրք ղեկավարութեան գործակատարները:

Սիմոններու, Վաչէներու, Արաներու, Սարգիսներու եւ Սեդրակներու պոռթկումն ու ցասումը, անոնց կերտած արդարութեան ձայնն ու անմահութիւնը նուաճելու գաղափարախօսութիւնը, շարունակուեցաւ եւ դեռ ալ պիտի շարունակուի:

Այդ հինգ հերոսները, որոշած էին այդ արարքով ցոյց տալ թէ միեւնոյն ժամանակ որքա՜ն սուրբ եւ լուսաւոր է հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան պայքարին ծառայելու ճամբան, որուն համար անոնք լաւապէս ընբռնած էին գաղափարական ուխտը՝ յաչս գերագոյն զոհաբերութեան:

Լիզպոնի «խենթեր»ը իրենց հերոսական խոյանքով, միակամ հայութեան եւ հայրենիքի ամբողջականութեան խորհրդանիշները դարձած են:
Դեռ պիտի սորվինք «Լիզպոնի Հինգ»ի դպրոցէն եւ անոնց դասագիրքէն:

Անոնք կանգուն ու ներկայ են, ամէն մէկ սահմանամերձ զինուորի հոգիէն ներս:

Այսպէս, անսակարկ պահանջատիրութեամբ եւ յարատեւ պայքարելի եւ հայրենի հողը պաշտպանելու մտայղացումով, հայորդին կը զմայլի սաւառնող Լիզպոնեան արծիւով, որ պոռթկում, ցասում եւ հայեցի շունչ ու գաղափարական թռիչք կը ներարկէ:

Անոնք կը մնան անդրդուելի, անգերազանցելի, եւ անմոռանալի:

Յուլիս 25, 2016
hairenikweekly.com

Related

Տպել Տպել