Կը Մերժենք «Կա՛մ… Կա՛մ»ի Մտայնութիւնը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Վաչէ Բրուտեան

Վաչէ Բրուտեան

Մէկ անգամէն ըսենք, եւ ընկերոջս Խոսրովին բառերը գործածելով՝ «առանց բառերը ծամծմելու»: Տարօրինակ եւ միաժամանակ վտանգաւոր մտայնութիւն մը սկսած է զարգանալու հայկական իրականութեան մէջ: Միտք մը, որ կը կրկնուի հա կը կրկնուի, հայերէնի բառամթերքէն փոխ առնուած զանազան բառերով, այն աստիճան, որ ալ սկսաւ դդումի համ տալու: Այդ միտքը հետեւեալն է. – Ով որ ոստիկանական կեդրոնին գրաւումին դէմ է, ուրեմն վարչակարգին հետն է:

Եղա՞ւ: Ուսուչիցներէս մէկը կ՛ըսէր. «Ասի եղաւ հայերէ՞ն»:

Լենինի կը վերագրուի այն խօսքը, որ «ով որ մեզի հետ չէ՝ մեր դէմն է»: Ռուսիոյ մէջ համայնավար յեղափոխութեան ու քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք, այս միտքը հիմքերէն մէկը հանդիսացաւ նորահաստատ վարչակարգի բռնատիրութեան:

Ամբողջ Պաղ պատերազմի տարիներուն, այս միտքը աւեր գործեց համաշխարհային հանրային կարծիքին մէջ (այսինքն թէ՛ Խ. Միութեան եւ թէ դրամատիրական Արեւմուտքի մէջ), արգելակեց մարդկային ազատ միտքի, բանականութեան զարգացումը: Բարեբախտաբար սակայն, եղա՛ն այս մտայնութեան դէմ պայքարող մտաւորականներ ու գրողներ, ինչպէս՝ Արթըր Միլըր, Կոր Վիտալ, Ժան-Փօլ Սարթր ու շատ ուրիշներ: Մարդկային յառաջադէմ մտածողութեան այս ներկայացուցիչները յաջողեցան ահազանգ հնչեցնել ու ընդգծել այն ծանր վտանգը, որ իր մէջ կը պարունակէր «կա՛մ մեզի հետ, կա՛մ մեր դէմ» մտայնութիւնը:

Տասնամեակներ պէտք եղաւ, մինչեւ որ համաշխարհային թատերաբեմին վրայ սկսաւ զարգանալու քաղաքական նոր ուղղութիւն մը, 1950ական թուականներու սկիզբները, երբ Ժաուահարլալ Նեհրու (Հնդկաստան), Եոսիփ Պրոզ – Թիթօ (Եուկոսլաւիա), Կամալ ապտըլ Նասեր (Եգիպտոս) եւ ուրիշներ փորձեցին քաղաքական վարքագիծի վերածել այս մտածողութեան նկատմամբ իրենց ընդդիմութիւնը, հիմնելով Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումը (Non-Aligned Nations): Կրնայ առարկուիլ, որ այս շարժումին յարած երկիրները ամբողջութեամբ զերծ չէին խորհրդային կամ արեւմտեան պարտադրանքներէն. սակայն իրականութիւնը այն է, որ այս շարժումին ղեկավարները դիմադրեցին աշխարհը սեւ կամ ճերմակ տեսնելու մտածողութեան, առաւել կամ նուազ յաջողութեամբ:

Հայկական իրականութեան մէջ եւս այս «կա՛մ, կա՛մ» մտածողութիւնը իր աւերը գործեց, իբրեւ բաժանարար գիծ՝ Սփիւռքի հայութեան պարագային (Խ. Հայաստանի մէջ այս նիւթին քննարկումն իսկ արգիլուած էր, հասկնալիօրէն): Մինչեւ որ 1960ական թուականներուն հայ քաղաքական միտքը (յատկապէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պարագային) եկաւ ըսելու, որ Հայաստանի ու հայութեան շահերը գերիվեր են բոլոր այլ տեսակի արեւելումներէն:

Այս գաղափարն էր, որուն շնորհիւ ստեղծուեցաւ քաղաքական գործակցութեան այն հասարակաց դաշտը, ուր միասնաբար ներկայացան ու գործեցին հայկական 3 կուսակցութիւնները 1965էն սկսեալ (ՍԴՀԿ, ՀՅԴ եւ ՌԱԿ):

Տարբեր խօսքով, յստակօրէն սկսաւ բանաձեւուելու ուղղութիւն մը, որուն ամէնէն ցայտուն արտայայտութիւնն էր ՀՅԴ օրգան «Ազդակ Շաբաթօրեակ- Դրօշակ»ի 6րդ թիւին մէջ (1969-70) լոյս տեսած խմբագրականը, Սարգիս Զէյթլեանի գրիչով, ուր կ՛ըսուէր.

«Կը հարցնենք ուղղակի.- Ի՞նչ է հայ ժողովորւդի քաղաքական գերագոյն նպատակը:

Կը պատասխանենք անվարան.- Հայ Դատի լուծումը, Միացեալ Հայաստանի եւ անկախ ու ամբողջական հայութեան վերակերտումը: Վերահայացումը Հայկական լեռնաշխարհի եւ հայրենացումը տարասփիւռ հայութեան», այսքան յստակ:

Նոյն խմբագրականը կը շարունակէ ըսելով՝ «…հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու ապահովութիւնը արտաքին արեւելումի հարց չէ անպայման, այլ գլխաւորաբար՝ ներքին ամրութեան… էականը այն չէ, թէ մենք որո՞ւ հետ ենք եւ ի՛նչ չափով թեր ենք այս կամ այն քաղաքական արեւելումին կամ ճակատին. էականը այն է, թէ ո՛վ թեր է եւ հետամուտ է Հայ Դատի լուծման եւ ինչ համեմատութեա՛մբ թեր է»:

Դաշնակցական քաղաքական միտքին համար նաեւ յստակ էր մէկ բան (նոյն խմբագրականին մէջ), որ «մենք դէմ ենք բոլոր անոնց, որոնք Հայ Դատը կ՛ուզեն վերածել ռուսական հարցի մէկ բաղկացուցիչ մասնիկին, նաեւ բոլոր անոնց, որ զայն պիտի ուզէին արեւմտաեւրոպական կամ ամերիկեան հարցին մէկ բաղկացուցիչ մասին վերածել»:

Այս մտածողութիւնը հիմնաքարը կը հանդիսանայ հայութեան ու Հայաստանի շահերը ամէն բանէ վեր դասելու վարքագիծին, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը հաճելի չթուի հայ կամ օտար քաղաքական հոսանքներու կամ ուժերու:

Համաշխարհային ընկերային, տնտեսական, քաղաքական կամ այլ տեսակի զարգացումներուն մենք կը մօտենանք բացառապէս Հայաստանի ու հայութեան շահերու ակնոցով: Բնականաբար նաեւ, եւ աւելի շեշտուած կերպով, նոյն ակնոցով կը դիտենք Հայաստանի՛ մէջ արձանագրուող նոյնանման զարգացումները: Այս մօտեցումին արդիւնքն է Հայաստանի մէջ ներկայ (ու ինքզինք շատոնց սպառած) կառավարման համակարգը հիմնովին բարեփոփոխելու ուղղութեամբ մեր մղած պայքարը: Այս ուղղութեամբ առաջին քայլերը առնուեցան սահմանադրութեան վերամշակումով ու հանրաքուէով:

Այս ճիգը ոչ միայն իշխող վարչակազմին (իր բոլոր յենարաններով), այլ ամբողջ համակարգին նկատմամբ մեր որդեգրած հակոտնեայ դիրքորոշումին արդիւնքն էր (եթէ գոհ ըլլայինք, ալ ինչո՞ւ փոխելու մասին մտածէինք): Իսկ երբ կ՛արձանագրուին այնպիսի զարգացումներ, որոնք կրնան վնասել սահմանադրական փոփոխութիւններով սկսած քաղաքական գործընթացին, կամ որոնք կրնան վտանգաւոր նախընթացներ ստեղծել մեր պետականութեան համար, ատոր նկատմամբ եւս մեր դիրքորոշումը յստակ է՝ դէմ ենք:

Դէմ ենք մեր երկրին ներքին կեանքին մէջ հարցերը զէնքի ուժի սպառնալիքով լուծելու որեւէ փորձի, ինչպէս որ դէմ եղանք ինքզինք սպառած ու ձախողած կառավարման համակարգին: Երբ կ՛ընդդիմանանք ոստիկանութեան կողմէ գործադրուող բռնարարքներուն, չի նշանակեր, որ համամիտ ենք կատարուող գրգռութիւններուն:

Ոչ ոք թող փորձէ հանրութեան պարտադրել «կա՛մ մեզի հետ, կա՛մ մեր հետ» էապէս վնասակար մտայնութիւնը: Այս ուղղութեամբ եւս, մեր ժողովուրդին առողջ բնազդը եւ բանականութիւնը իր խօսքը ունի ըսելիք:

28 Յուլիս 2016
Լոս Անճելըս
[email protected]
«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Տպել Տպել