Ակնարկ. Առանց Քաղաքներու Անուանանշումներուն

Հայաստանի Հանրապետութեան հասարակութեան, իշխանութիւններու եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեանի փոխանցած խօսքին հետեւեալ բաժինը պէտք է առնել լուսարձակի տակ

«Մենք որեւէ մէկին թոյլ չենք տալու, որ քայքայի մեր պետութեան հիմքերը: Զէնքով եւ բռնութեամբ Հայաստանում հարցեր չեն լուծուելու:

Երեւանը Պէյրութ կամ Հալէպ չէ: Նախորդ դարաշրջանի` Սառը պատերազմի տարիների լուծումները թող ոչ մէկը չփորձի Մերձաւոր Արեւելքից ներմուծել Հայաստան: Թող սա չհասկացողները ուսումնասիրեն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատմութիւնը կամ այսօր դեռ ծաւալուող` Սիրիայի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքները եւ իրենց եզրակացութիւնները կատարեն դրանցից»:

Հետեւելով ելեկտրոնային մամուլին մէջ լոյս տեսած մեկնաբանական յօդուածներուն թէ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած գրառումներուն` անհրաժեշտութիւնը զգացինք կեդրոնանալ այս հատուածով փոխանցուած ուղերձի էութեան վրայ:

Մինչ, թէ՛ ֆէյսպուքեան գրառումներով եւ թէ՛ «Ազդակ»-ին յղուած ելեկտրոնային նամակներով հարցումներ ստացանք, թէ նախագահի խօսքի նկարագրականին մէջ, մեր թերթը ինչո՞ւ շրջանցած էր Երեւանը Պէյրութի կամ Հալէպի հետ չշփօթելու բաժինը: Այս շրջանցումը ինքնին, գուցէ հասկնալիօրէն տեղի տուած էր տարատեսակ մեկնաբանութիւններու` «տպելու նիւթ չէ»-էն մինչեւ կուսակցութեան դիրքորոշումին նկատմամբ քարացած մնալու եւ իշխանութիւններուն ծառայելու մեղադրանքները: Յայտնենք անմիջապէս, որ օրուան հրամայականը, պահու ծանրութիւնը եւ նախագահին փոխանցած ուղերձին մէջ տեղ գտած շատ աւելի առաջնային խնդիրներ, ինչպէս` հիմնական փոփոխութիւններու ժամը հնչած ըլլալը եւ ատոր իբրեւ գործնական տնօրինում համաձայնական կառավարութեան կազմութեան որոշումը, գրաւած էին մեր խմբագիրներու լուսաբանման լուսարձակները:

Արաբատառ «Տիար» թերթին կողմէ նախագահի այդ հաստատումին վեր առնուիլը որոշակի մտահոգութիւններու դուռ բացաւ, անմիջապէս մտաբերել տալով տարիներ առաջ պաշտօնական Պէյրութի յղած բողոքի նամակը` ի տես ֆրանսերէնի պաշտօնական բառարանին մէջ «լիբանանականացնել» բային հոմանիշերու ձեւակերպումները (պառակտել, քայքայել, կազմաքանդել): Առնուազն անտեղի պիտի նկատուէր լիբանանցի հասարակութեան կողմէ քաղաքներու այս համեմատութիւնը:

Բայց հիմա փորձենք ամփոփ ձեւով ներկայացնել նախագահի խօսքը լիբանանահայ թէ ընդհանրապէս ընկերային-ցանցային հասարակութեան աշխուժ մասնակիցներուն մօտ յառաջացուցած զգայնութիւնները նկատի ունենալով` առանց բաժնելու անպայման անոնց արդարացիութիւնը:

Այսպէս. ըստ այդ հրապարակումներուն, նախագահը կ՛ակնարկէ ներհայկական առումով պառակտիչ, եղբայրասպան կռիւներու, որոնք պաղ պատերազմի հետեւանքով բաժանարար խոր անջրպետներ յառաջացուցած էին հայութեան տարբեր հատուածներու մօտ. Պէյրութը, Հալէպը կամ Միջին Արեւելքը յատկապէս կը նշուի եւ կը կապուի եղբայրասպանութեան պարզ այն պատճառով, որ Էրեբունիի զինեալ երեւոյթին կամ անոր աջակիցներուն հետ կապուած են անուններ, որոնց կազմաւորման միջավայրը եղած է Միջին Արեւելքը, յատուկ` Լիբանանը, ուր զէնքի միջոցով հարց լուծած են մասնակցելով լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին կամ հակաթուրք զինեալ պայքարին:

Նման մեկնաբանութիւն զարգացնելու ենթահող պատրաստած էին քաղաքական այլ գործիչներ, երբ համայնքային տրամաբանութիւնը հակադրած էին պետականին` շեշտելով, որ Երեւանի մէջ զինեալ գործողութիւն կազմակերպողներուն եւ անոնց աջակցողներուն մօտ հարց լուծելու եղանակները կազմուած են միեւնոյն միջավայրերուն մէջ, ուր որոշում տուողը, դատողն ու գործադրողը միեւնոյնն կեդրոններն էին, միեւնոյն անձերը: Այս արդէն սահմանը հատող վերլուծում էր, որուն նպատակը բաժանարար գիծ յառաջացնելն էր Միջին Արեւելքէն հայրենադարձ եղողին եւ հայրենի հատուածին միջեւ: Չարդարացուած գաղափարախօսութիւն մը, որ չէր վերաբերէր միայն Էրեբունիի գործողութեան:

Խօսեցանք մեկնաբանութիւն զարգացնելու ենթահող տրամադրած ըլլալու իրականութեան մասին: Եւ եթէ չըլլային նախընթաց նման մեկնաբանութիւնները, նախագահին խօսքը գուցէ ընկալուէր ոչ հայկական առնչութիւններով եւ աւելի հարազատ` իր պարունակին:

Այսպէս. պաղ պատերազմի հետեւանքով ներլիբանանեան մակարդակի վրայ ծաւալեցան ներքաղաքացիական բախումներ: Այդ մթնոլորտի դէպի Երեւան արտահանման կամ ներմուծման որեւէ փորձ պէտք է բացառել, կը շեշտէ նախագահը: Նոյն իրավիճակը Լիբանանի մէջ կրկնուեցաւ 70-ական թուականներուն, երբ միջդաւանական համագոյակցութիւնը խախտեցաւ` տեղի տալով դարձեալ միջհամայնքային եւ միջկուսակցական զինեալ բախումներու: Այստեղ արդէն հայկական գործօնը միաւորուած հանդէս եկաւ ազգային-քաղաքական զանազան հանգամանքներու նկատառումներով: Հետեւաբար հայկական զուգահեռը այստեղ նկատի առնուելու հիմք ու պատճառ չէր կրնար ունեցած ըլլալ:

Եւ որովհետեւ կը խօսուի այսօր դեռ ծաւալուող սուրիական պատերազմին մասին, աւելի համոզիչ կը դառնայ այն, որ սուրիահայ համայնքի կամ միջինարեւելեան հայութեան հետ աղերսի կամ զուգահեռի ուղղութեամբ չի զարգանար տրամաբանութիւնը: Այս հանգրուանին սուրիահայութիւնը բոլոր ժամանակներէն աւելի միասնական դիրքերու վրայ կը գտնուի, իբրեւ միացեալ շտապ, իբրեւ թեմական կառոյցներ, իբրեւ օժանդակութեան մարմիններ:

Նախագահի խօսքը ուղղակիօրէն կը վերաբերէր զինեալ երեւոյթներու եւ բախումներու, ուստի Լիբանանն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը համեմատելը տնտեսական ոլորտներու մէջ թէ ժողովրդավարութեան աստիճանաչափերու վրայ, գէթ այս պարագային չեն օգներ կատարուած յայտարարութիւնը առարկայական գնահատելու աշխատանքին:

Տարբեր հարց, որ աւելի լաւ էր, որ քաղաքներու անուանանշում ընդհանրապէս չկատարուէր նախագահի խօսքին մէջ: Ո՛չ միայն լիբանանահայերը կամ սուրիահայերը, այլեւ ամբողջ սփիւռքն ու հայրենաբնակ հայութիւնը հաշտ աչքով պիտի չընկալէին, եթէ որեւէ երկրի նախագահ Երեւանի անուան նշումով իր պաշտօնական մէկ խօսքին ընթացքին փորձէր բնութագրել բացասական երեւոյթ մը:

Կ՛ուզենք հաւատալ, որ նախագահը ոչ հայկական առնչութիւններու հետ կ՛աղերսէր իրավիճակի մը բնութագրումը եւ անոր դէպի Երեւան ներմուծման բացառումի անհրաժեշտութիւնը: Որովհետեւ այժմու նախագահը եւ նախկին պաշտպանութեան նախարարը, ինչպէս նաեւ գործող պաշտպանութեան նախարարը լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան ընթացքին նահատակուած տղոց յուշարձանը այցելելով թէ հայապաշտպանութեան գործին իրենց արիւնը տուած եւ զէնքի ճամբով ամբողջ համայնքը փրկած տղոց վաստակը գնահատած են յատուկ պաշտօնական գիրերով:

Եւ նման հայրենանուէր եւ համայնքանուէր գործերու համար նախագահին համար ալ միեւնոյնը պէտք է ըլլայ, թէ զինեալ հայ մարդը գործած է Պէյրութի մէջ, Հալէպի թէ Երեւանի:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել