Սեւրի դաշնագրի թրքական մղձաւանջը

FotorCreatedԱյսօր, 96 տարիներ ետք, Օգոստոս 10, 1920ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը տակաւին կը շարունակէ մղձաւանջ պատճառել Թուրքիոյ հանրապետութեան։ Ի տարբերութիւն Միջին Արեւելքը Անգլիական եւ Ֆրանսական ազդեցութեան գօտիներու վերածող 1916ի Սայքս Փիքոյի համաձայնագրին, Սեւրի դաշնագիրը ուղղակի կը պարտադրէր Օսմանեան Թուրքիոյ մայր հողատարածքի անդամահատումը՝ յանուն արդարութեան։ Այս արդարութիւնը գլխաւորաբար կը կեդրոնանար պատմականօրէն եւ իրաւականօրէն Հայաստանի մը կազմութեան նպատակին վրայ։

Ճիշդ այս նպատակն է որ մինչեւ այսօր մղձաւանջ կը պատճառէ եւ պիտի շարունակէ պատճառել Թրքական որեւէ իշխանութեան, քանի որ բռնագրաւումի իբրեւ հետեւանք առաջացած Արեւելեան Թուրքիան պատմականօրէն ու իրաւականօրէն Արեւմտեան Հայաստանն է, Հայութեան հազարամեակներու բնօրրանը։ Սեւրի Դաշնագիրը ճիշդ այս իրողութիւնն է որ ամրագրած է։ Այս իրողութիւնն է որ տասնամեակներէ ի վեր մղձաւանջ կը պատճառէ Թուրքիոյ։

Սեդօ Պոյաճեան

Սեդօ Պոյաճեան

Ճիշդ է Սեւրի Դաշնագիրը մնաց անվաւեր։ Բայց ան չէ կորսնցուցած իր բարոյական եւ քաղաքական հեղինակութիւնը։ Սեւրի Դաշնագրի անվաւեր մնալու հանգամանքը նաեւ տակաւին անլոյծ կը պահէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջնական սահմանագծումի հիմնական հարցը։

Այդ հարցի լուծման համար Թուրքիա դիմեց եւ կը շարունակի դիմել այլատեսակ քայլերու, որպէսզի վերջնականօրէն հաստատէ իր եւ Հայաստանի միջեւ սահմանագծումներու իրաւական փաստը։

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան շրջանին, երբ Պոլշեւիկեան սադրանքներու եւ թրքական հարուածներու միջեւ Հայաստանի կառավարութիւնը անկարող դարձած էր ի գործ դնել երկրի սահմաններու ամբողջականութեան պահպանումը, զօրավար Քազիմ Ղարաբեկիր Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրեց Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը, այն ակնկալութեամբ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւականօրէն կը հրաժարի Սեւրի դաշնագրէն։ Սակայն, այս խաղը տեղ չհասաւ, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ եւ նախկին վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեան Ալեքսանդրապոլի դաշնագրի բանակցութիւնները դիտաւորեալ կերպով ձգձգեց մինչեւ Դեկտեմբեր 3, 1920ը, երբ դաշնագիրը վերջապէս ստորագրուեցաւ։ Սակայն այս դաշնագիրը վաւերական եւ իրաւական ուժ չունէր, որովհետեւ Դեկտեմբեր 3, 1920ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն իսկ դադրած էր գոյութիւն ունենալէ։ Միւս կողմէ, Ղարաբեկիր ինքը, իբրեւ Օսմանեան կառավարութեան դէմ ըմբոստացող Քեմալ Աթաթուրքի ներկայացուցիչ, ոչ մէկ իրաւասութիւն ունէր Օսմանեան Թուրքիոյ անունով նման համաձայնագիր ստորագրելու։ Հետեւաբար, Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը իրաւական որեւէ արժէքէ ու հեղինակութենէ զուրկ փաստաթուղթ մըն է։

Այսուհանդերձ, թրքական կողմէ շարունակեց որոնել այլ միջոցներ, փարատելու համար Սեւրի Դաշնագրի իր մղձաւանջը։ Այս անգամ առիթը կը ներկայանար 1921ի Կարսի Դաշնագրի ճամբով, երբ արդէն իսկ Հայաստան խորհրդայնացած էր եւ ենթակայ՝ խորհրդային կարգերու։ 1921ին Կարսի մէջ ստորագրուեցաւ դաշնագիր մը՝ Խորհրդային Հայաստանի եւ Մուսթաֆա Քեմալի ներկայացուցիչներուն միջեւ, ուր կը հաստատուէր Թուրքիոյ եւ Հայաստանի այժմու սահմանագծումը։ Սակայն, այս դաշնագիրը եւս իրաւական հիմքերէ զուրկ էր, քանի որ թրքական կողմէն Մուսթաֆա Քեմալի ներկայացուցիչը չէր լիազօրուած պաշտօնական Օսմանեան կառավարութեան կողմէ, միւս կողմէ Հայաստանի բոլշեւիկ իշխանութեանը պարտադրուած այս պայմանագիրը կրկնութիւնն էր նոյն թուականի մարտին Մոսկուայում կնքուած, երրորդ երկրի ճակատագիր որոշող ռուս-թրքական պայմանագրի։

Հոկտեմբեր 10, 2009ին Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքի մէջ ստորագրուած Հայ-Թրքական արձանագրութիւնները («Փրոթոքոլները») կը հանդիսանան Սեւրի դաշնագրի մղձաւանջի փարատման թրքական նորագոյն փորձը։ Այս զոյգ արձանագրութիւնները, որոնք թիւրիմացաբար կը ներկայացուէին իբրեւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման միջոցառում, իրականութեան մէջ կը հանդիսանային ոչ իսկ փամփուշտ մը կրակելով Հայաստանի առանց նախապայմանի անձնատուութիւնը՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան:

Ցիւրիխի մէջ նշեալ արձանագրութիւններու ճամբով Թուրքիա կը յուսար իրականացնել այն ինչ չէր կրցած իրագործել Յուլիս 24, 1923ին, երբ զուիցերիական այլ քաղաքի մը մէջ կնքուեցաւ Լօզանի դաշնագիրը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու արդէն բացայայտօրէն ակներեւ դարձուցած էր թրքական այս յոյսը : Ստորագրութենէն մի քանի օր առաջ, Հոկտեմբեր 8ին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ան շեշտեց թէ Հայաստանի հետ կայանալիք այս արձանագրութիւնները պիտի հաստատեն Լօզանի դաշնագիրով ճշդուած Թուրքիոյ սահմանները:

Ընդմիշտ խաբկանքի վարպետ Տաւութօղլու «փրոթոքոլ»ները կը ներկայացնէր իբրեւ ամբողջացումը միջազգային օրէնքի հիմամբ ընդունուած անցեալի իրաւական մէկ փաստաթուղթին: Այսինքն, «փրոթոքոլ»ները կը հանդիսանային Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ներկայ սահմաններու հաստատման համար Լօզանի դաշնագիրէն պակսող օղակները:

Ասիկա Տաւութօղլուի կողմէ իրաւական աճպարարութեան մէկ փորձ էր՝ բաւարարելու համար շարունակուող Սեւրեան մղձաւանջը։ Սակայն, հակառակ Լօզանի, մղձաւանջը մղձաւանջ ըլլալէ չէր կրնար դադրիլ։

Առաջին, հակառակ տարածուած թիւրիմացութեան, 1923ի Լօզանի դաշնագիրը չփոխարինեց եւ չէր կրնար փոխարինել 1920ի Սեւրի դաշնագիրը: Այս երկուքը էին եւ տակաւին կը մնան իրարմէ տարբեր երկու դաշնագիրներ, որոնք կ՛առնչուին իրարմէ տարբեր կողմերու եւ նիւթերու:

Երկրորդ, միջազգային օրէնքի տրամադրութեամբ, Լօզանի դաշնագիրը չբարեփոխեց եւ չէր կրնար բարեփոխել Սեւրի դաշնագիրը, որովհետեւ իւրաքանչիւրը այս դաշնագիրներէն խնդրոյ առարկայ կը դարձնէր տարբեր ստորագիրներ, ինչպէս նաեւ տարբեր նպատակներ, հարցեր եւ բաղադրեալներ: Իրականութեան մէջ, Լօզանի դաշնագիրի տրամադրութիւնները որեւէ տեղ ու որեւէ ձեւով չեն ակնարկեր Սեւրի դաշնագիրը բարեփոխելու կամ փոխարինելու առաջադրութեան:

Երրորդ, Սեւրի դաշնագիրը դաշնակից ուժերու եւ Օսմանեան Թուրքիոյ միջեւ խաղաղութեան հաստատման ընդհանուր դաշնագիր է, ուր յատուկ կերպով տեղ գտած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ վէճը՝ տրամադրելով հայութեան հատուցում, սահմանելով Հայաստանի քաղաքական գոյութիւնը եւ ճշդելով Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանները՝ ըստ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին:

Լօզանի դաշնագիրին նպատակը սահմանափակ է: Անոր խորագիրն է «Մերձաւոր Արեւելքի մասին Լօզանի Խորհրդաժողովը, 1922-1923»: Անոր հիմնական նպատակն է կարգաւորել 1919-1922 Յոյն-թրքական պատերազմը: Անոր ստորագիր կողմերը կը հանդիսանային միայն անոնք, որոնք առնչութիւն ունին այդ պատերազմին: Արդ, այս դաշնագիրը չէր ներառներ Հայաստանը եւ չէր կարգաւորեր Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանային վէճը:

Ուստի, միջազգային օրէնքի ծիրէն ներս, Տաւութօղլուի վարկածը թէ «փրոթոքոլ»ներու ստորագրումը պիտի հաստատէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանները՝ ըստ Լօզանի դաշնագիրի տրամադրութեանց, պարզապէս անհիմն էր: Հայաստան ո՛չ կողմ էր եւ ոչ ալ նիւթ էր այդ դաշնագիրին համար:

Խորքին մէջ, Լօզանի դաշնագիրը անուղղակի ակնարկութեամբ վերահաստատումը կատարեց Սեւրի դաշնագրով Ուիլսոնեան Իրաւարարութեան վճիռին հիմամբ ճշդուած Հայաստանի հողատարածքային սահմաններուն: Այս վերահաստատումը կատարուեցաւ դաշնագիրի յօդուած 16ի միջոցով, ուր Թուրքիա կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւատիրութենէն բոլոր այն տարածքներուն մէջ, որոնք մաս չեն կազմեր Լօզանի դաշնագիրի քննարկման:

Հետեւաբար, Սեւրի դաշնագրի թրքական մղձաւանջը կը շարունակուի։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Տպել Տպել